Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Շունչ

Մայիս 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Գասպար Իփէկեան» միաւորի երիտասարդական թատերախումբին ներկայացումը նոր շունչ եւ մթնոլորտ կը բերէ լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ:

Հրայր Գալեմքէրեանի բեմադրութեամբ եւ տասնեակ մը երիտասարդ տղոց ճիգերով բեմ բարձրացած Նիլ Սայմընի «Լէոն»-ի առաջին ներկայացումին ներկայ գտնուեցայ:

Երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն դուրս ելայ, երեք զգացումներ ապրեցայ:

Ա.- Իբրեւ համազգայնական` նախ հոգեկան մեծ հրճուանք մը ունեցայ, որովհետեւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնէն ծնած ուժերով կրցած էինք իրագործել այս ներկայացումը:

Երգի, նուագի, կերպարուեստի, պարի մարզերէն ետք, այսօր Հրայր Գալեմքէրեանը կու գայ թատերական մարզէն ներս իր առաջին քայլը առնելու:

«Լեւոն Շանթ» կեդրոնի հիմնադիրներուն երազն էր, որ օր մը տեսնեն, թէ մենք մեր ուժերով թատրոն ունենանք, եւ այսօր այդ առաջին քայլը առնուած է:

Բ.- Մթնոլորտ եւ շունչ: Բեմն ու սրահը երիտասարդութեամբ լեցուն ըլլալը իսկապէս գօտեպնդիչ եւ յուսադրիչ երեւոյթ է: Կը հաւատամ, որ մթնոլորտը եւ շունչը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան սերունդներու դաստիարակութեան վրայ: Կը հաւատամ, որ թափուած ճիգը նոր ծիլեր կ՛արձակէ, եւ նորերը կը ծնին այս մթնոլորտէն: Այս տղաքը յատուկ գուրգուրանքի եւ քաջալերանքի պէտք ունին, որպէսզի նոր սկիզբ մը ունենանք թէ՛ իբրեւ թատրոն, թէ՛ իբրեւ հանդիսատես:

Գ.- Ներկայացումը: Այսօրուան մեր պայմաններուն մէջ եւ մանաւանդ մարդուժի իրապաշտ տագնապին դիմաց` Հրայր Գալեմքէրեանը եւ իր շուրջը հաւաքուած տղաքը` Նժդեհը, Հերմինէն, Անժելինան, Սէրուժը եւ միւսները մէկ ամբողջութիւն մըն էին բեմին վրայ: Նախ` թատրերգութիւնը ոչ թէ սիրած էին, այլ` լաւապէս մարսած, ընտելացած, նոյնացած տիպարներու հետ: Երկրորդ` նոր ոճով եւ հետաքրքրական մէջբերումներով, երաժշտութեամբ, տէքորով, տարազով եւ անցումներու ճկուն ձեւերու որդեգրումով ընդհանուր հաճելի եւ լաւ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Այս բոլորէն անդին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գասպար Իփէկեան» միաւորի այս տարուան ներկայացումը խիզախ քայլ մըն է, որպէսզի թատրոն-ժողովուրդ կապը աւելի անմիջական ըլլայ, մանաւանդ` երիտասարդական մակարդակով:

Նոր շունչ եւ ոգի ստեղծող այս նախաքայլը կը մնայ միայն ողջունել եւ մեծ յոյսեր կապել մեր շուրջը դէպի զառիվայր գացող մթնոլորտէն բոլոր մակարդակներու վրայ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութին Դիմագրաւած Դժուարութիւններուն

Յաջորդը

Յաղթապանծ Մեր Դրօշը

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In