Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վա՞խ, Թէ՞ Խոհեմութիւն

Յունիս 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Առաւօտ է:

Քունէս կ՛արթննամ… ու հանգստեան կոչուած ըլլալով, անցած օրերու աճապարանքով մը գործի երթալու տաղտուկը գրեթէ մոռցած, օրուան մէջ ընելիքներուս համար տարբեր ձեւ ու ընթացք որդեգրելով, այնքա՛ն հանգիստ, նախ դէպի տան պարտէզը նայող ապակեայ մեծ դուռն է, որ կը բանամ: Մաքուր օդ… մեծ-մեծ ծառեր, որոնք «թայուանցի» դրացիիս հետ միասին բաժնեկցելով, ցանկապատին միւս կողմ ըլլալով հանդերձ, իմ կողմէս դիտուած, կարծես սեփական ծառերս ըլլային: Ու բնութեան ընծայած այս գեղեցկութիւնը դիտելով, օրական գոնէ կէս ժամ, սովորութիւն դարձուցած, անոնց երկայնքին երթեւեկելուս ընթացքին է, որ երբե՛ք աչքէս չեն վրիպիր անոնցմէ դէպի իմ կողմս ինկած չորցած տերեւները, խակ կամ հասուն պտուղները, հազար ու մէկ գոյներով հովին հետ ասդին ու անդին ցրուած վարդի թերթիկները եւ,  ինչո՞ւ չէ, ծառերուն վրայ յաճախ թառած ու շատերուն համար բախտաբեր նկատուած ծիրտը, որ միշտ աղտոտած է, բացի քանի մը մեծ թաղարներու մէջ ցանած ծաղիկներէս, երաշտի պատճառով ու ամէն ինչ մաքուր տեսնելու սիրոյն, մեծ մասամբ քարայատակուած տանս պարտէզի տարածքը:

Այս ամէնը տեսնելով, դժգոհած կամ ոչ, գրեթէ ամէն օր, առաջին հերթին, աւելն է, որ ձեռք կ՛առնեմ ու կը սկսիմ ամէն ինչ մաքրելու. մէկ օր կը մաքրես, մէկ ամիս, տարի մը, երկու, երեք, բայց` մինչեւ ե՞րբ… Անցեալի յարգուած ու պատուըւած գործիս գիրք, թուղթ, մատիտն ու համակարգիչը աւելո՞վ պիտի փոխարինուին… Ու նախապէս երբե՛ք չըրած գործիս յոգնութիւնը տակաւ առ տակաւ աչքիս մեծնալով, զայն շարունակելու համբերութիւնս ալ օր մը հատած, ոչ ոքի` քրոջ, եղբօր ոչինչ ըսած, ես ինծի ճիշդ լուծումը գիտցողի պէս, օր մը դրացիիս դուռը կը թակեմ. հազիւ բացուած`

– Բարե՛ւ, ես – ցանկապատը ցոյց տալով – միւս կողմի վրայ ապրող դրացուհիդ եմ. ծառերուդ ու ծաղիկներուդ պատճառած աղտերը ամբողջութեամբ, մանաւանդ հով եղած օրերուն, իմ կողմս է, որ կ՛իյնան. հաճի՛ս, ձեւով մը կտրէ կամ ձեւաւորէ զանոնք. դրացիներ ենք, իրարու պէտք է օգնենք, այդպէս չէ՞…

Ես հազիւ խօսած, գլուխէն վեր ձայնով մը ու կտրտուած անգլերէնով` «Եթէ ասոնք պետութեան ծառերը ըլլային` ի՞նչ պիտի ընէիր… պիտի մաքրէի՛ր, այնպէս չէ՞», ըսաւ ան:

– Հաճի՛ս, նախ ձայնդ ցած պահէ, խուլ չե՛մ. յետոյ` այս ծառերը քո՛ւկդ են, պետութեան ծառերը չեն. աւելի՛ն, պետութիւնը գրեթէ ամէն տարի իր ծառերը կը ձեւաւորէ, իսկ քուկդ, տարիներէ ի վեր անոնց վրայ ձեռք չդրած` տարածքը ամբողջութեամբ անտառի վերածած են. ծառը մանուկի պէս խնամքի ու հոգատարութեան պէտք ունի, այնպէս չէ՞…

Կարծես ըսածս ճիշդ գտած, վեր վար նայելով` հասակս չափեց ու անտաշութենէն բան մըն ալ փոխած, այս անգամ ցած ձայնով.

