Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ազգայնական Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

Յունիս 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է, ուր անհատը ձեռք կը բերէ հոգեմտաւոր բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, լիակատար հաղորդակցութեան եւ սեփական կարողութեանց զարգացման առաւելագոյն կարելիութիւն» (Հատուած մը` ՀՅԴ-ի 1998-ին վերամշակուած ծրագիրէն): Ահա ազգի գաղափարը` իբրեւ Դաշնակցութեան բարձրագոյն արժէք: Արժէք մը, որ ամէն բանէ առաջ է եւ հիմք` թէ՛ տեսաբանական եւ թէ՛ գործնական գետնի վրայ:

Իր հիմնադրութեան օրէն ՀՅԴ-ի որդեգրած եւ բազմիցս վերամշակած բոլոր ծրագիրներուն հիմքը ազգը եղած է, իսկ նպատակը` ազգի յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը:

Ինչպէս Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ընկերվարական բաղադրիչը, նոյնպէս ալ ազգայնականը ենթարկուած է փոփոխութեան` յարմարելով ժամանակի պահանջներուն:

ՀՅԴ-ի ազգայնական մտածողութեան զարգացումը անցած է չորս փուլերէ` հայ ազգային զարթօնքը, աւստրօ-մարքսականութիւնը, հայապահպանումը եւ ձախ-ազգայնականութիւնը:

Ստորեւ պիտի փորձեմ բացատրել այն չորս փուլերը, որոնցմէ անցած է ՀՅԴ-ի ազգայնական գաղափարական միտքը` ազգային զարթօնքէն մինչեւ ներկայ ժամանակները:

1.- Զարթօնք. Զարթօնքը հայ ազգի վերածնունդի ժամանակաշրջանն է: Ժամանակաշրջան մը, երբ հայ ազգը յարութիւն առաւ մշակութապէս ու քաղաքականօրէն եւ մէջտեղ եկաւ իբրեւ արդի ժամանակներուն հետ քայլ պահող արդի մշակութային եւ քաղաքական մարմին, հաւաքականութիւն:

Այս ժամանակաշրջանին էր, երբ հայ ազգը ազատագրուեցաւ միջնադարեան ընտրանի տարրի` եկեղեցականութեան, կղերականութեան եւ պահպանողականութեան ազդեցութենէն:

Հայ ուսանողութիւնը, որ կը գտնուէր Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ մէջ, ազդուեցաւ այդտեղ տարածուող ազգային-ազատական, աշխարհիկ, ժողովրդավարական եւ ընկերվարական գաղափարներէն: Այդ ուսանողները հայրենիք վերադառնալէ ետք տարածեցին իրենց գաղափարները, որոնց կարիքը ունէր հայ ազգը, որովհետեւ հայ ազգը ունէր թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին թշնամիներ, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանային անոր զարգացման ու յառաջդիմութեան:

Ներքին թշնամին միջնադարեան ընտրանի տարրն էր, որ կը մերժէր արդիականացման որեւէ փորձ, իսկ արտաքին թշնամիները բռնատիրական կառավարութիւններն էին (օսմանական, ռուսական եւ պարսկական), որոնք կը ճզմէին ազգային բոլոր մտածողութիւնները:

Յիշեալ երկու պատճառները ծնունդ տուին մանր-մունր կազմակերպութիւններու, որոնք չկրցան շատ գոյատեւել: Որպէսզի միջնադարեան ընտրանի տարրը ինք մնայ հայ հասարակութեան իշխողը, բռնատիրական կառավարութիւններու դաշնակից դարձաւ` պայքարելով ընդդէմ հայկական վերածնունդի գաղափարներուն:

Աշխարհաբարը (շնորհիւ Խաչատուր Աբովեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի եւ այլ լուսաւորիչներու) առաջին փորձը եղաւ արդիականացնելու հայկական մշակոյթը` զատելու զայն եկեղեցական կեանքէն եւ աշխարհիկ դիմագիծ  տալու անոր: Յետոյ ձեւաւորուեցաւ գրական դաշտը: Ծնունդ առաւ «Մշակ» օրաթերթը, որ հետագային դարձաւ Զարթօնքի ազատական գաղափարախօսութեան օրրանը: Րաֆֆիի վէպերը վերջնականապէս արթնցուցին հայ ազգը իր խոր քունէն. «Խենթը», «Դաւիթ Բեկ»-ը եւ «Կայծեր»-ը արթնցուցին ազգային ինքնապաշտպանական գաղափարը: Յիշեալ բոլոր գործօններէն ծնունդ առին հայ ազգային-յեղափոխական կուսակցութիւնները, ինչպէս` Արմենական եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնները:

1890-ի յուլիս ամսուն կը հիմնուի Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը` մարմնաւորելով Զարթօնքի բոլոր գաղափարները եւ միաւորող հովանին հանդիսանալով բոլոր ազգային-յեղափոխական կազմակերպութիւններուն եւ հոսանքներուն: 1892-ին, իր Ա. Ընդհանուր ժողովին գումարումէն ետք, ՀՅԴ-ն դաշինքէն կը վերածուի կուսակցութեան եւ կ՛որդեգրէ իր անդրանիկ ծրագիրը` անոր մէջ ընդգրկելով ազգային զարթօնքի բոլոր գաղափարները` դաշնակցային, ժողովրդավար եւ աշխարհիկ պետութեան մը կերտման, ուր բոլոր ազգերն ու կրօնները հաւասար կ՛ըլլան իրարու օրէնքին առջեւ, ուր խօսքի, հաւաքի եւ խղճի ազատութիւնները օրինականացած կ՛ըլլան:

Բայց նախքան այդ Դաշնակցութիւնը կը հրապարակէ իր Մանիֆեստը, որ ազգային միաբանութեան կոչ մը կ՛ըլլայ եւ հրաւէր մը` ազգային-ազատագրական շարժման եւ պայքարին:

ՀՅԴ-ն մէկ կողմէ գործիչներ ղրկեց դէպի հայաբնակ բոլոր գաւառները` տարածելու համար իր գաղափարները, միւս կողմէ ինքնապաշտպանական խումբեր ստեղծեց` հիմը դնելով «ազգ-բանակ» գաղափարին:

ՀՅԴ-ն Զարթօնքի գաղափարները գործադրեց օսմանեան սահմանադրութեան շրջանին (1908-1913), երբ աշխարհիկ քաղաքագէտները փոխարինեցին կղերականները` իբրեւ ազգի ղեկավարութիւն, կիները ազատագրելով պահպանողական շղթայէն, զարգացնելով հայկական դպրոցները եւ զարկ տալով ազգային գրականութեան ու մամուլին, մասնաւորաբար` Պոլսոյ «Ազատամարտ» թերթին հիմնադրութեամբ:

Այս ժամանակաշրջանին գաղափարական ըմբռնումները բիւրեղացնելու իմաստով մեծ դեր խաղցաւ Յարութիւն Շահրիկեանը:

2.- Աւստրօ-մարքսականութիւն. 1904 թուականէն սկսեալ Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական պաշտօնաթերթերուն մէջ լոյս կը տեսնեն այնպիսի յօդուածներ, որոնք հաշտեցում կը կատարեն ազգային հասկացողութեան եւ մարքսականութեան միջեւ. այս հոսանքը կը կոչուի «աւստրօ-մարքսականութիւն»` մեկնելով այն իրողութենէն, որ անոր ծննդավայրը Աւստրիան էր:

Այս հոսանքը կը հաւատայ, որ բազմամշակութային պետութիւնները պէտք է ըլլան դաշնակցային, ուր իւրաքանչիւր ազգի կը տրուի տարածք մը` պետութեան մէջ, եւ այդ տարածքը կը դառնայ մեկնակէտը, ուրկէ ընկերվարական կուսակցութիւնը պիտի ամրապնդէ մարքսական վարդապետութեան «դասակարգային պայքար»-ի հասկացողութիւնը` կերտելու համար ընկերվարական հասարակութիւնը:

