ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
1 օգոստոս 2017-ին, Նիւ Զելանտայի ընդհանուր ընտրութիւններէն եօթը շաբաթ առաջ, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Անտրօ Լիթըլ դիմեց իր հրաժարականը տալու քայլին` իր կուսակցութեան ապահոված ցած արդիւնքներուն պատճառով: Ղեկը ստանձնեց իր փոխանորդ Ճեսինտա Արտըրնը` դառնալով Աշխատաւորական կուսակցութեան երկրորդ իգական սեռի ղեկավարը` Նիւ Զելանտայի նախկին կին վարչապետ եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) ղեկավար Հելլեն Քլարքէն ետք:
Ճեսինտա Արտըրն` 37-ամեայ կին քաղաքապետը, Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախկին նախագահն է` իրերայաջորդ երկու տարիներ շարունակ (2008-2010):
Փոքր տարիքէն (17 տարեկանէն) անդամակցած է Աշխատաւորական կուսակցութեան, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է կուսակցութեան երիտասարդական թեւին մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն վարած է քաղաքական պաշտօններ, ինչպէս` Նիւ Զելանտայի վարչապետ Հելլեն Քլարքի աշխատակազմին մէջ հետազօտող եւ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի աւագ քաղաքական խորհրդական:
2008-ին Արտըրն կը վերադառնայ Մեծն Բրիտանիայէն եւ կ՛ընտրուի Նիւ Զելանտայի խորհրդարանի անդամ` դառնալով Նիւ Զելանտայի խորհրդարանի ամէնէն երիտասարդ անդամը:
Ճեսինտա Անտըրն իր քաղաքական կեցուածքները կը նկարագրէ իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավարական եւ ֆեմինիստական. ան իր կեցուածքները բացայայտօրէն արտայայտած է իր հանրային ելոյթներուն ընթացքին:
Նիւ Զելանտայի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկը ստանձնելէն ետք, Ճեսինտա Անտըրն խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով ըսաւ. «Յաճախ կը խօսիմ անտառային պզտիկ քաղաքի մը մասին, ուր ես ապրած եմ` տանջուած անգործութեամբ եւ աղքատութեամբ: Բայց, երբ դուն անչափահաս ես, հաւանաբար չես տեսներ քաղաքականութիւն. դուն հաւանաբար կը տեսնես անարդարութիւն: Երբ դուն կը փնտռես առաջին տունդ (գնելու համար) կամ երբ կը դիմագրաւես բարձր վարձքեր, դուն հաւանաբար չես տեսներ քաղաքականութիւն. դուն միայն կը տեսնես յոյսի պակաս: Ոեւէ մէկը քաղաքագէտներէն չի պահանջեր արծաթէ գնդակ, բայց բոլորն ալ կը պահանջեն նոր յոյս տուող գաղափարներ, որոնք փոփոխութիւն կը խոստանան անոնց: Մեր տեսլականը աւելի լաւ, արդար Նիւ Զելանտայի ապագային համար է: Տեղ մը, ուր ամէն անհատ, անկախ ապրած վայրէն ու եկամուտէն, կը ստանայ ամէնէն լաւ կրթութիւնը եւ կը զարգանայ»: Ահա այս տողերուն մէջ կը գտնուին Արտըրնի ընկերվար- ժողովրդավարական արժէքները:
Շարունակելով իր գաղափարական ուղղութիւնները արտայայտել` նիւզելանտական «Նիուզրում» լրատուամիջոցին հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ճեսինտա Անտըրն յայտարարեց. «Շատեր կ՛ըսեն, թէ ես արմատական եմ. ես Մորինզվիլէն (արդիւնաբերական գործարաններով լի քաղաք) եմ. ուրկէ որ եմ, այնտեղ արմատական ըսելով կը հասկցուի, թէ մէկը «Թոյոթա» մակնիշի ինքնաշարժ կը նախընտրէ վարել, քան «Ֆորտ». ես ընկերվար-ժողովրդավար եմ. ես մեծապէս կը հաւատամ մարդու իրաւունքներուն, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հասարակական դերակատարութեան արժէքներուն»: Ան աւելցուց. «Մեր բարեկեցիկ պետութիւնը անհրաժեշտ է խոցելիութեան դէմ եւ նեցուկ կը կանգնի բոլոր անոնց, որոնք իրենք զիրենք չեն կրնար իրենց սեփական ուժերով ոտքի կանգնեցնել»:
Նիւզելանտական «Թի. Վի. 3» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Տը Փրոճեքթ» բանավիճային յայտագիրին ընթացքին յայտագիրին հեղինակը անոր հարցուց, թէ «բազմաթիւ կիներ Նիւ Զելանտայի մէջ կը զգան, թէ պէտք է ընտրեն կա՛մ երեխաներ ունենալ, կա՛մ ալ իրենց կեանքի ասպարէզը շարունակել. ուրեմն, ա՞յս է քու ընտրութիւնդ (վարչապետ դառնալ)»: Անոր համար պարզ բան մըն էր մէկ կողմէ կին ըլլալ, իսկ միւս կողմէ շարունակել իր կեանքի ասպարէզը: Ան իր այս համոզումը արտայայտեց հետեւեալ տողերով. «Ըստ ինծի, իմ դիրքս տարբեր չէ այն կնոջմէ, որ 3 գործ կ՛աշխատի կամ ալ այնպիսի դիրքի մը վրայ է, ուր ունի բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ»:
Նոյն պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան «Տը Էյ. Էմ. Շոու» բանավիճային յայտագիրին խօսնակը Անտըրնին հարցուց, թէ` «լա՞ւ բան է վարչապետի մը համար, որ մայրութեան արձակուրդ առնէ, երբ ան կը գտնուի պաշտօնական դիրքի վրայ»: Ան զայրացած պատասխանեց. «Անընդունելի է կնոջ մը համար 2017 թուականի ընթացքին պատասխանել այդ հարցումին` աշխատավայրին մէջ. 2017-ին կնոջ որոշումն է երեխայ ունենալը»:
Աւելի խորանալով կիներու իրաւունքներուն հարցով, «Թի. Վի. Էն. Զետ.» կայանի պատկերասփռած «1 Նիուզ» յայտագիրը կազմակերպած է բանավէճ մը, որուն եւս մասնակցած էր Անտըրնը (Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելէ առաջ). բանավէճը վիժումի հարցին մասին էր, որովհետեւ Նիւ Զելանտայի 1961-ի քրէական օրէնսգիրքին մէջ իբրեւ ոճիր ներառուած է նաեւ վիժումը: Բանավէճին ընթացքին ան ըսաւ. «Նիւզելանտացիները անակնկալի պիտի գան, երբ տեսնեն, թէ վիժումը մաս կազմած է 1961-ի քրէական օրէնսգիրքին»: Ան բացայայտօրէն կոչ ուղղեց` վիժումի ապաքրէականացման եւ օրինականացման:
Նիւ Զելանտայի ընդհանուր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 սեպտեմբերին` ընտրելու համար երկրին 52-րդ խորհրդարանը, որ այսօր կը գտնուի պահպանողական Ազգային կուսակցութեան մեծամասնութեան ձեռքը: Եթէ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն, Ճեսինտա Արտըրնը պիտի դառնայ Նիւ Զելանտայի իգական սեռի երրորդ վարչապետը, աշխատաւորականներու երկրորդ իգական սեռի ղեկավարը, իսկ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ընտրուած ղեկավարը: