Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Ծնունդի 100-ամեակի Նախօրեակին. Միտքի Ու Գաղափարի Հիմերուն Ամրացումը Ազնիւ Մարտահրաւէր

Մայիս 27, 2017
| Անդրադարձ
2
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը կարճ ժամանակի մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով ո՛չ միայն անջնջելի հետքեր թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի պատգամներ ունի իրերայաջորդ սերունդներուս, այլ նաեւ կը հանդիսանայ հանգրուանային կամուրջ մը, որ իրարու կը կապէ մեր ազգային-քաղաքական զարթօնքի ժամակաշրջանն ու  Ա. հանրապետութեան յաջորդած փուլերը:

Մայիսեան հանրապետութիւնը խորքին մէջ գումարն էր այն զարգացումներուն, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկսած են արձանագրուիլ Էջմիածինի պատմական ժողովով ու Իսրայէլ Օրիով, կտրած են 18-րդ ու 19-րդ դարու ճակատագրական հանգրուանները` Հայաստանի վրայ ռուսական ազդեցութեան սկզբնաւորումէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ ու Պերլին, մինչեւ զինեալ պայքարի ձեւաւորում, կուսակցութեանց կազմաւորում եւ հերոսամարտեր, յանգելու համար Ցեղասպանութեան յաջորդած Սարդարապատին ու Բաշ Ապարանին, որոնք սեփական բազուկին վստահելով` ազգային պետութիւն կազմելու եւ պահպանելու պատգամը մարմնաւորեցին: Այս իմաստով, Հայաստանի անկախ պետականութեան ծնունդը թագադրումն էր մօտաւորապէս երկուք ու կէս դարու հոլովոյթի մը եւ մեկնակէտը` նոր դարաշրջանի մը:

1918-ի հանրապետութիւնը բիւրեղացուց ազգային շօշափելի արժէքներ` բանակ, պետական կառոյցներ ու հաստատութիւններ եւ դեռ` շա՜տ ու շա՛տ բաներ, իսկ 1919-ին, արեւմտահայոց ներկայացուցիչներուն խորհրդարան մուտքով, կենսական ու գործնական առաջին քայլը առնուեցաւ Միացեալ Հայաստանի արարման ճամբուն վրայ: Միացեալ Հայաստանի տեսլականը այդ օրերէն մեզի հասած գլխաւոր կտակներէն մէկն է, ու մենք լծուած ենք անոր կենսագործման: Վկայ` Արցախի մէկ մեծ մասին սեփական բազուկներով Հայաստանի վերամիացումը…

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կամուրջի դերը կարելի է տեսնել մեր Դատի իրականացման ճամբուն առնուած այն քայլերուն մէջ, որոնք յաջորդեցին Հայաստանի խորհրդայնացման փուլին, նախ` Ազգերու լիկային ու միջազգային այլ բեմերու վրայ քաղաքական աշխատանքով, անոնց հիմամբ` ՄԱԿ-ի մակարդակին վրայ մեր Դատին հետապնդման վերականգնումով` 1965-ի նախօրեակին ու անկէ ետք, մասնաւորաբար 70-ական տարիներէն սկսեալ, ապա նաեւ` հակաթուրք ուժական պայքարով, որուն նորագոյն արձագանգը եղաւ ու կը մնայ արցախեան ազատամարտը: Եթէ Սարդարապատն ու 1918-ի Հայաստանի ստեղծումը մարմնաւորումն էին «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» խօսքին, տարբեր չէր, այսօր ալ տարբեր չէ խորքն ու իմաստը Արցախի մէջ մղուող ճակատումներուն ու ինքնապաշտպանական հերոսամարտերուն, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքական աշխարհի «տրամաբանական հաշիւներ»-ուն, «մեծեր»-ու կողմէ ինքնորոշում եւ սեփական ճակատագիրի տնօրինում հետապնդող ժողովուրդներուն պատրադրուող «տարազներուն», այլ ընդհակառակն, գործնապէս տակն ու վրայ կ՛ընեն այդ հաշիւները, կը մարմնաւորեն «մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն» երգի ոգին:

