Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պրաւօ՛, Փո՛լ, Պրաւօ՛, Լոս Անճելը՛ս

Մայիս 31, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Լոս Անճելըսի հետ առեւտրական գործակցութիւն զարգացնելու համար հանդիպումի պատրաստուող թուրք գործարարներ քանի մը ապտակ ստացան` ի լուր հանդիպումը ջնջելու Լոս Անճելըսի Առեւտրական գրասենեակի որոշումին:

Նախատեսուած էր, որ 25 մայիսին Լոս Անճելըսի այս գրասենեակը հիւրընկալէր աւելի քան տասնեակ մը թուրք գործատէրեր` գործակցութեան ծրագիրներ մշակելու համար: Լոս Անճելըս ընթացք տուաւ արդարութեան ու մարդու արժանապատուութեան կանչին:

Թուրք գործատէրերուն առաջին ապտակը տուաւ ջնջումի առաջարկը բերող քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանը, երկրորդը` առաջարկին ընդառաջող գրասենեակը, իսկ ամէնէն շառաչուն ապտակը, հաւատաք թէ ոչ, տուաւ նոյնինքն… Թուրքիոյ նախագահը` Էրտողան, որ Ուաշինկթընի մէջ իր թիկնապահները մղեց վարուելու այնպէ՛ս, ինչպէս կը վարուին բռնատիրական Թուրքիոյ մէջ:

«Պրաւօ»-ի արժանի են թէ՛ Փոլ Գրիգորեանը եւ թէ՛ Առեւտուրի գրասենեակը, որոնք ցոյց տուին, թէ օրէնք, ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող պետութեան մը հետ չեն ուզեր գործ ունենալ: Հիմա թուրք գործարարներուն կը մնայ հաշիւ պահանջել սուլթանական հովեր առած իրենց նախագահէն:

Նման արգելակումի համար անպայման պէտք չէ սպասել ապրիլ 24-ի օրերուն, ինչպէս պատահեցաւ շուրջ 2 ամիս առաջ, Օրենճ Քաունթիի մէջ, ուր կարեւոր յաղթանակ մը տարինք… Կը բաւէ, որ մեր աչքերն ու ականջները բաց պահենք թրքական խայտառակ յելուզակութիւններու դիմաց, որովհետեւ Էրտողան ու գործակիցները, նաե՛ւ Ալիեւի Պաքուն պատրաստ են օր աւուր սկուտեղի վրայ անհամար առիթներ ընծայելու մեզի եւ իրենց ոճրային վարմունքին ենթակայ ժողովուրդներուն:

Նոյնքան կարեւոր է միջոցներ գտնել` «անկիւնը դնելու» համար ճերի պրաունները, թրամփներն ու ֆլինները, որոնք պատրաստ են Միացեալ Նահանգները վերածելու թուրք ու ազերի ոճրագործներուն խաղալիքին: Պէտք է զգաստութեան բերել ամերիկացի զանգուածը, դաժան իրականութիւններուն վրայ բանալ անոր աչքերը, որպէսզի չսպասէ, որ թրքական ոճիրները, բռնադատութիւնները անպայման իր հողին վրայ կատարուին: Նոյնը` Թուրքիան ու Ազրպէյճանը շահադիտական նպատակներով դարպասող միւս մեծերուն պարագային:

… Կը թուի, որ Եւրոպան սկսած է աւելի՛ արթուն վարուիլ, որովհետեւ թրքական ոճիրներուն ցաւերը կը զգայ իր մորթին վրայ: Սակայն ինչո՞ւ սպասել հոն հասնելու:

Իսկ մեզի ու ճակատագրակիցներուս կը մնայ մի՛շտ պատրաստ ըլլալ «երկաթը տաք-տաք ծեծելու». անվհատ ծեծել, մինչեւ իսկ երբ մեր առաջին հարուածները ձեւ-կերպարանք չեն տար շիկացած երկաթին:

Այս մուրճը գործածելու համար պէտք է միանան պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու ժողովրդային բոլոր ձեռքերը:

23 մայիս 2017

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Ֆրանչիսկոս. «Աղօթեցէք Ինծի Համար» (Հեղինակ` Սարգիս Նաճարեան)

Յաջորդը

Հերոսներու Կտակով…

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?