Աւստրօ-մարքսականութիւնը կը դառնայ իրապաշտ ուղի մը դէպի մարքսական ընկերվարութիւնը: Այս տեսաբանական հոսանքին գլխաւոր դէմքը կը դառնայ Օթթօ Պաուըրը, որ աւստրիացի քաղաքական գործիչ էր եւ տեսաբան: Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կ՛ըլլայ առաջին կուսակցութիւնը, որ կ՛որդեգրէ մարքսական այս հոսանքին գաղափարական յղացքները:

ՀՅԴ-ն հիմնական ջատագովը հանդիսանալով հայկական «ազգային հարց»-ին` դրական կը տեսնէ աւստրօ-մարքսականութեան որդեգրումը, որուն մէջ Գարեգին Խաժակը մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

Կ՛արժէ յիշեցնել, որ ՀՅԴ-ն շատոնց այդ «հաշտեցում»-ը կատարած էր: «Դրօշակ»-ի մէջ թերթելով Ռոստոմի «Այբուբեն»-ը` պիտի տեսնենք, որ տնտեսական գործօնը մեծ դեր ունի ազգային հարցին մէջ: Տաճկահայութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ հողազուրկ եւ ստրուկ` իր դրացի միւս ազգերուն կողքին, իսկ միւս կողմէ` օսմանեան կառավարութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ հողատէր եւ կեղեքող:

Այսպիսով, ՀՅԴ-ն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն վառ պահեց հայութեան ազատագրութեան ջահը, որուն անբաժանելիօրէն մաս կը կազմէր ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը` ազգային-ազատագրութեան կողքին:

ՀՅԴ-ն աւստրօ-մարքսականութիւնը կը գործադրէ ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ (1917): Երբ կը ստանձնէ հայահոծ շրջաններու խորհուրդներու առաջնորդութիւնը, ան բոլոր հողերը կը բաժնէ գիւղացիներուն, արհեստակցական միութիւններու աշխատանքը կ՛օրինականացնէ եւ կը լծուի ժողովուրդի ընկերային բարեկեցութեան ապահովման:

3.- Հայապահպանում. 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տեղահանութենէն ետք հայութիւնը կը տարածուի աշխարհի չորս ծագերը, եւ այսպիսով հիմքը կը դրուի հայկական սփիւռքին:

Սփիւռքը` իբրեւ հայ ազգի կարեւոր մէկ մաս, չէր կրնար անկազմակերպ վիճակի մէջ մնալ. ՀՅԴ-ն իր մեծ ներդրումը ունեցաւ սփիւռքի կազմակերպման մէջ: Ան կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ հիմնեց իր միութիւնները, ինչպէս` մարզականը (ՀՄԸՄ), մշակութայինը (Համազգային), կնոջական-բարեսիրականը (ՀՕՄ), ինչպէս նաեւ` պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները:

ՀՅԴ-ն իր բոլոր ջանքերը ի գործ դրաւ սփիւռքի մէջ հայեցի դիմագիծի պահպանման ու զարգացման առումով. ուր որ կազմակերպական կառոյց ունէր, այդտեղ հայ ազգային հոգին արթուն պահեց, զարգացուց հայկական մշակոյթը` հրատարակութիւններով, թերթերով եւ ժողովրդային ձեռնարկներով: Իր միութիւններուն, հրատարակութիւններուն եւ հաւաքներուն միջոցով ան ձուլումի վտանգէն փրկեց սերունդներ:

Հայապահպանման ու սփիւռքի կազմակերպման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցան Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը եւ Սիմոն Վրացեանը:

4.- Ձախ-ազգայնականութիւն. Վերջին յիսնամեակին ընթացքին այս փուլն է, որ կ՛իշխէ ՀՅԴ-ի ազգայնական մտածողութեան հոլովոյթին վրայ եւ ան կը գործէ մինչեւ օրս:

1965-էն սկսեալ ոտք դնելով հայկական հասարակութեան մէջ` ան դարձաւ Հայ դատը հետապնդող հոսանքը:

Ան ծնունդ առաւ ազդուելով 1960-ական թուականներուն ընթացքին Պաղեստինի, Իրլանտայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ ծաւալած ազգային-ազատագրական շարժումներէն: Այս հոսանքը պարզաբանեց, որ հայկական սփիւռքի դերակատարութիւնը միայն սահմանափակուած չէ մշակութային մարզով, այլ նաեւ անիկա ունի իր քաղաքական դերակատարութիւնը. ան ապրիլ 24-ը սուգի օրէն վերածեց պայքարի օրուան, պայքար` յանուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման:

Հայ դատի կողքին, «նոր ձախ» շարժման գաղափարները կը թափանցեն հայութեան եւ յատկապէս ՀՅԴ-ին մէջ: Թափ կը ստանայ կուսակցութեան երիտասարդացումը, Հայ դատի մարմիններու հիմնադրումը, կիներու դերակատարութեան ընդլայնումը եւ յեղափոխական երաժշտութեան տարածումը:

Ձախ ազգայնականութեան գլխաւոր արժէքներն են` ազգային գերիշխանութիւնն ու ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը: Այս երկու արժէքներուն հաւատարիմ` ՀՅԴ-ն ղեկավարեց արցախեան շարժումը եւ իր լաւագոյն ուժերը նուիրեց յանուն  Արցախի անկախ հանրապետութեան կերտման` դառնալով արցախցիներու ժողովրդային ձայնը:

Այսօր ՀՅԴ-ի ձախ-ազգայնականութիւնը իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ ծրագիրի հետեւեալ կէտին մէջ. «Ընկերվարութիւնը կը ձգտի, ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատութեան, նոյնպէս ազգերու, իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններու, ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան:Այս զուգահեռ պայքարները կը մղուին ժողովրդավարական միջոցներով, իսկ ժողովրդավարութեան խափանման պարագային, նաեւ` յեղափոխութեամբ»: Ան մէկ կողմէ կը շարունակէ Հայ դատի պայքարը, միւս կողմէ ալ հայապահպանման կողքին հայազարգացման գործը յառաջ կը մղէ:

Ձախ-ազգայնականութիւնը կը տարբերի աջակողմեան ազգայնականութենէն` հետեւեալ հիմնական կէտերով (որոնք նաեւ տեղ գտած են ՀՅԴ ծրագիրին մէջ).

Ա.- Կ՛ընդդիմանայ ցեղապաշտական գաղափարներուն. «Մերժելի է, սակայն, ազգային բացառիկութեան ամէն գաղափար եւ ազգայնամոլութեան ամէն երեւոյթ` իբրեւ մարդկային ընկերութեան բնականոն զարգացումը արգելակող դրսեւորումներ»:

Բ.- Դէմ է ծաւալապաշտ գաղութատիրական ձգտումներուն. «Մեծապետական ուժեր կամ տնտեսապէս յառաջացած համակարգեր` բազմազգեան եւ անդրազգեան ընկերութիւններ` յաւելեալ դրամագլուխ, հումք, շուկաներ ու փոխադրական ուղիներ ապահովելու համար, քաղաքականապէս կամ տնտեսապէս տիրապետած են ժողովուրդներու, ազգերու, պետութիւններու»:

Գ.- «Ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքներու յարգում» (ՀՅԴ ծրագիրի «Քաղաքական առաջադրանքներ» բաժին):

Դ.- Համերաշխութիւն կը յայտնէ միւս ազգերու ազգային ազատագրական պայքարներուն, ինչպէս որ ՀՅԴ-ն իր պատմութեան ընթացքին ոչ միայն քաղաքական գետնի վրայ, այլ նաեւ ռազմականապէս մասնակից դարձաւ մակեդոնական եւ քրտական շարժումներուն:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 99-Ամեակէն Ետք

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?