***

Դժուարին պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ մեր հանրապետութիւնը եւ կուրծք տուաւ դաժան շրջապատի մը. ան իր կեանքն ու հետքեր ձգած իրագործումները կերտեց մէկ կողմէ դրացիներու հետ ճակատումներու, իսկ միւս կողմէ գաղթականներու մեծաթիւ ներկայութեան պատճառով` տեսական կրկնակօրէն ծանր վիճակը բարելաւելու կամքով, առանց մոռնալու քաղաքական-դիւանագիտական բեմերուն վրայ պարտադրուած անբաղձալի ազդեցութիւնները` «թրքական սալն ու պոլշեւիկեան մուրճը»:

Բնականաբար կարելի չէ, պէ՛տք չէ պատմական որեւէ ժամանակաշրջան բաղդատութեան դնել այլ ժամանակաշրջանի մը հետ, որքան ալ որ նմանութեան գիծեր տեսնուին հինին ու նորին միջեւ, սակայն նաեւ հրամայական է անցեալի պայմաններուն իրազեկութիւնն ու անոնց լոյսին տակ նորին, այժմէականին գնահատումը:  Եթէ ա՛յս մօտեցումով դիտենք մեր այսօրը, դժուար չէ տեսնել, որ անկախ հանրապետութեան վերականգնումէն ասդին, այսինքն` վերջին 25 եւ աւելի տարիներուն, Հայաստան ու մեր ժողովուրդը այսօ՛ր ալ կը դիմագրաւեն դաժան կացութիւններ, որոնք հետեւանք են արտաքին ու շրջանային հարկադրանքներու, տակաւին` ներքին վիճակը բարեփոխելու ձգտող քայլերուն ու անոնց դիմաց կանգնող ներքին արգելակներուն:

Հայաստան այսօ՛ր ալ իր դիմաց ունի թուրք ու ազերի թշնամին, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով պատերազմական վիճակի մէջ կը պահեն մեր հայրենիքն ու անոր բնակչութիւնը, սրտի անկանոն տրոփումներ կը պատճառեն հայրենիքի վիճակով տագնապող արտերկրի զաւակներուս: Աշխարհի ճակատագիրը տնօրինելու լծակները մենաշնորհի վերածող մեծերը այսօ՛ր ալ առաւելաբար շահադիտական տրամաբանութեամբ, եւ ո՛չ թէ ազգերու ինքնորոշման ու տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան-յարգումին տրամաբանութեամբ կը վարուին մեզի նման «փոքր»-երու հետ, կոյր կը ձեւանան Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն անմարդկային ու հակաժողովրդավար վերաբերմունքներուն դիմաց, պատրաստ են յարմարագոյն գինով «ծախելու» իրաւատէրն ու արդարը:

Այս իմաստով, Հայաստանը շրջապատող ու մեր պետութեան ներուժը կլանող շրջանային ու միջազգային կացութիւնները նո՛յնքան դաժան են ու, տակաւին, մատնուած են մաֆիական շրջանակներու «խիղճ»-ին. այս վիճակը կարելի չէ՛ ու պէտք չէ՛ մտահան ընել, երբ կը փորձենք գնահատել կամ քննադատել հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը: Այլ խօսքով, բացասական վիճակներուն մէջ պէտք է լաւ կշռադատել արտաքին հարկադրանքներուն հետեւանքներն ու անոնց հետ քայլ պահելու կարգ մը ազդեցիկ իշխանաւորներու վարմունքը, որ յաճախ զանոնք կ՛առաջնորդէ մասնակի շահերու հետամտութեան այն ուղին, որ իբրեւ «բնական ընթացք» սկսած է նուիրագործուիլ թէ՛ մեր հայրենիքին եւ թէ՛ ընդհանրապէս աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ, վիճակ, որ ոչ մէկ արդարացում կամ մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց ունի: Այլ խօսքով, եթէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ եւրոպական ու ասիական երկիրներու մէջ փոքրամասնութեան մը տիրակալութիւնն ու մենաշնորհներու դրութիւնը «վաւերական» կը դառնայ «օրինական» միջոցներով` ի նպաստ նիւթական հզօրանքները իրենց ձեռքերուն կեդրոնացնող փոքրամասնութեան մը, մեր հայրենիքին ու մեզի նման պայքար մղող ժողովուրդներու-երկիրներու մէջ նման «օրինականացում» չի կրնար արդարացուիլ, հանդուրժողութեամբ դիտուիլ:

Ահաւասիկ ա՛յս իրողական պայմաններուն մէջ է, որ ծնունդ առաւ մեր վերանկախացման ու Արցախի վերատիրացման շարժումը` 80-ական տարիներու վերջերուն, կտրեց բազմաթիւ ճակատագրական հանգրուաններ եւ մեզ հասցուց այսօրուան: Եթէ մայիսեան հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ հազիւ 12.000 քառ. քմ տարածութեամբ, եւ հակառակ պարտադրուած անհաւասար կռիւներու` յաջողեցաւ սեփական բազուկո՛վ  նուաճել հայկական տարածքներ, Սեւրի դաշնագիրով քաղաքական ժառանգ մը ձգեց Արեւմտեան Հայաստանի կարգ մը բաժինները Հայաստանի Հանրապետութեան վերամիացնելու իմաստով, սեպտեմբերեան Հայաստանը այդ կտակին տէր ու կատարողը եղաւ` Արցախին վերատիրանալով, հակառակ շրջափակման ու փրոթոքոլներուն ձախորդ ուղեգիծին:

Վերջին շրջանին մէկէ աւելի գիծերու վրայ արձանագրուեցան ռազմական ու քաղաքական-դիւանագիտական նոր նուաճումներ ալ, թէեւ անոնք մնացին արցախեան զարգացումներուն եւ ներքին քաղաքական բեմի իրադարձութեանց լուսանցքին վրայ: Մէկ կողմէ Իրանի հետ գործակցական յարաբերութեանց բարելաւումը, միւս կողմէ` Վրաստանի հետ գործակցական գիծերու բացումը, ու տակաւին, եւրոպական դաշտի մէջ ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններ, Չինաստանի ու Ծոցի ուղղութեամբ կատարուած յառաջդիմութիւններ կարելի չէ աննկատ թողուլ եւ բաւարարուիլ անոնց լոկ առեւտրական երեսով: Ապրիլեան պատերազմը այլապէս դրաւ դրական կնիքներ` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ, հակառակ անոր որ այդ օրերուն ու անկէ ետք ստեղծուեցան նաեւ բացասական  պատկերներ, ինչպէս` սահմանային փոքր տարածքի մը կորուստն ու փոխզիջումներու տրամաբանութեան սեղան վերադարձը. պէտք է անգամ մը եւս շեշտել, որ յատկապէս հող զիջելու ընտրանքը մերժուած է ու մերժելի կը մնայ հայութեան համար, որ տէրն է ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի կտակին ու հաւատարիմ` այդ երթին: Արցախի մէջ 2016-ի ապրիլին ու անկէ ասդին օր աւուր շարունակուող ճակատումներն ու ազերիական ոտնձգութիւնները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», մեր թիւֆենքը մե՛նք պէտք է սազենք…

Եթէ արտաքին գիծերու վրայ վերը յիշուած իրագործումները կը դիտենք արտաքին ու շրջանային գետիններու վրայ նուաճումներու անկիւնէն, կարելի է այս սիւնակին մէջ տեսնել նաեւ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններն ու աւելի քան վեց ամիս առաջ կազմուած կառավարութեան սկզբնաւորած բարեշրջական քայլերը, որոնք հրապարակ եկած են երկրի տնտեսական-ընկերային վիճակը բարեփոխելու եւ ապօրինի կացութիւնները սրբագրելու հաւաստիքներով: Այսուհանդերձ, զանգուածին համար կը մնան մեծ հարցականներ, թէ` նախագահական դրութենէ խորհրդարանականի անցումը, օրէնքի գերակայութեան ու մենաշնորհներու սահմանափակման հետամտութիւնը որքանո՞վ թարգմանութիւն պիտի գտնեն… շպարայինէն անդին: Փաստօրէն, կատարուած խոստումներ կամ ճամբաներու կուպրապատման պէս աշխատանքներ բարենիշի պէտք չէ սպասեն, որովհետեւ անոնք կ՛իյնան ժողովուրդին ու երկրին ընթացիկ կեանքը բարելաւելու պետութեան ամէնէն պարզ պարտականութիւններուն ճամբուն մէջ: Սպասելի է, աւելի՛ն, հրամայական է, որ Հայաստան-Արցախ երկրին կարողականութիւնները ի սպաս դրուին ժողովուրդի զանգուածին, քաղաքին ու գիւղերուն` հաւասարապէս, որպէսզի հայն ու մանաւանդ երիտասարդ սերունդը կարենայ երկու աչքերով իր ապագան տեսնել հայրենիքին մէջ, իր ներուժը դնէ սեփական ընտանիքին ու անոր ճամբով` հայրենիքին բարգաւաճման, կարճ ժամանակի մէջ վերջ դրուի արտագաղթի հիւծող ալիքներուն, երկիրը այսօրուան աշխարհին թելադրած ամէնէն տարրական միջոցներն ու դիւրութիւնները ընծայէ իր բոլոր զաւակներուն:

Ուրախալի է, օրինակ, որ Իրանի սահմանին վրայ պիտի ստեղծուի «ազատ գօտի», արաբական ու եւրոպական երկիրներէ ներդրումներ պիտի ապահովուին, սակայն աւելի՛ կարեւորը` ստեղծուող այս ասպարէզները չգործեն միայն ի նպաստ մենաշնորհեալ խմբակներու եւ զանոնք հովանաւորող օտար խմբակներու, ինչպէս որ է վիճակը երկրի բնական հարստութեանց ու ճարտարարուեստի-երկրագործութեան որոշ կալուածներու շահագործման, այլ անոնցմէ գոյանալիք նիւթական եկամուտներէն արդար բաժին հասնի պետութեան ու անոր ճամբով` գործածուին քաղաքաշինական ու գիւղաշինական ծրագիրներու, որակական բարելաւում յառաջ բերեն ենթակառոյցին ու զանգուածներու կենցաղային վիճակին մէջ:

***

Իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդը մայիսեան հանրապետութեան, այսօր մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, նա՛եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը կը կանգնին այլ հրամայականի մը դէմ յանդիման: Այդ ալ` գաղափարական մթնոլորտին` Միտքին վերականգնումն է մեր հայրենիքին մէջ ու անոր ճառագայթումը, արտացոլացումը` աշխարհացրիւ հայութեան կեանքին մէջ:

Պետական կառոյցներու, բանակին ու կրթական հաստատութեանց վերականգնումին, «ազգայնացման» ու բարելաւման ճիգերը պէտք է ունենան ուժեղ յենարան մը` գաղափարական ենթահողը. այս նախադրեալը եղած է ու կը մնայ մեր անկախ հայրենիքին խոցելի վիճակներէն մէկը: Քառօրեայ պատերազմէն ետք ու մասնաւորաբար անոր տարեդարձի օրերուն հայրենի պետութիւնը հրապարակ եկաւ ժողովրդային բանակի գաղափարով, ցուցահանդէս կազմակերպեց ու զէնքն ու զինամթերքները շօշափելի դարձուց աշակերտներուն, երիտասարդներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին: Սա դրական զարգացում է, եթէ չմնայ խորհրդարանական ընտրութեանց օրերուն տեղի ունեցած բազմաճիւղ քարոզչութեան պարունակին մէջ:

Անկէ աւելի՛ կարեւորը` վերականգնումն է ազգային-ընկերային գաղափարներուն, եւ այդ` ոչ միայն պատմական հերոսներու այլապէս դրական, բայց սահմանափակ-սահմանափակող պատգամներուն դիտանկիւնէն, այլ` պատմական-ընկերաբանական ամէնէն լայնածիր պարունակին մէջ:

Պէտք չունինք շատ ետ երթալու. հազիւ երկու ամիս առաջ, ընտրութիւններու նախօրեակին ու անկէ ետք, բազմաթիւ ձայներ բարձրացան, եւ` արդարօրէն, մատնանշելու համար, որ ընտրապայքարը առաւելաբար «առեւտրական» տրամաբանութեամբ մղուեցաւ, շահակցական, մասնակի շահերու-վնասի մօտեցումով պատասխանատուներ կառավարական եւ կուսակցական պաշտօններէ-դիրքերէ հեռացան, դաշինքներ կազմուեցան նոյն տրամաբանութեամբ եւ երկար ատեն պաստառներ գրաւող դէմքեր մէկ օրէն միւսը աներեւութացման մատնուեցան: Այս բոլորին մէջ, ամէնէն դրական զարգացումը, վստահաբար, «խաղաղութեան դիմաց հողային զիջում-ի տրամաբանութեան պարտութիւնն էր ու զայն դրօշի վերածողներ»ուն մերժումը, սակայն ատիկա հազիւ թէ կարելի է դիտել ազգային գաղափարաբանութեան պարունակին մէջ: Անդին, անյետաձգելի հրամայական է Հայաստանի մէջ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ խոստացող դրութեան մը հիմնաւորումը, որուն գլխաւոր ու ամէնէն կենսական աղբիւրը այդ առաջադրանքին մարմին տուող համակարգերու իրականացումն է:

Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին, շուկայական տրամաբանութիւնն ու դրամատիրական ներածուած ա՛ն-գաղափարականութիւնը իրենց մականին ենթարկած են իշանութի՛ւնն ալ, տնտեսութի՛ւնն ալ, ժողովո՛ւրդն ալ: Համայնավարական դրութեան 70 տարիները հզօր ազդեցութիւն ունեցան Գաղափարին քայքայման մէջ, որովհետեւ այլապէս զանգուածներու բարիք խոստացող` «Աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք» նշանախօսքով ճամբայ ելած դրութիւնը վերածուած էր չյայտարարուած դրամատիրութեան մը ամէնէ՛ն տխրահռչակ ձեւին, ու այսօր, երբ Հայաստանի կամ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ խօսք կ՛ըլլայ ընկերվարութեան մասին, ատիկա կը դիտուի համայնավարութեան ձախողած դրութեան պրիսմակէն, անկախ այն իրողութենէն, որ Եւրոպայի մէջ թէ այլուր, ընկերվարութեան դրօշին տակ տասնամեակներ շարունակ բարիք բերած կուսակցութիւններ ու խմբաւորումներ վերջին տասնամեակներուն իրենց կարգին ինկած են Գաղափարը խորտակողի ընթացքին մէջ. Ֆրանսայի նախագահական վերջին ընտրութեանց մէջ պատմական կուսակցութիւններու, աւանդական մրցակիցներու աղաղակող ձախողութիւնը պերճախօս վկայութիւն եղաւ:

Հայաստանի մէջ թէ այլուր, զանգուածները կը տարուին մտածելու, որ գաղափարները հիմք գործածող դրութիւննե՛րն են, որ սխալական են, ձախողութիւններու, անահաւոր անհաւասարութիւններու պատճառը, մինչդեռ անոնց սխալ կիրարկումը, աւելի՛ն, մարդոց ու երկիրներու կեանքէն անոնց վանո՛ւմն է աղէտալի վիճակներու պատճառը: Աւելի պարզօրէն բացատրելու համար կրնանք տալ օրինակը կրօնական վարդապետութեանց ձախողեցման: Կանուխ միջնադարէն սկսեալ քրիստոնէութեան անունով խաչակրութիւններն ու մինչեւ 20-րդ դարու վերջերը` եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ քրիստոնէութեան անունով մղուող արիւնալի հակամարտութիւնները չեն կրնար մթագնել այս վարդապետութեան մարդկային ու մարդացնող-մարդկայնացնող արժէքները, ինչպէս որ այսօր, Միջին Արեւելքի, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի ու Ծայրագոյն արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ շարունակուող ահաւոր ոճիրները պէտք չէ դիտել մահմետական, հնդկական եւ այլ կրօններու վարդապետութեանց ձախողութեան բովանդակութեան մէջ:

***

Այսօր, երբ մօտաւորապէս 100 տարուան հեռաւորութենէ կը դիտենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, կը կանգնինք մեր պատմական հողերուն վրայ անկախ պետականութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձի նախօրեակին, ազգովին, իբրեւ իշխանութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, ազգային հաստատութիւններ եւ, մէկ խօսքով, հայութեան կեանքին մասնակից որեւէ միաւորի մասնիկներ, կը գտնուինք բազմերես մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք չեն գար միայն արտաքին անբարենպաստ ու երբեմն մեր կամքէն անդին զարգացող պատճառներէ, այլ պէտք է անդրադառնանք, իրազեկ դառնանք, որ մեր հայրենիքին վերականգնումի եւ ժողովուրդին ապրուստի-կեանքի բարելաւման բազմաթիւ լծակներ կը գտնուին բացառապէս մեր ձեռքերուն մէջ:

Միտքի՛, իսկական մտաւորականութեա՛ն վերարժեւորումն ու վերականգնումը կարեւոր ենթահող են այս իմաստով, սակայն գաղափարը, ինքնին, չ՛երաշխաւորեր բարեշրջումն ու զարգացումը: Նոյնքան կարեւոր է հայրենիքի շահերն ու ազգային երազները պարփակող ճշմարիտ գաղափարներու գործնական քայլերով կիրարկումը: Որքա՜ն դիւրին է թուղթի վրայ գեղեցիկ ծրագիրներ արձանագրելը, որքա՜ն դիւրին է անոնց հիմամբ ժողովուրդը խոստումներով օրօրելը… Սակայն այդքան ալ դժուար չէ այդ բոլորին կենսագործումը, երկար կամ կարճ ժամկէտներով գործնական ծրագիրներու կիրարկումը: Հայրենաշինութիւն եւ պետութեան կառուցման առաջադրանքները կ՛անցնին աղքատութեան ու արտագաղթի ախտերուն դարմանումէն:

Պաշտօնական, կիսապաշտօնական ու միջազգային տեղեկագիրներու համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան մէջ աղքատներու համեմատութիւնը կը տարուբերի 24 առ հարիւրէն… 75 առ հարիւրի միջեւ: Հայաստանի պետական պարտքը հասած է 6 միլիառ տոլարի (ու եթէ ընդունինք, որ բնակչութեան թիւը 3 միլիոն է…) եւ, տնտեսագէտներու նախատեսութեամբ` հակամէտ է մագլցումի: Դեռ երէկ, Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրապայքարի օրերուն, բարեկեցիկ ու «հնադարեան» թաղամասեր այցելող մրցակիցները, առանց անդրադառնալու, ամէն օր ցուցադրեցին, թէ մայրաքաղաքի՛ն մէջ իսկ որքա՜ն լքուած ու բարեփոխման կարօտ շրջաններ կան, եւ խոստումներ շռայլեցին` դարմաններ բերելու: Նման բացայայտումներու ականատես եղանք Հայաստանի տարբեր շրջաններու, նա՛եւ սահմանամերձ գօտիներուն մէջ, երբ Ազգային ժողովի թեկնածուներ ընտրապայքարի իրենց կառքերը տարին այս կամ այն քաղաքն ու գիւղը: Պերճախօս ապացոյցներու ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս սահմանային գիւղեր կը պարպուին, մինչդեռ բոլորն ալ կը ճառեն հայրենիքի պաշտպանութիւնը նախամեծար համարելու բառամթերքով…

Նման ճշմարտութիւններ արձանագրելու կամ տեսնելու համար ո՛չ պէտք ունինք ծուռ նստելու, ո՛չ ալ ծակ-գլուխ կոչուելու: Անհրաժեշտ է ձերբազատիլ նաեւ այն մտածումէն, որ այս բոլորը Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին հարցերն են, արտերկրացի հայը պէտք չէ նման մատնանշումներ ընէ, միջամուխ ըլլայ Հայաստանի «ներքին հարցեր»-ուն: Անցեալին ալ, այսօր ալ պարզ ճշմարտութիւն է, անվիճելի ճշմարտութիւն պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանը, իր այսօրուան ու վաղուան հողերով, ամբո՛ղջ հայութեան հայրենիքն է:

***

… 99 տարի առաջ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր հազարաւոր թշուառ ու անօգնական գաղթականներու ծանր բեռը իր ուսերուն վերցուցած, դրացիներու պարտադրած պատերազմներուն եւ համայնավարական հովերու ներշնչումէն բարձրացող ալիքներուն տակ ճնշուած, ոչինչէն շա՜տ բան իրականացուցած սերունդը իրաւա՛մբ խենթերէ կազմուած էր, որ ելք ու ճարի դուռերը փակ տեսնելով հանդերձ, հնարքներ ստեղծեց անկախ պետութիւն-հայրենիք եւ զայն մարմնաւորող արժէքներ շօշափելի դարձելու համար:

Անկախ Հայաստանը, իր Սարդարապատով, Արամ Մանուկեաններով, Խատիսեաններով, Արարատեաններով, Նազարբէկեաններով, Դրոներով, Շանթերով, Աղբալեաններով, Արմէն Գարոներով, սպայակոյտով ու ֆետայական գունդերով, բանաստեղծին բառերով` հնարք գտնող խենթերու ամբողջ «բանակներ»-ով` հիւանդ ծնած երեխայի վիճակ ունեցող 1918-ի Հայաստանը շուրջ երկու տարուան մէջ դրին բարեշրջման ճամբու մէջ. անոնց անձնական գրպանները չուռճացան, ինչպէս կը պատահի այսօրուան Հայաստանին մէջ, այլ անդրանիկ հանրապետութիւնը վերածեցին անցեալ դարաշրջանը գումարող հանգրուանի ու մինչեւ մեր օրերը երկարող կամուրջի. այդ հիմերն էին, որ հզօրանքը կը ներշնչեն շրջանցելու ու յաղթահարելու համայնավարութեան բազմաթիւ թափօնները:

Մեզի կը մնայ 100-ամեակը վերածելու կամրջումի նոր փուլի մը, որ հիմնաքար ծառայէ ազգ-պետութեան ամրակայման, ապահովութեան կռանման եւ ընկերային արդարութեան ժողովրդականացման: Եւ ինչպէս որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ մեր աչքերը արդէն ուղղած էինք դէպի նոր տասնամեակներ, սկսած էինք մեր Դատին հետապնդումը տարածել ցարդ անկոխ տարածքներ, նոյնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը պէտք է դառնայ հայրենիքի ամրակայման ու ապագային հետ կամուրջներ երկարելու հանգրուան մը, որովհետեւ առանց նման տեսլականի, առանց միտքի ու գաղափարի ճշմարիտ արժեւորման ո՛չ հայրենիքը եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը կրնան պայծառ հեռանկարներ ունենալ:

Իսկ հայրենիքը միայն հող ու պետական կառոյցներ չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է, իր հայրենաբնակ ու արտերկրի տարածքներով, ժողովուրդ, որ պարտականութիւնն ու իրաւո՛ւնքը ունի սեփական հողին վրայ բարգաւաճելու, թուական ու տնտեսական աճ արձանագրելու, ձերբազատելու ներքին ու արտաքին ամէն տեսակի մենաշնորհէ եւ արգելակող գործօններէ, մի՛շտ ու առաւելաբար վստահելով սեփական բազուկին:

20 մայիս 2017

Նախորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկեան Բանակի Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքի Ղեկավարին. Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութիւնը Անխուսափելի Է

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Comments 2

  1. Garo Bardizbanian says:
    6 years ago

    “Vartzked Gadar” Sarkis M. Djan.
    With great attentivenes and strong belief I read your above constructive Political Analysis of our 99th Independence Aniversary of our “Hayrenik” Hayastan Yergir Armenia. A very realistic presentation where we should not hesitate to pinpoint and state real facts and reveal present living conditions and Politacal status for a better way of living day to day improvement of our people staying and breathing on National Land – Armenia and Artzakh. Thank you for your present Article which I believe is translated into a deep and mature political approach. However I think we should not forget to support and get tied more with the Political “Treaty of Serve” for the 100th, where a Map was drawn for Lands which belongs to their Historical owners Armenians. A very strong defendable “International Document”.
    Please let us read more of your Political Articles.
    Garo Bardizbanian

    Reply
  2. Garo Bardizbanian says:
    6 years ago

    Սիրելի Սարգիս Մ. Ճան.
    Մեծ հաճույքով ու ուշադրութեամբ կարդացի ՀՀ Անկաթեան 99 ամեանի գրութիւնդ. Լուրջ քաղաքական խոր մտածողութեամբ արտահայտւած մտքերդ յուսամ իրենց հասցեներուն կը հասնի ու մանավանդ 100 ամեակին առթիւ չեն մորնար ամուր կարջիլ հիմնական ու Իրաւացի Միջազգային Բասդաթղթին “Սեվրի Դաշնագրի” պահանջատիրութեան ուր գծուած հողամասերով կը նշուի իրաւացի տերը այդ հողերուն որն է Հայ Ժողովուրդն ու Հայ Պեգութիւ

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In