Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. – 120-ամեայ Խանասորի Հետքերով
«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան, որ ընդունակ ենք յեղափոխական կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու:... Ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, թէ հայն ալ գիտէ կռուիլ ազատութեան համար»: Խանասորի արշաւախումբի հրամանատար` ՎԱՐԴԱՆ Պարզ զինուորական գործողութեամբ մը կամ արշաւանքով մը պէտք չէ բաւարարուիլ, երբ կը տօնենք ու կը նշենք Խանասորի արշաւանքը: Ընդհակառակը, հայոց պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, որ Խանասորի արշաւանքը այն անդրանիկ արարքն է, որ...




















