Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմող լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներու աճիւններու ծինային համապատասխանելիութեան արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարութիւնը ցաւի համընդհանուր մթնոլորտին առընթեր տեղի տուաւ նաեւ քաղաքական բեմի վրայ ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու եւ հետաքննութիւններու պահանջի:
Լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան յաղթարշաւի ընթացքին իսկ քաղաքականացուած վերլուծումները, ահաբեկիչներու յանձնման գործողութեան համաձայնութեան տարատեսակ մեկնաբանութիւնները, ներլիբանանեան հարթութեան վրայ կասկածանքի մթնոլորտի զարգացումը սկսան երկրորդական կարեւորութիւն տալ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող ռազմական գործողութեան յաջողութիւններուն:
Հիմա, սակայն, աւելի առարկայական փաստերու առջեւ է, որ լիբանանեան պետութեան բարձրագոյն բեմերէն կը հնչեն իրադրութիւններու քողազերծման հրամայականը, հետաքննութիւններու մեկնարկին անյետաձգելիութիւնը եւ արգելափակուած ահաբեկիչներու ազատութեան մէջ յայտնուելով, անոնց ունեցած դերակատարութեան բացայայտումը` լիբանանցի զինուորներու սպանութեան գործին մէջ:
Կայ պատասխանատուութեան խնդիր եւ ամէնէն ճակատագրորոշ դեր ունեցած ըլլալու յանցանքով` հաշուետուութեան պարտադրանքին դիմաց կանգնելու պահանջ:
Այս բոլորը կրնան նպաստել, որ Լիբանանը դէպի իրաւական պետութիւն իր կայացման գործընթացին մէջ կարենայ առնել անհրաժեշտ քայլ: Ամենաթողութեան, անպատժելիութեան համոզումը հասարակութեան մօտ կրնայ դրական առումով խախտիլ, եթէ տեղի ունենայ քաղաքական նպատակներէ հեռու հետաքննութիւն, պատասխանատուներու բացայայտում եւ ապա արդարադատութիւն:
Լուրջ փորձաքարային հանգրուանի առջեւ է լիբանանեան արդարադատութեան համակարգը: Եւ եթէ նախ քաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուեցան աննախադէպ հանգուցալուծումներ, անդամալոյծ պետական համակարգը սկսաւ բանիլ բնականոն կերպով, պետութեան ղեկավար օղակները ունեցան իրենց համապատասխան ղեկավարները, ապա ռազմական գետնի վրայ վերակայացաւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն հեղինակութիւնը, երբ յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած պատերազմը ունեցաւ իր բարւօք աւարտը, յաղթանակը:
Հիմա ցաւի, միաժամանակ հպարտանքի, բայց նաեւ սուգի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ վեր կ՛առնուին պատասխանատուներու բացայայտման հրամայականները:
Եւ ինչպէս որ արագ ընթացան քաղաքական հանգուցալուծման իբրեւ հետեւանք հետեւող իրադրութիւններն ու ռազմական գործողութիւններու բերումով ահաբեկչական տարրերու մաքրազտումն ու սահմանամերձ գօտիներու ազատագրումը, ապա նաեւ կ՛ակնկալուի, որ նոյն կշռոյթով արդարադատութիւնը ըսէ իր խօսքը:
Ասիկա այն զգայուն ոլորտն է, որ կա՛մ կրնայ յաւելեալ անվստահութեան մատնել հասարակութիւնը, կա՛մ ալ վստահութեան վերականգնումով լիբանանցի ժողովուրդին մօտ ամրակայէ իր պետութեան հանդէպ հաւատքը:
Այս վստահութեան, հաւաստիութեան եւ արդար հասարակարգ վաստկելու անկիւնադարձին առջեւ է Լիբանանը շեշտակիօրէն, թեւակոխելէ ետք թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական ճակատագրորոշ հանգրուանները:
Սուգ է ու ցաւ, բայց նաեւ վստահութիւն վերականգնելու եզակի առիթ: Լիբանանցի նահատակ զինուորներու արիւնը լիբանանեան տարածքներ ազատագրելու առընթեր նաեւ ներլիբանանեան հաւատք եւ քաղաքացիական արդար հասարակարգ ձեւաւորելու գործընթացին կը ծառայէ անպայման:



