ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Քոյր, եղբայր եւ համայն հարազատներ` իրենց ընտանիքներով, պապիկներով ու տատիկներով, մեծերով ու փոքրերով, Հայաստանէն ժամանող օդանաւի հասնելէն ժամեր առաջ հասած են Լոս Անճելըսի «Թամ Պրատլի» օդակայանը` դիմաւորելու Երեւանէն ժամանող իրենց գերդաստանի վերջին ընտանիքը: Միւսները տարիներէ ի վեր կը «վայելեն» Ամերիկան:
Օդանաւը էջք կատարած է, եւ «շքախումբը» կ՛ուղղուի դէպի Հոլիվուտի «Լիթըլ Արմինիա» թաղամասը:
«Մեծն» Հայաստանէն` «Փոքրիկ Հայաստան»:
– Պրծա՛նք:
– Աչքերնիդ լո՛յս:
Երջանիկ են: Գերդաստանը ամբողջութեամբ փոխադրուած է Լոս Անճելըս:
Հարազատներու խնդրանքներուն, «աղաչանքներուն» եւ քաջալերական խօսքերուն ընդառաջելով է, որ վերջապէս համաձայնած էին միանալ եւ բոլորը միասին վայելել Ամերիկայի «շքեղ» կեանքը:
– Մի անգամ պիտի ապրենք, էլի՛ թող որ «մարդու» նման ապրենք,- թութակի նման յաճախ կրկնուած նախադասութիւն մը:
* * *
Լոս Անճելըս ժամանումէն քանի մը օր ետք առաջին պտոյտը` դէպի «Լոյսերու քաղաք», Լաս Վեկաս, «բախտերնին փորձելու, ուրկէ կը վերադառնան քանի մը հարիւր տոլար շահով:
Ազգականներէն իւրաքանչիւրը հերթի կը սպասէ պտոյտներով «շլացնելու» իրենց նոր ժամանած հարազատները: Կը ջանան լաւ տպաւորել նոր ժամանողները:
Տիզնիլենտ, Եունիվըրսըլ սթիւտիոզ, Սան Տիեկօ սի ուըրլտ, ամիս մը չանցած` արդէն իսկ այցելած, վայելած ու շլացած են: Երջանիկ են, նաեւ կը զղջան աւելի կանուխ եկած չըլլալնուն համար եւ այդ տարիները «ժամանակի կորուստ» կը համարեն:
Հաճոյքները իրարու կը յաջորդեն: Հարսանիք, ճաշկերոյթ եւ երգահանդէսներ անպակաս են: Մոռցած են, որ տակաւին հարազատներու մօտ կը մնան, եւ հարկաւոր է գործ փնտռել, աշխատիլ եւ տուն մը վարձելու մասին մտածել:
Օդակայանէն տուն վերադարձին հարազատները իրարու հետ կը «կռուէին»: Իւրաքանչիւրը կը փափաքէր իր տունը պահել: Շատ չանցած` սկսած են իրարու «հրամցնել»:
– Մի քիչ էլ ուրիշին տանը թող մնան, էլի՛:
4 հոգի հաշուող ընտանիք մը մէկ ննջարանով յարկաբաժինի մէջ, ոչ մէկ տանտէր կ՛ընդունի, իսկ 2 ննջարանով յարկաբաժնի մը ամսական վարձքը իրենց ակնկալածէն շատ աւելի բարձր է եւ ոչ դիւրամատչելի` տակաւին անգործ ընտանիքի մը համար:
Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին ոչ այնքան մաքուր շրջանէ մը երկու ննջարանով յարկաբաժին մը վարձել ու կը փոխադրուին իրենց նոր բնակարանը:
Ցած առաստաղով, շրջապատուած` աղմկոտ դրացիներով, երկրորդ յարկի վրայ, երկու փոքր սենեակներով յարկաբաժին մը:
Տան պատշգամին վրայ, կամ շէնքի մուտքին ծխելը արգիլուած է: Ամուսինը մոլի ծխող է ու կը ստիպուի շէնքէն բաւական հեռու վայր մը երթալ ծխելու «հաճոյքը» գոհացնելու համար: Յաճախ կը ծուլանայ եւ կը ծխէ տունէն ներս, երեխաներուն համար այնքա՜ն հակաառողջական, թէպէտեւ Հայաստանի մէջ շատ բնական եւ ընդունուած սովորութիւն է այդ մէկը:
Նոր տունը փոխադրուած շաբաթավերջին հարազատները իր տունը կը հրաւիրէ «մի լաւ քէֆ անելու»: Նոր գնած կրակարանը կը զետեղէ տան պատշգամը ու տակաւին խորովածը չաւարտած` հրշէջի եւ ոստիկանական ինքնաշարժներ կը հասնին շէնքի մուտքին եւ անմիջապէս մարել կու տան կրակը: Դրացիներէն մէկը տեղեկացուցած է «անօրէն» արարքը:
«Էս ի՞նչ տեսակ երկիր է, ա՛յ մարդ, անգամ քո տան մէջ, չես կարող ո՛չ ծխել, ո՛չ էլ խորոված սարքել»:
* * *
Լաս Վեկաս եւ մնացեալ հաճոյքի վայրերը այցելելէ ետք, վերջապէս կը մտածեն այցելել իրենց հարազատներու գերեզմանները:
Առաջին յուսախաբութիւն:
Երեւանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի եւ բաւական մեծ գումարներ կը ծախսուին ննջեցեալներու գերեզմաններուն վրայ շիրմաքարեր կառուցելու: Յաճախակի այցելութիւն` գերեզմանատուն, ուր նաեւ տեղի կ՛ունենայ կերուխում` «ընկերակցութեամբ» իրենց հանգուցեալներուն:
Լոս Անճելըսի գերեզմանատուներու մէջ չեն հանդիպիր շիրմաքարերու: Մետաղեայ փոքրիկ ցուցանակի մը վրայ նշուած է հանգուցեալին ծննդեան ու մահուան թուականները: Նոյնիսկ խաչ չէ զետեղուած, եւ իրենց վերջնական հանգստարանը շրջապատուած է տարբեր ազգի եւ կրօնի «դրացիներով», մինչ ընտանիքին մահացած տարբեր հարազատներէն իւրաքանչիւրը թաղուած է միւսներէն բաւական հեռու տարբեր վայրի մէջ:
Երեխաներէն մէկը չափէն աւելի ջերմութիւն ունի, եւ կը փոխադրեն իրենց բնակած շրջանի ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը:
Չունին բժշկական ապահովագրութիւն եւ մէկ գիշերուան հիւանդանոցի այցելութեան համար կը վճարեն Լաս Վեկասէն շահուած գումարին գրեթէ կրկինը:
Խորհրդային տարիներուն խորհրդային երկիրներէ ժամանողները կը ստանային պետական նպաստ եւ ձրի բժշկութիւն: Ներկայիս ժամանակները փոխուած են: Խորհրդային Միութիւն գոյութիւն չունի եւ Միացեալ Նահանգներ կարիքը չեն զգար այդ քարոզչութեան, ի մասնաւորի` անոնց համար, որոնք ժամանած են որպէս զբօսաշրջիկներ, եւ իրենց կեցութեան արտօնագրին թուականը արդէն իսկ աւարտած է:
Անբացատրելի դժուարութիւններ իրարու կը յաջորդեն: Ամուսինը չնչին աշխատավարձով, «տակից», կ՛աշխատի հայու մը մօտ, որ առիթէն օգտուելով` կը շահագործէ անօրէն աշխատող գործաւորը ու կը վարձատրէ օրինաւոր նուազագոյն սակէն շատ աւելի նուազ աշխատավարձով:
Կինը, որ Երեւանի մէջ «կեանքում չէր աշխատած», ստիպուած` կ՛աշխատի դարձեալ հայուհիի մը քով` փոքր երեխաներու նայելով, եւ նմանապէս կը վարձատրուի չնչին աշխատավարձով մը:
Երեխաները կը յաճախեն պետական վարժարան: Անգլերէն լեզուին` բոլորովին անծանօթ: Ծնողքը նոյնպէս անծանօթ են անգլերէնին եւ կարելիութիւնը չունին երեխաներու դասերուն օգնելու:
Սկսած են տրտնջալ, եւ զղջումի նշաններ ի յայտ կու գան:
Հարազատները կը ջանան մխիթարել:
– Համբերութիւն է պէտք, էլի՛: Մի օր լաւ կը լինի: Ո՞վ ասաց, որ մենք հէնց առաջին օրից դրախտի մէջ էինք ապրում:
Ըստ երեւոյթին, ներկայիս «դրախտի» մէջ են:
Գանգատները օրէ օր կը բազմապատկուին:
– Արա՛, մեր ի՞նչ գործն էր, որ թողեցինք մեր հայրենիքը եւ եկանք էս «աֆերիստ» երկիրը:
Երեւանի տուներնին չնչին գումարով ծախուած է: Հետերնին բերած գումարը` շատոնց սպառած:
* * *
Հայը միշտ գաղթական եղած է:
1915: Ջարդ, կոտորած եւ գաղթ:
Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան դատարկուած են, իսկ մայր հողի վրայ մնացողները` բռնի իսլամացած:
Քանի մը տասնամեակ հազիւ անցած` ունեցանք սփիւռք: Դպրոց ու եկեղեցի:
Միջին Արեւելքի մէջ բարգաւաճեցաւ հայութիւնը: Ունեցանք մամուլ եւ մարզական միութիւններ:
1947: Շռայլ խոստումներու հաւատք ընծայելով, բարգաւաճ ապրելակերպի մը ակնկալութիւններով` զանգուածային ներգաղթ, եւ կարճ ժամանակ ետք` յուսախաբութիւն:
Ներգաղթողներէն շատեր աքսորուեցան Սիպերիոյ սառնամանիքները:
Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակ վիճակ: Պատերազմ ու աւեր:
Ակամայ արտագաղթ` Իրանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:
Լոս Անճելըս սկսած է դառնալ սփիւռքի մեծագոյն գաղութներէն մէկը:
Շատեր գոհ են: Ուրիշներ` դժգոհ եւ իրենց ծննդավայրը կը փնտռեն:
«Պէյրութի ռումբերը հոսկէ լաւ են»:
«Մեր Հալէպը տարբեր էր»:
«Թեհրանի մեր բնակած տունը Սպիտակ տունէն աւելի մեծ ու շքեղ էր»:
Հալէպէն Քանատա հաստատուած գաղթական հայեր.
«Ժամանակին Սիպերիա կ՛աքսորուէին, իսկ ներկայիս կամովին մենք մեզ աքսորեցինք տարբեր «սառնարան մը»:
Ներկայիս ունինք վերանկախացած հայրենիք մը: Ունինք երիտասարդ սերունդ մը, որ արհեստագիտութեան մէջ կրնայ մրցիլ արեւմտեան որեւէ երկրի քաղաքացիներու հետ, սակայն արուեստագէտէն մինչեւ համակարգչային մասնագէտը գործ ճարելու դժուարութեան մէջ են:
Չքաւորութեան պատճառով տուներ, հողաշերտեր եւ տարբեր տեսակի կալուածներ սկսած են ծախուիլ օտարներու:
Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Իրանէն բաւական մեծ թիւով օտարներ արդէն իսկ կալուածատէրեր դարձած են… մեր հայրենիքի հողին վրայ:
Խորհրդային տարիներուն յայտնի արուեստագէտներ կ՛այցելէին սփիւռքի զանազան գաղութներ ու կը վերադառնային հայրենիք:
Ներկայիս երիտասարդ արուեստագէտներ նոյնպէս կ՛այցելեն զանազան հայկական գաղութներ, սակայն անգամ մը որ մուտք գործեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կը մնան հոն, հոգ չէ թէ՛ անօրէն ու բանտարկուած, կը մնան «Ոսկիէ վանդակի» մը մէջ:
Քանի մը հարիւր ներգաղթողներու դիմաց, տասնեակ հազարաւորներու արտագաղթը յուսահատական կը դարձնէ մեր հայրենիքի ապագան:
Արտագաղթը կասեցնելու որպէս միջոց` «Երկաթէ վարագոյր» գոյութիւն չունի, սակայն օտարներուն կալուած ծախելու արգելքը կարելի է օրէնքի վերածել: Նմանօրինակ օրէնքներ արդէն իսկ գոյութիւն ունին Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր նոյնիսկ մեր ազգային կալուածները` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, արձանագրուած են վստահելի տեղացիի մը անունին, սակայն այդ «վստահելի» անձին մահէն ետք իր ժառանգորդներուն որքանո՞վ կարելի է վստահիլ:
Հարցական է:
* * *
Անդադար վէճ ու վիճաբանութիւն` երկու ամուսիններու միջեւ: Իւրաքանչիւրը մէկը միւսը յանցաւոր կը նկատէ Երեւանէն արտագաղթելու սխալին համար, մինչ երեխաները ուրախ են: Սկսած են տան ճաշերը չհաւնիլ: Կը նախընտրեն «պուրկուր»-ը (հեմպըրկըր) եւ «փիցցան»:
Ամուսինը կ՛առաջարկէ վերադառնալ եւ Երեւանի մէջ գործ մը չճարելու պարագային` «Կ՛երթամ Ռուսաստան աշխատելու», մինչ կինը`
– Շուտուանից, որ գայինք, մենք էլ կառավարութիւնից նպաստ կը ստանայինք»:
Քոյր, եղբայր եւ համայն հարազատներ` իրենց ընտանիքներով, պապիկներով ու տատիկներով, մեծերով ու փոքրերով հասած են Լոս Անճելըսի «Թամ Պրատլի» օդակայանը` ճամբու դնելու իրենց գերդաստանի միակ ընտանիքը, որ յուսախաբութիւններով լեցուն` վերջնականապէս կը վերադառնայ մայր հայրենիք:
– Հայրենիքիս չոր հացը օտար երկրի կարկանդակին հետ չեմ փոխի:
Լոս Անճելըս, 2017