Թուրքիա Ամերիկեան Լոպիստական Նոր Ընկերութիւններ Կը Վարձէ, Որովհետեւ Իր Հեղինակութիւնը Աւելի Եւս Արատաւորուած Է
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Քանի որ Թուրքիա դարձած է համաշխարհային դատապարտման թիրախ` երկրին մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն պատճառով, թրքական կառավարութիւնը որոշած է հսկայական գումարներ ծախսել քարոզչութեան եւ հանրային կապերու ուղղութեամբ` փորձելով մաքրել իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը: Ապրիլ 16-ի խայտառակ հանրաքուէն, որուն աւարտին հազիւ յաղթելով` Էրտողան ինքնիրեն բռնապետական լայն լիազօրութիւններով օժտեց, իսկ ատկէ ետք տեղի ունեցած` Ուաշինկթընի...



















