Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յորդանան
Գագիկ Գինոսեան Ամմանի Մէջ
16-23 մայիսին Ամման (Յորդանան) այցելեց «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր-գեղարուեստական ղեկավար, Գագիկ Գինոսեանը, որ ունեցաւ հանդիպումներ հայ համայնքին հետ ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիպումներւ:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Ա. Ամիրեանի յանձնարարութեամբ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի միջնորդութեամբ կազմակերպուեցան 2 հանդիպումներ` Յորդանանի մշակոյթի նախարար Նեպիհ Շուքոմի հետ:
Ան հանդիպում ունեցաւ Ճարաշ փառատօնի տնօրէնութեան հետ, որոնք նկատի ունենալով «Կարին»-ի յաջողութիւնները-միջազգային ճանաչումը` փափաքեցան «Կարին» խումբի մասնակցութիւնը` Ճարաշի փառատօնին: Գինոսեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ համապատասխան մասնագէտներու հետ` քննարկելու պարարուեստի ծիրէն ներս զանազան հարցեր:
Գ. Գինոսեան ինքնաճանաչ սերունդ կերտելու համար հանդէս եկաւ «Մշակոյթը որպէս ազգային ինքնութիւն թեմայով դասախօսութեամբ, որուն ընդմէջէն ծանօթացուց հայ ազգի հարուստ ժառանգութիւնը եւ անդրադարձաւ հայ ըլլալու հպարտ զգացումին:
«Հայոց Լեռներու Ոգին» Ազգային Պարի երեկոյ
«Մեր պարերը եւ մենք» պարուսուցման ծրագիրը պիտի գործէ Յորդանանի մէջ, որուն միջոցով հայ մշակոյթի բոլոր սիրահարները պիտի սորվին հայկական պարարուեստի այբուբենը եւ պիտի փորձեն հայ աւանդական մշակոյթը վերադարձնել հայ կենցաղ:
Գագիկ Գինոսեան այցելութիւններ տուաւ նաեւ ԱՄՄ-ի, ՀՕՄ-ի-ՀՄԸՄ-ի ակումբները եւ տեսակցութիւն ունեցաւ վարչութեանց անդամներու հետ:
Ան մօտէն ծանօթացաւ ՀՕՄ-ի «Արազ» պարախումբին, որուն պարուսոյց Անի Քիզիրեանը 2015-ին մասնակցած էր «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներուն:
«Արազ» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ Գինոսեանի դիմաց, որ իր ցուցմունքները տուաւ անոնց:
«Վարդավառ» Երգչախումբին 2-րդ Համերգը
18 մայիսին «Ինթըրնեշընըլ Ամման» ակադեմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վարդավառ» երգչախումբին «Կ՛երգենք Վարդուհիին երգերը Յորդանանի համար» խորագիրը կրող 2-րդ համերգը ղեկավարութեամբ երգչախումբի հիմնադիր` Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահար, երգահան եւ խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի:
Երգչախումբը մեկնաբանեց խմբավարին հեղինակային երգերը, ինչպէս նաեւ անոր յօրինած երաժշտութիւններով երգեր` գրուած հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց հիման վրայ, ինչպէս` Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Թէքէեանի, Արշակ Ազարեանի, Գագիկ Գինոսեանի եւ Լիլիթ Մարգարեանի: Հնչեց նաեւ Վարդուհի Թորոեան-Ներսէսեանի Յորդանանի նուիրուած 3 մասերու դաշնամուրային ստեղծագործութեան առաջին ունկնդրութիւնը:
Գագիկ Գինոսեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց «Վարդավառ»-ի հայապահպանման գործունէութիւնը:
Երգչախումբին զուգահեռ, ներկայացուեցան հայկական պարեր` կատարողութեամբ Լիլիթ Մելքոնեանի, Քրիսթել Անտոնեանի, Հայկուհի Մովսիսեանի, Սինթիա եւ Կասիա Թոքայեաններու եւ Քրիս Սեթեանի:
Յայտնենք, որ սեպտեմբերին երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Սփիւռքի նախարարութեան «Ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» ծրագիրի շրջագիծին մէջ: Համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախին:
Յունաստան
Ակնոցներ` Արցախի Երեխաներուն
Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, երկրորդ տարին ըլլալով, շնորհիւ յոյն բարերար Սթաւրոս Քոյիսի, կենսական օժանդակութիւն կը հասնի Արցախի կարիքաւոր երեխաներուն:
