
Հայ աւետարանական քոլեճի 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտ Լոռի Եունիսէս շահած է Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի ամերիկեան համալսարանի «Նոր ձեւաւորուող համաշխարհային առաջնորդ» (Emerging Global Leader) կրթանպաստը` հանդիսանալով 1225 թեկնածուներէն միակը: Լոռի կը ծրագրէ մասնագիտանալ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղին մէջ` առաւելաբար կեդրոնանալով միջազգային եւ մարդկային իրաւանց օրէնքներու վրայ: Ան կը նշէ, որ իբրեւ միջազգային օրէնքի մասնագէտ` կ՛ուզէ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն, իսկ Լիբանանի մէջ հաստատել կրթանպաստի հիմնարկ մը` բոլոր այն մանուկներուն համար, որոնք փողոցները կը մուրան, հաւատալով, որ ուսեալ սերունդը Լիբանանի յառաջդիմութեան համար կարեւոր ազդակ մըն է:
***
2016-2017 տարեշրջանի ՀԱՔ-ի 10-րդ դասարանի ընթացաւարտ Պօղոս Պօղոսեան անցնող տարուան ընթացքին մասնակցեցաւ Աշխարհի միացեալ քոլեճներու (United World Colleges) մրցանքին եւ շահեցաւ ամբողջական կրթանպաստ, որ առիթ տուաւ իրեն երկրորդական ուսումը շարունակելու UWC-ի Դիլիջանի Միջազգային քոլեճին մէջ: Պօղոսին շահած երկամեայ կրթանպաստը, որուն նուիրատուն է Թալին Տեմիրճեան-Պաշեան, յատկացուած էր բացառապէս լիբանանահայ ուսանողներու: Պօղոս կը յուսայ, որ Դիլիջանի ՄՔ-ին մէջ ուսումնառութիւնը իրեն պիտի տայ առիթը` ստանալու բազմակողմանի կրթութիւն եւ ծանօթանալու զանազան մտածողութիւններու: Ան կը հաւատայ, որ այդպիսով կրնայ հասնիլ իր երազի իրականացման` մասնագիտանալ քաղաքական գիտութիւններու մէջ, այն վեհ նպատակով, որ քաղաքական կեանքէն բացակայ մարդկայնութիւնը կրնայ վերագտնել իր տեղը երկիրներու քաղաքական յարաբերութեանց մէջ:



