Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերասլաց Պահ Մը Հայկ Ազարեանի Ստեղծագործութեան Հետ

Դեկտեմբեր 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Լսելն ու ականատես ըլլալը որքա՜ն տարբեր բաներ են:Աբովեան քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս  եկեղեցւոյ մասին հիասքանչ արտայայտութիւններ լսած էի` թէ՛ կառոյցի, խաչքարային քանդակներու եւ թէ՛ սրբապատկերներու եւ գմբէթի պատկերազարդ «ներկայութեան» մասին: Անցեալ  տարուան մայիսեան  տօնական օրերուն, երբ հայրենիքի մէջ կը գտնուէի, այցելեցի նաեւ Աբովեան քաղաք` տեսնելու համար հրաշափառ տաճարը…

Առաջին իսկ հայեացքով գմբէթը վերածուեցաւ գերերկրային ներկայութեան: Երկնակամարը, իրօք, պահ մը ներքեւ` իմ մօտ իջաւ, որ ես կարենամ հաղորդուիլ հզօր ծածկոյթին հետ: Սերովբէներ, քերովբէներ լուսապսակներով, մականներով վեր փոխադրեցին զիս. որերո՞րդ երկինք, միայն յայտնի էր հոգիին: Ոտքերս  երկրէն կտրուած որքա՞ն մնացի երկնասլաց  հրեշտակագունդերուն հետ, դժուար էր ըսել: Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, սպասող    ընկերակիցներս անդրադարձուցին,  թէ շատ երկար էր…

Աղօտ յիշողութեանս մէջ, սակայն, տարուան մը հեռաւորութենէն, անջինջ դրոշմուած փայլատակումներ մնացին ,որոնք բնաւ պիտի չջնջուին մտքէս, մանաւանդ` հոգիէս, այնքան ատեն որ կենդանի եմ, եւ ա՛լ աւելի պիտի պայծառանան:

Ոսկեգոյն ետնապատկերէն  հրեշտակները ակնդէտ կը հսկէին, այնպէս ինչպէս երկինքէն, որուն հետ միաձուլուած այս քնքուշ, բայց մանաւանդ զօրեղ ու հուրհրատող էակները իջած ըլլային կարծէք զիս իրենց հետ վեր փոխադրելու:

Ջերմ ու ժպտող զուարթուններ կենդանի էին ու իրական, այո, պայծառ ծիրանիներով, մուգ կարմիր ու կապոյտ հանդերձներով, կենդանարար կանաչով, ջերմ ու ազնուագոյն հզօր  թագաւորի մը  պալատը  կը  փոխադրէին, մտերմիկ երկնային ժողովի մը հրաւիրելու: Նուրբ ու բարակ ձեռքերով, նուրբ, բարի, երկրին չհպած ոտքերով, օգնութեան ու արդարութեան համար հասնող մականներով, լուսապսակներով, գոյնի եւ լուսաստուերի ներդաշնակ համադրումով դրախտային ոլորտ մը կը ստեղծէին երկրի վրայ, ոտքերուս հպած այն երկրին, որ նախադրախտն էր արդէն: Երկնային նոր տիրապետութիւն մը, սեփականութիւն մը ներքին նոր թագաւորութիւն մը ստեղծելու իջած ըլլային կարծէք:

Պրպտումներէս  կ՛իմանամ, որ Երեւանի ծնունդ, սրբանկարիչ Հայկ սրկ. Ազարեան Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան նկարչական ուսումնարանն ու  Էջմիածնի ճեմարանը  աւարտելէն  ետք, կ՛աւարտէ Պուքրէշի եկեղեցական նկարչական դպրոցն ու պետական համալսարանի աստուածաբանութեան ճիւղի արուեստի գործերու վերականգնման բաժինը, այնուհետեւ կը պաշտպանէ իր թեկնածուական թէզը` սրբապատկերի աստուածաբանութիւնը նիւթով:

Ետքը կ՛իմանամ նաեւ, թէ ոչ միայն Աբովեան քաղաքի հրաշալի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ սրբապատկերներն ու որմնանկարներու հեղինակն է Հայկը, այլ նաեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Աննա նորակառոյց եկեղեցւոյ սրբապատկերները ստեղծողն է: Արուեստագէտ Հայկ Ազարեանը, նոր եւ ինքնուրոյն շունչ բերելով հանդերձ մեր նորօրեայ եկեղեցական գեղանկարչութեան,  նաեւ պահպանած եւ յարգած է պատկերագրական բոլոր կանոնները: իր բոլոր գործերը սերտ կապուած են համաքրիստոնէական եւ հայկական  եկեղեցական  սրբանկարչութեան աւանդոյթներուն եւ արուեստին հետ:

Կիլիկեան արուեստը քանի որ մաս կը կազմէ Միջերկրականի աւազանի բիւզանդական արուեստին, հայկական  արուեստին մէջ, (Դեհիսիս)ին կը հանդիպինք շատ վաղուց, միջնադարեան նկարչութեան մէջ:Թէեւ սրբապատկերներու օրինակները սակաւաթիւ են սակայն ամէնէն յատկանշականներէն է, Տաթեւի Սուրբ Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ սրբապատկերը, 930 թուական, աւելի ուշ` Կեչառիսի գլխաւոր եկեղեցի, 1051  թ., Հաղբատի սուրբ նշան եկեղեցի   1215թ., Քոբայրի եկեղեցի, 1282թ.: Ուրեմն հայկական գեղանկարչութեան մէջ տասներորդ դարէն սկսեալ արդէն իսկ ունէինք Դեհիսիսը` Քրիստոսի, Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտչի մասնակցութեամբ:

Դեհիսիսի  թեման նոյնպէս ոգեշնչած է հայ մանրանկարիչները, ինչպէս` Թորոս Ռոսլինի նկարազարդած Մալաթիայի Աւետարանը, 1267 թուական եւ Կեռան թագուհիի Աւետարան,1272 թ.: Այս պատկերներուն եւ ընդհանրապէս Դեհիսիսի մէջ միշտ գահին բազմած պատկերուած է Քրիստոսը, իսկ երբեմն ալ երկու կողմը, Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտիչին տեղ` Եղիան եւ Մովսէսը:

Ռումանիոյ Հայ առաքելական եկեղեցին զարդարող Դեհիսիսը  Հայկ սրկ. Ազարեան պատկերած է որպէս նուէր Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին:

Թեման կը ներկայացնէ Փրկչին երկրորդ գալուստը` Աստուածամօր եւ Յովհաննէս Մկրտչի ուղեկցութեամբ: Պատկերին մէջ Քրիստոս նստած է իր գահին վրայ աջով կ՛օրհնէ, իսկ ձախ ձեռքին ունի ականազարդ Աւետարանը:

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ զուարթունները պատճառ կը դառնան, որ աչքերուս առջեւ պարզուի նոր համայնապատկեր մը, որուն բանալին Հայկ սրկ. Ազարեանի մօտ կը գտնուէր, մտնելու նորաոճ բայց արեւելեան յատուկ բոյրով օծուն ու հայկական վրձնին յատուկ  հպումներով  նորանոր  յայտնագործումներու ոգեղէն զգլխիչ խրախճանքի մը  ականատեսը ըլլալու:

Հալէպ, 2016

 

 

 

 

Նախորդը

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով. «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Յաջորդը

Հարցազրոյց «Թիչ Ֆոր Արմենիա» Կազմակերպութեան Հաւաքագրման Եւ Ընտրութեան Տնօրէնի Թենի Աւագեանին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?