Անցեալ տարիէն սկիզբ առած այս ծրագիրի հիմամբ, տեսողութիւնը սրբագրող ակնոցներ կ՛ուղարկուին Արցախ` Սիրոս կղզիին մէջ բնակութիւն հաստատած Սթաւրոս Քոյիսի կողմէ:
Ծանօթ է արդէն Սիրոս կղզիի բնակիչներուն ազնիւ հոգատարութիւնը` Արցախէն ամէն ամառ կղզի ժամանող երեխաներուն հանդէպ: Իւրաքանչիւր յոյն բնակիչ, իր մասնագիտութեան կամ աշխատանքի ասպարէզին բերումով, իրենց նուէրներով տարիներէ ի վեր կ՛օժանդակեն Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ծրագիրներուն: Ս. Քոյիս մեծ ուրախութեամբ կը կատարէ այս մատուցումը` ակնոցները պատրաստելով եւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ Արցախի փոքրիկներուն ձրիաբար բաժնելով, օրինակելի եւ տիպար իր կեցուածքով, սատարելով հերոսական Արցախի ժողովուրդի զաւակներուն: Իր այս նուէրին համար Ս. Քոյիսին շնորհակալութեան նամակներ ղրկուած են Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Կարինէ Աթայեանի կողմէ:
Այցելութիւններ` «Ազատ Օր»
Վերջերս Քոքինիոյ «Զաւարեան», Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարան վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. – Ճենազեան» միջնակարգ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը, ուր դիմաւորուեցան եւ հիւրասիրուեցան խմբագրատան անձնակազմին կողմէ:
Անոնք մօտէն ծանօթացան հայկական մամուլի աշխարհին եւ յատկապէս «Ազատ Օր» օրաթերթի աշխատանքին ու առօրեային կապուած հարցերուն:
Անոնց ներկայացուեցաւ «Նոր Օր»-ի եւ «Ազատ Օր»-ի պատմականը եւ նշուեցաւ, որ կրնան հետեւիլ լրագիրի լուրերուն, ելեկտրոնային կամ տպագիր թերթի միջոցաւ` ամիջական կապ պահելով հայերէնին հետ:
«Ազատ Օր»-ի խմբագրութեան հետ աշակերտներու շփումը եւ հայկական օրաթերթի աշխատանքին շուրջ կատարուած զրոյցները ամբողջացան հետաքրքրական հարցումներով եւ կարծիքներու փոխանակումով:
Անոնք մօտէն տեսան լրագիրի թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակներու պատրաստութեան աշխատանքի ընթացքը, մատնանշեցին անոնց տարբերութիւնները ու յատկապէս ծանօթացան «Ազատ Օր» օրաթերթի ամէնօրեայ կեանքի հեւքին:
Թեհրան
Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 49-Ամեակի Նշում
16 յունիսին Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի քահանայական ձեռնադրութեան 49-ամեակը:
Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը գոհունակութիւն յայտնեց, որ իր ծառայութեան 49 տարիներուն 18 տարիները ծառայած է Թեհրանի թեմէն ներս: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` աղօթելու եկեղեցական կեանքի առաւել ծաղկման եւ յառաջադիմութեան համար:
Սրբազան հայրը անգամ մը եւս շեշտեց, որ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը մեծ պատիւ է եւ, հետեւաբար, բոլորս կոչուած ենք այդ առաքելութեան:
Անգլիա
Մհեր Սահակեանի Ելոյթը Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ
25-26 մայիսին աշխարհի լաւագոյն տասը համալսարաններէն Օքսֆորտ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Տեսակէտներու բախում. Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Սիի եւ Թրամփի ժամանակաշրջանին» գիտաժողովը: Օքսֆորտ համալսարանի կողմէն ընտրուած միջազգայնագէտներ, դիւանագէտներ ժամանած էին Օքսֆորտ` ներկայացնելու իրենց գիտական ուսումնասիրութիւնները: Այս գիտաժողովին որպէս բանախօս հրաւիրուած էր Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ եւ «Չինաստան-Եւրասիա քաղաքական եւ ռազմավարական ուսումնասիրութեան խորհրուրդ»-ի ղեկավար Մհեր Սահականը որ ներկայացուց իր գիտական ուսումնասիրութիւնը` նուիրուած Ռուսիոյ համաշխարհային մեծ քաղաքականութիւն վերադառնալու վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ Մհեր Սահակեանը առաջին հայ հետազօտողն է, որ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագիտութեամբ գիտական թեզ պաշտպանած է Չինաստանի Նանծինի համալսարանին մէջ: Ան նաեւ կ՛անդամակցի «Միջազգային քաղաքական գիտութիւններու ընկերակցութեան: Մհեր Սահակեանի միջազգային յարաբերութիւններու վերաբերեալ աշխատութիւնները տպագրուած կամ ներկայացուած են Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Հայաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հոլանտայի մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