– Քու կողմդ անցած ճիւղերը, ազատ ես, ի՛նչ կ՛ուզես ըրէ,- ըսաւ ու կռնակը անմիջապէս ինծի դարձնելով` ներս մտաւ:

Ծննդավայր Հալէպի բակերուն մէջ ապրողներու մասին լսած ու մասամբ տեսած համերաշխ դրացիութեան երնէ՜կ տալով` յաջորդող շաբթուան ընթացքին էր, երբ մեծ գործը պարտիզպանի մը վստահած, մաս մըն ալ որպէս մարզանք` ես ինծի վերապահած, մկրատ մը ձեռք առնելով` սկսայ ցանկապատի լոյսերը ծածկող ծառի ճիւղերը կտրելու. յանկարծ, չեմ գիտեր ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս, այնքա՛ն արագ, բահ մըն ալ ձեռքին, ինձմէ ո՛չ այնքան հեռու, սունկի մը պէս բուսած դրացիս, հովիւի անկաշկանդ ձայնով մը.

– Ի՞նչ իրաւունքով իմ ծառերս կը կտրես,- գոռաց.

Անակնկալ ներկայութենէն հոգ չէ թէ սարսափած, իր կողմ դառնալով.

– Ա՛յն իրաւունքով, որ դուն ինծի տուիր,- պատասխանեցի:

Եւ բահի զօրաւոր հարուածով մը հողին մէջ մեծ փոս մը բացած` ծառի նոր ճիւղ մըն ալ ինք կտրելով զայն հոն կը ցանէ: Ճղճիմ ու այնքա՛ն կարճ հասակին` ուրկէ՞ այդքա՛ն ուժ… Ու չլուծուելիք հանելուկի պէս ըրածին իմաստը չհասկցած, բայց հասկնալու սիրոյն, ես ինծի զանազան հաւանականութիւններով բացատրութիւն մը փնտռելով, կը մտածեմ` ծառ չկտրելու «թայուանական» նախապաշարո՞ւմ, առնականութեան ցուցադրութի՞ւն, թէ՞ իգական սեռի նկատմամբ անտեսում… Կարծես այս երեքին համեմունքով ինծի այնպէս մը թուեցաւ, թէ ըրածը գործնականապէս հասկցնել էր, որ եթէ օր մը այս բոլոր ծառերը ձեւով մը կտրուին, անոնց փոխարէն ես նորը կը ցանեմ: Ըրածն ու ըսածը միտքիս մէջ լայն տեղ գրաւած` կտրած ճիւղերս մէկ կողմ հաւաքելով` զանոնք աղբաման կը նետեմ ու ներս կ՛անցնիմ:

Անձնական միջոցներով չլուծուող հարցը, հաստա՛տ օրէնքի ճամբով կը լուծուի, գիտեմ. ու արդարացուցիչ պատճառներ փնտռելով, հաշուարկի մը անցած` կը մտածեմ. այո՛, ծառերը սխալ տեղ ցանուած են. ցանկապատէն որոշ քանի մը ոտք հեռաւորութեան վրայ պէտք է որ ըլլան. բան մը, որ չէ յարգուած. այո՛, պարտէզին տեսադաշտը ամբողջութեամբ գոցուած է այնքա՛ն, որ իր կողմէն դէպի իմ կողմս անցնիլ ուզողը անկարելի է տեսնել. հապա՞ Աստուծոյ շնորհած լոյսն ու արեւը, որուն վայելքը բոլորիս իրաւունքն է…

Այս բոլոր դրական տուեալներով միասին, տակաւին օրինական յանդուգն քայլը առնելու համար կը տատամսիմ. անկախ անկէ, որ ինձմէ առաջ շատե՜ր ըրած ու անկէ յաղթական դուրս եկած են. յաղթանակ, որուն շնորհիւ, մանաւանդ այս օրերուն, նախագահէն սկսեալ մինչեւ ամենապարզ քաղաքացին, ամէն ինչ` ճշմարիտ թէ սուտ ըսելու բացարձակ ազատութեան հետ, ամէն ինչ ալ ընելու այնքան դիւրին հնարաւորութիւններով, եթէ յանկարծ տուժող կողմին մէջ, յատկապէս` դրացիիս նման մէկուն մէջ, վրէժխնդրութեան սերմեր սկսին ծաղկելու, ապա Աստուած գիտէ, թէ ինչերո՜ւ ընդունակ կրնայ ըլլալ ան:

Մանկութենէս ի վեր ծնողքէս լսած «չարէն հեռու կը մնան, չարին հետ չեն չափուիր» խրատականով, դրացնութենէ մը դէպի թշնամութիւն բացուելիք դուռը գոցելու սիրոյն, երկա՜ր, շա՜տ երկար մտածելէ ետք, դարձեա՛լ ես ինծի.

– Չէ՛, չեմ ուզեր, ու պիտի չուզեմ երբե՛ք հոն հասնիլ,- կ՛ըսեմ:

Վերջնական այս որոշումս վա՞խ է, թէ՞ խոհեմութիւն, չե՛մ գիտեր. այս մէկն ալ դուք որոշեցէք:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի-Յունիս Գ. – Սուրիահայ Նահատակները Կը Միանան Հայութեան Նահատակներու Հոյլին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?