Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Մանկապարտէզի Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին «Կախարդական լաւաշը» խորագրուած հանդէսը: Բեմին իւրայատուկ յարդարումով, բծախնդրութեամբ...




