Ծերակուտական Ճեֆ Ֆորթընպերի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
27 մայիսին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Նեպրասքայի ծերակուտական Ճեֆ Ֆորթընպերի եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ իսլամական ծայրայեղականներու կիրարկած ծանօթ հալածանքներուն եւ տուժողներուն ամերիկեան օժանդակութիւն ու զօրակցութիւն տրամադրելու քայլերը:
Ֆորթընպերի ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուաւ վերջին 3 տարիներուն իր տարած աշխատանքին մասին: Ան ըսաւ, որ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու, շիիներու, Եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական պետութիւն» անունով ծանօթ ոճրային խմբաւորումին կիրարկած խժդժութեանց ու սպանդներուն պատճառով, ինք 2014 օգոստոսէն ի վեր իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններու դիմած է ամերիկեան դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, մէկէ աւելի յանձնաժողովներու իր անդամակցութեան ճամբով, եւ իր ճիգերով Ներկայացուցիչներու տունը 2016-ին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ այդ հալածանքներն ու սպանդները կը նկատէ ցեղասպանական արարքներ:
Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին, մասնաւորաբար հայ համայնքին կրած կորուստներուն եւ անոր օժանդակութեան ձեռք երկարելու միջոցներուն շուրջ:
Հանդիպումին աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Նշենք, որ Ճեֆ Ֆորթընպերի զօրավիգ է Հայաստանին ու Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութին, ձայնակից է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Թրամփի ուղղուած կոչերուն: Ան անդամ է խորհրդարանական այն յանձնախումբին, որ կը հետեւի մարդկային իրաւանց, Միջին Արեւելքի եւ կորիզային զէնքերու տարածումը կանխարգիլող աշխատանքներուն: Ան կը նկատուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրաւունքները ամերիկեան խորհրդարանին մէջ հետապնդող դրօշակիր մը եւ կ՛առաջադրէ մարդկային, ապահովութեան ու քաղաքական աջակցութիւնը տրամադրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:
Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 120-ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին 19 մայիսին, Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած մեծատաղանդ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 120-ամեակին: Համազգայինի վարչութեան անունով Արմինէ Մինասեան ներկայացուց օրուան բանախօս Զարմինէ Պօղոսեանը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու Չարենցը:
Պօղոսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Չարենցի կենսագրականը եւ անոր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը գրական, խմբագրական եւ հանրային մարզերուն մէջ: Բանախօսութեան զուգահեռ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Չարենցի տուն թանգարանը` Մաշտոցի պողոտային վրայ, օղակաձեւ այգիի համալիրին մէջ արձանը, Չարենցի կամարը` Երեւանէն Գառնի տանող ճանապարհին վրայ: Չարենցի անունով կոչուած են դպրոցներ եւ փողոցներ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Չինաստան
