Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Հերոսական Դաշտերու «Շուրջպար»-ը (28 Մայիս)

Մայիս 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայի ապագան` դրա տոկուն կամքի մէջ է: Ու այդ ապագան նոյնքան մեծ պիտի լինի, որքան մեծ էր անցեալի տանջանքը:

Մնացէք հաւատացող այդ մեծ ապագային, գաղթական հայրենակիցներ: Եղէք հաւատացող` իբրեւ յեղափոխական, անվեհեր` իբրեւ ֆետայի, տոկուն` իբրեւ հայ, եւ ազատութեան նաւը կը փրկուի, որքան եւ դառնաշունչ լինի քամին, որքան եւ փոթորկոտ` ալիքը քաղաքական:

Է. Ակնունի

Գաղտնիք չէ, որ հայոց դաշտերն անգամ պարել գիտեն, այդ ալ` շուրջպար: Անոնք պարել սորված են պատմութեան ամենախոր ժամանակներէն ի վեր: Եւ իրենց այդ սքանչելի արարքով կրցեր են հայոց հայրենիքը` իր լեռնաշխարհով ու սրբազան դաշտերով, պահել ու պաշտպանել:

Իսկ ո՞վ է եղած անոնց պարուսոյցը, որ համբերատար եւ անկոտրում կամքով կրցեր է այսքան դարեր ուսուցել, հոգի մաշեցնել, շունչ հատցնել, միտք ու կորով սպառել, քրտինք ու արիւն շաղախել յանուն հողի պարարտացման եւ ջրդեղման:

Եւ ի զարմանս աշխարհին, ասպատակուած եւ թալանուած մեր դաշտերը իրենց ներքին դիմադրականութեան շնորհիւ կրցեր են վերստին կանգնիլ ու տէր ըլլալ իրենց կոչումին` շարունակել պարը, յղկել ժայռերը, ակօսել արգասաբեր արտերը եւ հաւատալ վաղուան ու բնութեան հրաշք զօրութեան:

Այսպէս հազարամեակներ շարունակ հայոց դաշտերը ստեղծած են իրենց ներքին երաժշտութիւնը, ապրելու եղանակը, լոյսին բերելով համանուագ մը ինքնին, որով կարողացած են սնանիլ, նորոգուիլ, թարմանալ եւ աւելի հայանալ:

Չէ՞ որ իրենց ուսուցչապետը` մեր պապերու պապ Հայկ նահապետը եղած է ազնուազարմ ու քաջարի, վեհանձն ու առաքինի, եւ որուն սխրանքներուն մեծագոյնը` արժանապատուութեան տէր կանգնելու զգացողութիւնը, թոյլ չէ տուած, որ ան երկնչի ու տկարանայ ամենադաժան թշնամիներու դիմաց, այլ ընդհակառակը, ապաւինելով իր սեփական բազուկին եւ առանձնայատկութեան, սորված է ներուժ ամբարել եւ տոկալ, այլապէս դիմադրել կարենալու պատմութեան անողորմ դասաւորումներուն:

Արդ, պէտք չէ շփոթի մատնուիլ ի տես հայոց դաշտերու շուրջպարին, որուն եթէ երբեք ակունքը Վան-Մուշ-Տոսպի դաշտերն են եղած, ապա անոնց ճառագայթող շողերը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի դաշտերուն վրայ իրենց հանգիստն են գտած:

Այլապէս ինչպէ՞ս տեսնել այդ հուժկու, հզօր ու երփներանգ ճառագայթներու գեղեցկութիւնն ու ապրիլ անոնց խորհուրդը, ինչպէ՞ս ըմբռնել Արցախի հրաշափառ լեռներու թէ սուրբ դաշտերուն վրայ արձանագրուած նորովի յաղթանակի կանչն ու երգը, մերօրեայ ազատամարտիկի ու վրիժառուի միասնութեան պարը, որ աղօթքի նման համակեց ազգը համայն եւ հրդեհեց նորահաս սերունդի հոգիներն անգամ:

Ինչպէս մօտիկ անցեալին, թուրք զազրութիւնը շահագործելով միջազգային քաղաքական ու զինուորական խօլ մրցակցութիւնը, իր մարդակեր Քարապեքիրներն ու անոր ենթակայ գունդերը շարժեց դէպի Արարատեան ու Շիրակի դաշտեր,  հայութիւնն ու Երեւանը խեղդելու իր օրրանին մէջ, նոյնպէս ալ թուրք-ազերի վայրագութիւնը փորձեց բնաջինջ ընել արցախահայութիւնը եւ փշրել հայոց` ապրելու դարաւոր երազն ու ոգին:

Սակայն, ի փառս հայոց` դաշտերու որոգուած քրտինքին ու արեան, հայութիւնը գտաւ իր ուժը եւ կրկին գիրկընդխառնուեցաւ իր սրբազան դաշտերուն եւ ստեղծեց նոր օրերու շուրջպարը: Փաստօրէն հայոց ընդերքէն ճայթքող որոտումի եւ ցասումի երաժշտութիւնը կրցաւ միացնել դաշտերն ու լեռները եւ զանոնք մղել դէպի յաղթանակի կատարներ:

Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վեց հարիւր տարուան անհայրենիք ապրելու վիճակը, ստրկութեան դաժան լուծը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու ցաւը, պետականութենէ զուրկ ըլլալու տառապանքն ու կոտորածներու ահաւորութիւնը, պահ մը զգաստութեան հրաւիրեց իր դաշտերուն ընդերքին եւ լեռներու կատարին ապաստան գտած հայոց ոգին, որպէսզի վերյառնի ու բորբոքի, շնչէ ու շառաչէ եւ ազգը մղէ գոյութենական պայքարի դաշտեր:

Այո՛, հայոց դարաւոր դաշտերը ծարաւ էին ազատութեան, անկաշկանդ ու  արժանահաւատ կեանքի, որուն համար ազգը պէտք էր պատրաստ ըլլար իր զուլալ արիւնը շաղախելու հողին, շունչը` օդին եւ կամքը` բազուկին:

Փաստօրէն, 20-28  մայիսի 1918-ի օրերը ո՛չ միայն ահաւոր ու անհաւասար ճակատամարտերու տարեգրութիւնը կ՛ընդգրկեն, այլեւ` մեր հերոսական դաշտերու վրայ հայոց աստուածութիւններու սխրանքը: Եղեռն ապրած ժողովուրդի մը մնացորդացը որոշեց վերականգնիլ ու յաղթել թշնամիին, հաւատաց իր բազուկին ու հարուածեց, ոտքի ելաւ ու արշաւեց, ըմբռնեց, թէ օտարի ժպիտն ու խրատները, պարզապէս մեղրածոր թոյնի սրսկումներ էին եւ ինքնասպանութեան առաջնորդող բարբաջանքներ:

Ու այդ քանի մը օրերուն ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ հայոց դաշտերու շուրջպարին` միասնութեան կամքին, երբ մանաւանդ երեք ճակատներու վրայ թուրքին յարձակումները այնքան սարսափազդու էին եւ սահմռկեցուցիչ, որ հայ շինականը, լեռնցին ու զինուորն անգամ պահ մը շշմած ու խուճապի մատնուած, մտածեց դատարկել գիւղերը, նոյնիսկ` Երեւանը:

Ցաւ ի սիրտ, նահանջի ու թշնամիին յանձնուելու տրամադրութիւնը տակաւ հող կը շահէր: Հայրենիքի գոյութիւնը վտանգուած էր, ազգային ինքնութիւնը ենթակայ էր բնաջնջումի, Հայաստանը պիտի ջնջուէր ազգաց քարտէսի վրայէն:

Դժոխային այդ պայմաններու մէջ, հայոց դաշտերը ծնունդ տուին այնպիսի հերոս ֆետայիներու, սքանչելի հրամանատարներու եւ տիքթաթոր առաջնորդի մը, որոնց հերոսագրութիւնը դեռ դարեր պիտի յիշուին իբրեւ անօրինակ քաջութիւն եւ ազգային գիտակցութեան եզակի արտայայտութիւն:

Իրօք, սարսափի մատնուած ժողովուրդի ու կարգ մը ղեկավարութեան ցուցաբերած նահանջի տրամադրութիւնները բաւարար էին, որ Արամի նման մեծութիւն մը կայացնէ իր պատմակշիռ որոշումը` «Երեւանը չենք դատարկի», ու անյապաղ լծուի կազմակերպչական աշխատանքի:

Իսկ ո՞վ էր այս տիպարը, որ կրցաւ ամբողջ ժողովուրդի մը վստահութիւնը շահիլ եւ դառնալ օրուան խիզախ հրամանատարը: Ան ինչպիսի՞ կազմաւորում ունէր, որով կրցաւ ներշնչել ազգի բոլոր բաղադրիչ տարրերը եւ զանոնք մղել դէպի գոյամարտ: Ան ուրկէ՞ վաստկած էր այնքան փորձառութիւն եւ կազմակերպչական տաղանդ, որուն ենթարկուեցան ժողովրդային լայն շերտեր: Աւելի՛ն. այս համեստ ու նուիրեալ հայորդիին ներաշխարհը, միտքն ու հոգին ինչպիսի՞ շաղախ ունէր, որ կարողութիւնը ունեցաւ ամբողջ ժողովուրդ մը պատերազմի դաշտ առաջնորդելու:

Գաղափարապաշտ Արամը դաշնակցական դաւանանքի ու գործի մէջ թրծուած այն ֆետային էր, որ ճիշդ ատենին մարմնաւորեց իր ժողովուրդին երազն ու ոգին եւ ապահովեց յաղթանակի դրօշը եւ զայն նուիրեց յետնորդ սերունդներու:

Արամ Մանուկեան ղեկավարը, որ կեդրոնական դէմքն էր Ազգային խորհուրդին, դարձաւ մեծութիւնը իր շրջապատին: Ան սկիզբ դրաւ արդի հայոց պետական մտածողութեան եւ խարսխեց այն համոզումը, որ հայութիւնը չի կրնար գոյատեւել առանց երկու արժէքներու` հայրենի հողին ու անոր վրայ ուժեղ կանգնած հայոց պետականութեան:

Ճիշդ է, որ իր շուրջը հաւաքուած բազում նուիրեալներ` ֆետայապետ, զօրավար ու քաղաքական գործիչներ իրենց կարգին ցոյց տուին առասպելական յանդգնութիւն, ռազմական հմտութիւն, քաղաքական հասունութիւն եւ ազգային կեցուածքի առաւել տոկունութիւն, այդուամենայնիւ անոնց ոգին հանդիսացաւ Արամը, Կարսի առաքեալն ու Վանի նահանգապետը, որ հունաւորեց դէպի յաղթանակ տանող ճանապարհը եւ իբրեւ ազգապաշտ հայորդի լուսաւորեց ամբողջ ազգի ապագան:

Ան, շնորհիւ իր անզուգական կերպարին ու շունչին, հայ մարդու հոգիին ու մտքին մէջ կոթողեց ազատ ու անկախ ապրելու նուիրական արժէքը եւ պատգամեց տէ՛ր կանգնիլ հայրենի հողին:

Եւ հայութիւնը իր կարգին անմնացորդ նուիրուեցաւ յանուն դարաւոր երազի իրականացման, ոտաբոպիկ եւ սոված նետուեցաւ հայոց դաշտերը եւ իր արեամբ որոգեց զանոնք: Հայը ուժգին յաղթանակ տարաւ իր դարաւոր թշնամիին վրայ եւ ծունկի բերաւ գազանաբարոյ ճիւաղը` թրքութիւնը:

Այսօր հայոց պետականութիւնը վերականգնած ճշմարտութիւն մըն է, որուն հիմքը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնն է: Եթէ երբեք հայ քաղաքական ու պետական միտքը կ՛ուզէ արժեւորել իր սեփական պատմութիւնը, դասեր քաղել անցեալէն, ապա պարտաւոր է տիրութիւն ընել եւ արժեւորել իր հարազատ զաւակը, որուն անշուք, բայց հրաշափառ շիրիմը կը շարունակէ ճառագայթել եւ լուսաւորել սերունդներու հոգին:

Ու դեռ կը սպասէ դաշնակցական Արամ Մանուկեան իր քարակերտ կոթողի կանգնեցման, այդ ալ Երեւանի սրտին, իբրեւ յուշարար հաւատամքի եւ համանուագ յաղթանակներու շուրջպարի:

Ազգն ալ իր կարգին կը սպասէ` Հայաստանի անկախութեան հռչակման 100-ամեակին ընդառաջ:

 

 

Նախորդը

Մայիս 28-ն Ու Իր Խորհուրդը

Յաջորդը

Անկախութեան Պատկանելիութիւնը Ազգային Ինքնութիւն Կը Յայտնաբերէ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?