ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Մովսէս Թ. Հերկելեանի «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքը, բաղկացած` 216 էջերէ:
Նախաբանը, «Մուսալեռցի էր հայ ըլլալէ առաջ» խորագիրով, գրած է Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան կ՛ըսէ, որ պատմելու շնորհը Հերկելեանները ժառանգած են իրենց մուսալեռցի պապերէն:
Գիրքը բաղկացած է Այնճարէն եւ այնճարցիներու կեանքէն առնուած շարք մը պատմուածքներէ:
«Վարդանիկը» պատմուածքին մէջ կ՛ըսուի, որ հայերը զէնք ունեցած են 1890-ին միայն: Քիչ անդին` կովը թրքեցնելու դրուագն է: Այնուհետեւ` խնձորաքաղը, յետոյ` առաջին դասը:
Կտրիճ հարազատ ընկերը պատմուածքը նուիրուած է Պետիկ Ինճէեանին, որուն հետ հեղինակը պատանի եղած է «Յառաջ» պատանեկան միութեան մէջ: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ իրենց յարաբերութիւնները պարզ էին, առանց յետին հաշիւներու, առանց դաւադրութիւններու: Հոգի կու տային իրարու: Ընկերական, բարոյական նկարագիրն էր, որ անքակտելիօրէն զանոնք կը կապէր իրարու: Պետիկի ապագայի ծրագիրները թաքուն էին: Ինչ կրնար ըլլալ իրեն համար աւելի փայլուն ապագայ, քան նուիրուիլ ազգային պահանջատիրութեան պայքարին: Ան Այնճարի ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի պատասխանատուն էր, երբ գնաց մեր բիւրաւոր նահատակներուն վրէժը լուծելու: Պետիկ յանդգնօրէն նետուեցաւ սրբազան պայքարին գիրկը եւ անսակարկելիօրէն կեանքը նուիրեց ազգին: Ան նահատակուեցաւ հայոց պահանջատիրութեան պայքարի ճամբուն վրայ:
Հայ ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու համար սկսաւ հակաթուրք զինեալ պայքարին երկրորդ փուլը:
«Ես Հայաստան չեմ դիտեր» պատմուածքին մէջ, նկարագրելով առաջին անգամ ձայնասփիւռ ունկնդրելու դրուագը Հերկելեան կը գրէ, որ երբ գիւղին մէջ ելեկտրական հոսանք չկար, մարդիկ գաղափար չունէին ելեկտրականութեամբ աշխատող սարքերէն: Ձայնասփիւռ ունէր միայն վարդապետը եւ ժողովուրդը անոր քով խռնուած կ՛ունկնդրէր Հայաստանը: Մինչեւ Խորհրդային Միութեան քայքայումը Հայաստանի եւ սփիւռքի կապը հանդիսացած էր «Հայաստանն է խօսում»-ը:
«Սուրքի» պատմուածքին մէջ կը գրէ, որ անիկա այնճարցիներու սրբազան սնունդն է: Երբ մուսալեռցիները լքեցին Մուսա լեռը, հետերնին բերին նաեւ սուրքին: Խնուցուած մածունէն կարագը հանելէն ետք, պանիր կը շինեն: Բազմազան համեմներ խառնելով մէջը գունդ-գունդ կը կազմեն, ապա զայն կը զետեղեն ապակեայ կարասներու մէջ եւ կը պահեն մութ մառանին մէջ: Ոմանք կարասը կը թաղեն հողին տակը, մինչեւ լաւ մը բորբոսի: Երբ սուրքին կարասէն հանուի ամբողջ տունը սուրքիի հոտով կը լեցուի:
«Լոնտոն» պատմուածքին մէջ Հերկելեան կը գրէ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ատեն, երբ սուրիական բանակը Լիբանան մտաւ, Այնճարը ընտրեց իբրեւ հրամանատարութեան կեդրոնատեղի: Գիւղի մուտքին անցարգել հաստատուեցաւ: Այնճար միայն մէկ մուտք ունի եւ նոյն ելքը: Վերջաւորութեան լեռն է, իսկ շրջապատը գետը: Այսինքն մուտքի ճամբան միայն Այնճար կ՛առաջնորդէ: Այնճար միջազգայնօրէն ճանչցուեցաւ իբրեւ սուրիական հրամանատարութեան կեդրոն:
«Ժամացոյցին զանգը» պատմուածքին մէջ կը գրէ, որ Այնճարի առաջին տարիներուն, երբ տակաւին ժամացոյցը թանկարժէք էր եւ շատ հազուագիւտ, գերմանացի բարեսիրական կազմակերպութիւն մը աշտարակ մը կառուցեց գիւղին կեդրոնը եւ գագաթը ժամացոյց մը զետեղեց: Չորս կողմէն եւ նոյնիսկ գիւղին ծայրամասէն հնարաւոր էր ժամանակը ստուգել: Իւրաքանչիւր ժամուն համեմատ զանգակը կը հնչէր:
