Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Պետականակերտ Հերոսամարտերու Յաղթական Ոգիով

Մայիս 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս տարին յատկանշական է հայութեան ժամանակակից պետականութեան հիմնադրութեան տարեդարձի նշումին իմաստով: Յատկանշական է այն առումով, որ արդէն միայն տարի մը մեզ կը բաժնէ այս փառապանծ իրադարձութեան 100-ամեակէն: Այսպիսի օրուան մը ընթացքին, 99 տարի առաջ, բուն Հայաստանի տարածքին պետականութեան անկումէն 9 դար ետք եւ ընդհանրապէս հայկական պետականութեան անկումէն 6 դար ետք, Արարատեան դաշտին մէջ հիմերը կը դրուէին ժամանակակից հայկական պետականութեան, հայոց անկախ օճախին:

Այդքան ալ դիւրին չընթացաւ հայկական անկախ պետականութեան վերահաստատումը հայոց հողին վրայ: Կար փանթուրանական վտանգի դամոկլեան սուրը, որ արեւմտահայութիւնը հնձելէ ետք կախուած էր արեւելահայութեան գլխուն վերեւ: Ռուսական յեղափոխութենէն եւ ցարական վարչակարգի տապալումէն ետք ռուսական զօրքերը քաշուած էին դէպի Ռուսիոյ խորքերը, այս պայմաններուն մէջ հայութիւնը ինքզինք առանձին գտաւ թրքական վտանգին դիմաց: Օսմանեան կայսրութիւնը նպատակադրած էր միանալ Անդրկովկասի թաթարներուն` կենդանացնելու համար համաթուրանական մեծ ծրագիրը, եւ այս պայմաններուն մէջ, Արեւմտահայաստանի այն տարածքները, որոնք ռուսական զօրքերուն եւ հայկական կամաւորական գունդերուն կողմէ ազատագրուած էին 1917-ին, ետեւ-ետեւի վերստին ինկան թրքական տիրապետութեան տակ: Կարին, Երզնկա, Տրապիզոն, Վան, քանի մը ամսուան ժամանակամիջոցին, գրեթէ առանց ոչ մէկ դիմադրութեան, ինկան: Նոյն ձեւով ինկան նաեւ Կարսը եւ Ալեքսանդրապոլը: Հայութեան ազատ մնացած հատուածը կցկուած էր Երեւանի նահանգին մէջ եւ Սեւանայ լիճին շուրջ, իսկ թրքական զօրքերը կը պատրաստուէին վերջին հարուածը հասցնել հայութեան` Երեւանը գրաւելու ճամբով:

Այստեղ էր, որ ի յայտ եկաւ հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկուն` Արամ Մանուկեանի հանճարը: Հայկական քաղաքական ղեկավարութեան կարեւոր մէկ հատուածը իմաստ չէր գտներ թրքական յարձակումին դիմադրելու մէջ եւ կը խորհէր նահանջելու մասին: Ժողովուրդին կողմէ տիքթաթոր հռչակուած Արամ Մանուկեան մայիսեան օր մը յայտարարեց` «Երեւանը չենք դատարկի»: Այս վճռական կեցուածքն էր, որ ոգի ներշնչեց հայ զինուորականութեան եւ ժողովուրդին` դէմ դնելու թրքական կրկնակի ուժերով կատարուած յարձակողականին: Այդ յարձակողականը, որ նախաձեռնուած էր հիմնական երեք ուղղութիւններով` Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա եւ Բաշ Ապարան, հանդիպեցաւ հայկական բուռն դիմադրութեան: Բոլոր միջոցները ուղղուեցան ռազմաճակատին վրայ հայ զինուորին ու աշխարհազօրայինին օժանդակութեան, եւ այս մեծ թոհուբոհին մէջ Արամ Մանուկեան ո՛չ միայն Երեւանի մէջ թիկունքը պահողն էր, այլեւ դիմադրութեան ոգին ու հերոսամարտերուն բուն կազմակերպիչը…

Մահ ու կենաց այդ պայքարին մէջ հայկական զինուժը ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թրքական զօրքերուն կրցաւ ջախջախիչ հարուած հասցնել Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն ընթացքին: Մայիսեան այս հերոսական ճակատամարտերէն անմիջապէս ետք, 26 մայիս 1918-ին յայտարարուեցաւ Անդրկովկասեան միութեան լուծարումը: 26 մայիսին իր անկախութիւնը հռչակեց Վրաստան, Անդրկովկասի մահմետականները Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծումը յայտարարեցին մէկ օր վերջ, իսկ 28 մայիսին Հայաստանը անկախացաւ` Երեւան մայրաքաղաքով: Երկու օր ետք` 30 մայիսին, հայկական շրջաններուն մէջ իշխանութիւնը ժամանակաւորապէս ստանձնած Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծարումով եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր կացութեան հանդէպ` Հայոց ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերում կազմելու հայոց ազգային կառավարութիւն` Ազգային խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները` հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»: Նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին կառավարութեան կազմը յայտարարուեցաւ հազիւ երկու ամիս ետք` 24 յուլիս 1918-ին, Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ:

Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին Ազգային խորհուրդը մնաց Թիֆլիսի մէջ, իսկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կառավարական գրեթէ բոլոր աշխատանքները շարունակեց կատարել Արամ Մանուկեանը, որ իրաւամբ կը նկատուի հայոց ժամանակակից անկախ առաջին հանրապետութեան հայրը, անզուգական հիմնադիրը: Եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանի ոգին, կազմակերպական իւրայատուկ տաղանդը, զոր ան ժառանգած էր տակաւին Վանի մէջ իր ունեցած յեղափոխական գործունէութեան տարիներէն եւ Վանի 1915-ի նշանաւոր հերոսամարտէն, թերեւս մենք չունենայինք մայիսեան անկախութիւնը, թերեւս նաեւ չունենայինք խորհրդային Հայաստանը եւ ներկայիս վերանկախացեալ Հայաստանը:

Դժուար պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ հայոց անկախ պետականութիւնը: Անիկա իրականացաւ սուղ արեան գնով, տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ, մեծաթիւ գաղթականներու առկայութեամբ: Բայց հայ ազգը դիմացած էր ահաւոր քննութեան եւ յարութիւն առած էր արդէն: Եւ երանի ներկայիս, մայիսեան այդ մաքառումի 100-ամեակի սեմին, շարունակենք քաղել այդ իրադարձութիւններուն անսպառ դասերէն եւ ընթանալ անոնց յաղթական ոգիով:

 

 

Նախորդը

«Զէնքը Ձեռքերնիս Փորձենք Մեզ Պաշտպանել»

Յաջորդը

Մայիս 28-ն Ու Իր Խորհուրդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?