«Չինահայ« Խորագրեալ Լրագիրը Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Համալսարանին Մէջ
Չինաստանի մէջ լոյս կը տեսնէ Չինաստանի հայկական համայնքին կողմէ հրատարակուող «Չինահայ» խորագրեալ լրագիրը, որ կը խօսի հոն հաստատուած հայերու մասին` ներկայացնելով անոնց առօրեան եւ պատմութիւնը: Այս լրագիրը Հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայկական միակ լրագիրն է, որը լոյս կը տեսնէ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Լոս Անճելըսի համալսարանը Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն համալսարաններէն մէկն է, ուր կը գործեն Գրիգոր Նարեկացիի անուան հայագիտական եւ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամպիոնները: Այսուհետեւ, համալսարանի գրադարանին մէջ տեղ պիտի գտնէ նաեւ «Չինահայ» լրագիրը, որ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ Չինաստանի Հայկական համայնքով հետաքրքրուող գիտնականներուն ծանօթանալու համայնքի պատմութեան եւ գործունէութեան` Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Չինահայ» լրագրի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Պարզեան նկատել տուաւ, որ լրագիրին նպատակն է հանրութեան ներկայացնել Չինաստանի հայկական համայնքի նորագոյն պատմութիւնը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող նման հեղինակաւոր համալսարանի գրադարանին մէջ այսուհետեւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կարդալ լրագիրը եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել Չինաստանի հայկական համայնքի մասին, աւելցնելով, որ ասիիկա ամբողջովին կը համապատասխանէ լրագրի հիմնական նպատակին:
Վրաստան
Վիրահայ Երիտասարդը Դարձաւ ՄԱԿ-ի Մէջ Վրաստանի Երիտասարդութեան Ներկայացուցիչ
Վրաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան «ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագիրին յաղթող ճանչցուած է թիֆլիսահայ Կիորկի Տումասեանը:
21 մասնակիցներ անցած էին երեք նախընտրական փուլերէ: Երրորդ փուլ անցած մասնակիցները յանձնաժողովին առջեւ ներկայացուցած են հանրային ելոյթ` «Չելլընճ ֆէյսինկ եութ ան նաշընըլ էնտ ինթըրնաշընըլ լեվել-սիմիլարիթիս էնտ տիֆըրընսս» թեմայով: Յաղթողը ընտրուած է միաւորները ամփոփելէ ետք:
Վրաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ, արդէն քանի մը տարի է վեր յաջողութեամբ կ՛իրականացնէ «ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագիրը:
Երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու ծրագիրը կը համարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յաջող նախաձեռնութիւններէն մէկը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովը 1981-ին, առաջին անգամ ըլլալով, կոչ ըրած էր անդամ երկիրներուն` երիտասարդ պատուիրակներ ընդգրկելու երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւններու կազմին մէջ:
Ընտրուած մասնակիցը երիտասարդներու հետ կ՛իրականացնէ խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ:
Երիտասարդութեան ներկայացուցիչը շուտով պիտի մեկնի ՄԱԿ-ի գլխաւոր գրասենեակ (Նիւ Եորք), ուր իբրեւ Վրաստանի պատուիրակութեան լիիրաւ անդամ` պիտի մասնակցի Ընդհանուր ժողովի երրորդ կոմիտէի ձեռնարկին եւ կոմիտէի լսումներուն, ելոյթ պիտի ունենայ նոյն կոմիտէի նիստին եւ մասնակցի երիտասարդութեան մասին որոշումներու մշակման: Կիորկի Տումասեան կրնայ մասնակցիլ նաեւ տնտեսական եւ հասարակական խորհուրդի հասարակական զարգացման յանձնաժողովի նիստերուն:
2012-2016 տարիներուն ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներն էին` Կիորկի Ճեխանի, Թորնիկէ Զուրապիշվիլի, Լաշա Շաղուլաշվիլի, Մարիամ Սիխարուլիծէ եւ Թաթիա Տոլիծէ: