Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի-Յունիս Գ. – Սուրիահայ Նահատակները Կը Միանան Հայութեան Նահատակներու Հոյլին

June 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպի եւ Սուրիոյ հայութեան վերջին տարիներու տագնապէն դուրս գալու ճիգերն ու համայնքի ղեկավարութեան վարած հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, քարոզարշաւի մը սահմաններէն անդին, առարկայական տուեալներու լոյսին տակ պէտք է ըմբռնել:

Համայնքին շարունակուող գոյապայքարը պարզեց, որ անոր կարեւորութիւնը չէր սահմանափակուեր քարաշէն կառոյցներու պահպանման շրջագիծին մէջ: Սուրիահայութիւնը սուրիական հողերուն վրայ դարարմատ իր ներկայութեամբ, ապրելով պատմական իր հողերուն սահմանամերձութեամբ, ստեղծած է այնպիսի արժէքներ եւ աւանդոյթներ, որոնք մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին դերն ու կարեւորութիւնը շեշտած են թէ՛ հայկական մեր  ընդհանուր իրականութեան մէջ եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի հայկական ներկայութեան մէջ:

Այս կարեւորութիւնն ու դերը ըմբռնող տարրերն են, որոնք պայքարած ու յամառօրէն վճռած են պահպանել սուրիահայ, ու մանաւանդ, հալէպահայ գաղութը:

Այս գաղութի պահպանման համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներուն նահատակութիւնը արժանաբար պէտք է գնահատուի, որովհետեւ անոնք միայն հաւաքականութիւն մը, հատուած մը, շրջան մը պահպանելու համար չէր, որ իրենց գարուն կեանքը զոհեցին: Անոնք իմաստութիւնն ունէին ըմբռնելու, որ Արցախէն Հայաստան ու Հալէպ նոյն ճակատին համար կը պայքարին` հայկական ճակատին:

Պատիւ պիտի ըլլար բնականաբար զոհուիլ Արցախի հողին վրայ, Հայաստանի սահմանները պաշտպանելով: Մի՞թէ սակայն մեր ժողովուրդի համայն շահերը չեն թելադրեր պաշտպանել հայկական ճակատը համընդհանուր մեր թշնամիին դէմ, որ ամէն տեղ պատեհ առիթը գտնելով` կը փորձէ նսեմացնել հայկական ներկայութիւնն ու հայութեան համընդհանուր շահերուն ծառայող կանգուն բեկորները:

Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին սուրիահայ նահատակները քաջաբար դիմադրեցին բարբարոս հրոսակներու յարձակումներուն, մահուան վտանգը ապրելով հանդերձ, որոշեցին արժանավայել խիզախութեամբ տէր կանգնիլ հայ համայնքին` առանց վարանելու, քաջաբար, որովհետեւ անթոյլատրելի համարեցին սուրիահայ համայնքը ոչնչացնելու սադրանքները եւ որպէս հնարամիտ ղեկավարներ, խիզախ ազգայիններ` ձախողութեան մատնեցին հայկական ճակատը նսեմացնելու կոչուած հակառակորդին քաղաքականութիւնը: Անոնք հաւատքով կառչած մնացին իրենց առաքելութեան, նոյնիսկ այն պահերուն, երբ հայկական կարգ մը կողմերէ յուսահատութեան ձայներ կը լսուէին: Շարունակեցին պայքարիլ, որովհետեւ գետնի վրայ կը շօշափէին ժողովուրդին բազկերակը ու կը խոստանային ծառայել անոր: Ժողովուրդն ալ, իր կարգին, կը գօտեպնդուէր` տեսնելով հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղաքը, անոնց հսկողութիւնը գիշեր-ցերեկ, մշտական ներկայութիւնը դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու մէջ:

«Մենք պիտի մնանք այստեղ ու փաստենք, որ հայ ժողովուրդը ամէնէն վստահելի ժողովուրդն է երկրագունդի վրայ: Ասիկա պիտի իրականանայ մեր կեցուածքով»:

Հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ ՐաՖՖի Պչաքճեանի այս պարզ խօսքին մէջ կը խտանայ սուրիահայ համայնքի պայքարին ամբողջ իմաստը` պահպանելով հայութեան ընդհանուր պատկերին մաս կազմող համայնքը, ծառայել համահայկական շահերուն, ունենալ պատուաբեր կեցուածք, պաշտպանել պատմական Հայաստանէն պոկուած բեկորի մը մշակութային ժառանգը, աւանդոյթներն ու սուրիական բեմին վրայ անոր ներկայութիւնը: Աւելի՛ն. այդ ներկայութիւնը ծառայեցնել ե՛ւ սուրիական հայրենիքին, ե՛ւ համահայկական շահերուն:

ՐաՖՖի Պչաքճեանն ու իր նմանները ազգային իրենց առաքելութիւնը վեհանձնութեամբ կատարեցին ու արժանացան նահատակի լուսապսակին: Սուրիահայութեան պատմագրութեան էջերուն վրայ լիարժէք արժեւորումով պէտք է արձանագրուի անոնց նահատակութեան խորհուրդը` Հալէպի սահմաններէն դուրս անցնելով, համահայկական ճակատի պաշտպանութեան սահմանները ըմբռնելով: Պչաքճեանները սուրիական հողին վրայ ինկան, սակայն անոնց հոգիները պիտի միանան հայ նահատակներու հոգիներուն ու պիտի պայծառացնեն հայութեան երկինքը, պիտի ուրուագծեն հայուն յաւերժութեան ճամբան:

«Գ.»

Նախորդը

Վա՞խ, Թէ՞ Խոհեմութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւն Քուէյթահայ Աշակերտութեան

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.