«Այլ փրկեա ի չարէ» պատմուածքին մէջ Հերկելեան կ՛ըսէ, որ այնճարցիներուն ամենամեծ մաղթանքներէն մէկն է` «Աստուած թող չձգէ կառավարութեան եւ բժիշկին ձեռքը»: Այնճարցիները ընդհանրապէս իրենք զիրենք կը բուժեն Մուսա լերան բժշկագիտական ոճով: Վէրքը օղիով եւ ծխախոտով, իսկ կրիփը եւ տաքութիւնը նարինջ ուտելով, շատ-շատ ասփիրին կամ փանատոլ առնելով: Մնացեալը Աստուծոյ գիտնալիքն է: Այնճարցիները շատ ալ սիրահար չեն բժիշկի դիմելու:
Գիրքին երկրորդ մասը ընկերային եւ հասարակական յօդուածներ են:

Հերկելեան կ՛ըսէ, որ հայապատկան բոլոր տարածքները, քաղաքները, գիւղերը, լեռները, սարերը, ձորերը, վանքերն ու եկեղեցիները սրբութիւններ են հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար: Մենք մեր կարելի միջոցներով հետամուտ ենք հայոց պահանջատիրութեան: Հայ դատին հետապնդումը մեզի համար ամԷնօրեայ ապրում է:
Քիչ անդին Հերկելեան կը գրէ, որ Հայաստան կը նկրտի «բարի դրացիութիւն» խաղաղ իր վաղեմի թշնամիին հետ: Իսկ Թուրքիա ծայրագոյն կերպով կը փորձէ օգտագործել առիթը` մեկուսացնելու համար Հայաստանը, որպէսզի կարենայ պարտադրել իր ցանկացած պայմանները անոր վրայ: Հայրենի իշխանութիւնները ոգի ի բռին, ճիգ չեն խնայեր հայրենիքի շրջափակումը վերացնելու եւ տնտեսական բարւոք պայմաններ ընձեռելու հայրենի ժողովուրդին: Սակայն պարզամտութիւն պիտի ըլլայ եթէ հիմնուինք միայն «բարի դրացնութեան» սկզբունքին վրայ: Քաղաքական բանակցութիւնները կը հիմնուին յստակ շահերու եւ զիջումներու հաշուարկի վրայ. «Ոչինչ ռիսքի ենթարկողը ոչինչ կը շահի»:

Շարունակելով` Հերկելեան կ՛ըսէ, որ կայ լայնածաւալ արշաւ մը թուրք մտաւորականներու կողմէ ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն: Պարկեշտ մտաւորական մարդու արժանիք է իրազեկ ըլլալ պատմութեան եւ ներողութիւն խնդրել իրենց նախահայրերուն գործած ոճիրին համար: Սակայն քաղաքական հաշիւներուն մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, ներողութիւնը առանձին ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ:
Մովսէս Հերկելեան Այնճարը կը նկատէ հայոց պահանջատիրութեան անառիկ ամրոցը: Ան կ՛ըսէ, որ եթէ Մուսա լերան հերոսամարտը տեղի չ՛ունենար, Այնճար գոյութիւն չէր ունենար: Այնճար ծնունդն է Մուսա լերան հերոսամարտին: Երբ Մուսա լեռը կցուեցաւ Թուրքիոյ, մուսալեռցիները մերժեցին թրքական նուաստացուցիչ լուծը եւ գաղթեցին Լիբանանի մէկ աննշան անկիւնը` Այնճար: Լքեցին տուն ու տեղ, դաշտ ու պարտէզ, ինչք ու ստացուածք եւ լքեցին սրբազան լեռը: Իրենց հետ բերին միայն Մուսա լերան հերոսամարտին աւանդը:
Ան կ՛ըսէ, որ Այնճար մայրաքաղաքն է համայն մուսալեռցիներուն: Իր եկեղեցիներով, կրթական հաստատութիւններով, մշակութային ու մարզական միութիւններով, առողջապահական կեդրոններով եւ ազգային յուշակոթողներով` անառիկ ամրոցն է հայոց պահանջատիրութեան: Այն հայորդին, որ տակաւին չէ այցելած Այնճար, կը նշանակէ, թէ քրիստոնեայ մը տակաւին ուխտի չէ գացած Երուսաղէմ:
Հերկելեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ սփիւռքեան այս կենդանի յուշարձանը պահպանելու ամենամեծ պարտաւորութիւնը նախ եւ առաջ կը ծանրանայ այնճարցի հայորդիներու ուսերուն: Աշխարհի ամբողջ հայութեան կը պատկանի Այնճարի պահպանման պատասխանատուութիւնը, նամանաւանդ` անկախ Հայաստանի իշխանութիւններուն: