Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 7-ին, 28 տարի առաջ, Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով դիտեց ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ:
Դեկտեմբեր 1988-ի այս օրը, ժամը ճիշդ 11:41-ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները` ընդհանրապէս Գիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառին պարզ, բայց արհաւրալի իմաստով… փուլ եկան:
Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց ամբողջ շէներ, համատարած աւերակոյտի տակ թաղեց 10.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, ուր կ’ապրէր շուրջ 1 միլիոն բնակիչ: Ուժեղ աւերման ենթարկուեցաւ աղէտահար այդ գօտիին 3000 քառակուսի քիլոմեթրը: Աւերուեցան 11 քաղաք եւ 58 գիւղեր: Տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր: Անօթեւան մնացին 514.000 անձեր:
Ինչ կը վերաբերի մարդկային կորուստներուն, զոհերու թիւը եղաւ 25.000, հետեւեալ տեղաբաշխումով.
– Գիւմրի` 17.000:
– Սպիտակ` 4000:
– Վանաձոր` 1200:
– Ախուրեան` 500:
– Ստեփանաւան` 125:
Փլատակներու տակէն հանուեցան 45.000 մարդ, հիւանդանոցային խնամք ստացաւ 12.500 հոգի: Աղէտի գօտիէն տարահանուեցան 120 հազար մարդ (կիներ, ծերեր եւ երեխաներ), որոնց 75 հազարը` Հայաստանէն հեռացաւ:
Ընդհանուր գնահատումով` աղէտին պատճառած նիւթական ուղղակի կորուստներուն արժէքը եղաւ 10 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնուած է Աղէտի գօտին: Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ: Գիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ` Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները:
Բայց դեռ չէ անցած կսկիծը. հարիւր հազարաւորներ այսօր կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը:
Աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը այս օրը վերստին կ’ոգեկոչէ 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժին տարելիցը` սգալով մահը իր հարազատներուն եւ կորուստը սերունդներու վաստակին:
Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ո՛չ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ` ողջ աշխարհին ու մարդկութեան:
Սպիտակի աղէտը յառաջացուց միջազգային սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով` մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ոգին:
Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական ուժգնութիւնը: 6,9 աստիճանի երկրաշարժը այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ երկրի ընդերքին անդուլ խմորուող շարժերն ու ժայթքերը ուսումնասիրելու` կանխատեսելու եւ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած ըլլար, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային եւ պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ըլլային բնական աղէտներուն արագօրէն ընդառաջելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու յարմարութիւններով:
Փաստօրէն, Սպիտակի երկրաշարժին դէմ յանդիման, Խորհրդային Միութեան տարողութեամբ 20-րդ դարու գերուժը ցոյց տուաւ իր ահաւոր թափթփածութիւնը, ինչ որ ախտանշական իմաստ ունեցաւ նաեւ արեւմուտքի թէ արեւելքի բոլոր գերուժերուն համար, որոնք իրենց կարգին անդրադարձան սեփական թերիներուն եւ անպատրաստուածութեան` բնական աղէտներու դիմագրաւման մէջ:
Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ: Ո՛չ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլ նաեւ` մէկ մարդու պէս Աղէտի գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը:
Աղէտէն ամիսներ առաջ, Արցախեան շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն կրցաւ, Աղէտի գօտիին օգնութեան հասնելու իր զօրաշարժով, ջնջել իր ամբողջական յաղթարշաւը արգելակող հին թէ նոր… սահմանագիծերը:
Սպիտակի արհաւիրքին դէմ յանդիման իր ապրած խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ` հայ ժողովուրդը շարունակեց Ղարաբաղի միացում եւ ազատ ու անկախ հայրենիք պահանջել եւ, համազգային վճռականութեամբ մինչեւ յաղթանակ պայքարը շարունակելու մարտունակութեամբ, բռո՛ւնցք բարձրացնել:
Ինչպէս ամէն տարուան 7 դեկտեմբերին, այսօր եւս աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հայեացքը վերստին կ’ուղղուի դէպի Սպիտակ ու Աղէտի գօտի` անդարձ մեր կորուստներու անանց կսկիծով, բայց նաեւ չսպիացող մեր վէրքին ու ցաւին ընդմէջէն` ազգային մեր պահանջատիրութիւնը վերանորոգելու եւ հայութեան պայծառ գալիքը նուաճելու հաստատակամութեամբ:
Դառնութեամբ կը վերյիշենք աղէտը եւ դառնութեամբ կ’անդրադառնանք որ տակաւին աւերուած բնակարաններուն տեղ նորեր չեն շինուած եվ մարդիկ անպատսպառ կը սպասեն իրենց կարգին: