Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համասեփականատիրոջ Գիտակցութեամբ (Ռատիոթոն 2016-ի Առիթով)

Դեկտեմբեր 6, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khem_120516

Բնականաբար Արցախի զարգացման միտուած օժանդակութիւնները այս տարի պիտի կեդրոնանային ապրիլեան պատերազմի պատճառով աւերուած շրջաններու վերականգնման վրայ: Պատերազմը, թէկուզ քառօրեայ, հսկայական հետեւանքներ կ՛ունենայ տարբեր առումներով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւս ընթացիկ տարուան հանգանակութիւններու նպատակը միացուցած է այս առաջնահերթութեան, եւ հայկական աշխարհը իր լուման կը ներդնէ առաջնային այս գործին:

Պատերազմի առաջին օրը ամբողջ հայութիւնը արտակարգ տարողութեամբ, արագութեամբ եւ ընդառաջումի չափով միասնականութեան գագաթ նուաճեց եւ փութաց կամաւորագրուելու` մեկնելու առաջնագիծ հայ զինուորին կողքին կանգնելու, ամէն տեսակի օժանդակութեամբ մասնակից դառնալու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Բարոյահոգեբանական այս ակներեւ մակընթացութեան բնականօրէն պիտի յաջորդէր դանդաղ տեղատուութիւն. ի վերջոյ զինադուլի հաստատման առընթեր մարդիկ պիտի վերադառնային իրենց կեանքի բնականոն հունին:

Սակայն միասնականութեան եւ մանաւանդ մասնակից դառնալու այս համաժողովրդային դրսեւորումը որքան ալ հայրենասիրական մղումներով ըլլայ, այնուամենայնիւ սեփականութիւն պահպանելու մարդկային բնազդային բացատրութիւններ ունի. սեփականը պաշտպանելու ինքնամղումը շատ հասկնալի է, երբ վտանգը կը վերաբերի սեփական ընտանիքին, սեփական ունեցուածքին, սեփական հայրենիքին:

Այս սեփական հայրենիքին հետ կապուած խնդիրներուն համաժողովրդային մասնակցութիւնը պիտի ունենայ մնայուն ու շարունակական բնոյթ եւ ոչ թէ դրսեւորուի միայն ճգնաժամի պարագային:

Եւ եթէ համաժողովրդային միաւորումը կը յաջողի կասեցնել հակառակորդի ծրագիրները, կրնայ յաջողիլ նաեւ ապահովել հայրենիքի զարգացումը: Այս տրամաբանութիւնը շարունակելով է, որ հայրենիքի սեփական ըլլալու գիտակցական մօտեցումը դրսեւորում պիտի ունենայ համայն հայկական աշխարհին մէջ: Ոչ հայրենաբնակ հայը եւս հայրենիքի տարբեր ոլորտներու կայացման եւ զարգացման գործին համասեփականատէր դարձնելու առաջադրանքը սկսած է հնչել մեր երկրի ամէնէն բարձր դիրքերէն: Խօսքը շեշտակիօրէն սփիւռքի նկատմամբ պետութեան ունեցած հայեցակարգային փոփոխութեան մասին է:

Ճգնաժամերուն ստեղծուող համաժողովրդային միաւորումը շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ, երբ մինչեւ ճգնաժամը համաժողովրդային միաւորման նոյն տարողութեամբ նախապատրաստութիւնները կայանան: Այսինքն, բնակեցումը, արտահոսքի դէմ պայքարը, հայրենիքը ներդրումային դաշտի վերածելու համար որդեգրուող ռազմավարական քայլերը, տնտեսութեան բարելաւման համար մենաշնորհի վերացման դէմ տարուող պայքարը, նորացուած սահմանադրութեան կենսագործումը, ընտրութիւնները անբիծ կայացնելու համար տարուող աշխատանքներուն լծուիլը եւ նման առաջադրանքներ կարիքը ունին բոլորին մասնակցութեան: Այստեղ մասնակցութիւնը չի կրնար այլեւս բաւարարուիլ միայն հայաստանաբնակներով:

Մարտահրաւէրները բազմակի են, հայկական մարդուժի օգտագործումը սահմանազատումներ չի կրնար դնել ներկայ պայմաններուն մէջ:

Լիբանանահայ համայնքը հայրենաշինութեան տարբեր ուղղութիւններով յատկանշուող զանազան աշխատանքներու մասնակցութեան առաջին դիրքերը գրաւած է բոլոր ժամանակներուն: Գումարայինէն անդին մասնակցութեան, ընդառաջումի եւ անմնացորդ ներկայանալու հրամայականի մասին են օրակարգային կարեւորութիւն ներկայացնող ընդգծումները:

Հիմա ապրիլեան պատերազմի պատճառով աւերուած քաղաքներու, տուներու, դպրոցներու, ենթակառուցուածքներու վերականգնողական աշխատանքներու մասնակցութիւնն է: Թիրախային գումարը` իր հերթին: Կարեւոր է համասեփականատիրոջ ոչ անպայման իրաւունքով, որքան գիտակցութեամբ մասնակցութիւն բերել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին կողմէ կազմակերպուած ռատիոթոնին:

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Առաջին Դատական Քայլը Թուրքիոյ Դէմ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Կը Բանայ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ` Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանին Վերադարձը

Յաջորդը

«Մեզի Համար Անկախութիւնը Կեաւուրին Կեաւուր Ըսել Կարենալն Է» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?