Յօդուածներ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր.- Արցախի Ճանաչման Ճանապարհը Աստիճանաբար Կը Հարթուի

Նախորդ շաբաթ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախեան հարցի էութեան պարզաբանման նպաստող ողջունելի երեք երեւոյթ արձանագրուեցաւ: Առաջինը թուրք լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու Արցախ այցելութիւնն էր: Անոնք յայտարարած էին, որ եկած են Արցախ` տագնապի էութեան իրազեկ դառնալու, թրքական հասարակութիւնը լուսաբանելու, եւ իրենց տպաւորութիւնները թուրք հանրութեան փոխանցելու համար` անտեսելով Ազրպէյճանի «սեւ ցանկ»-ին մէջ յայտնուելու սպառնալիքը: Թուրք մտաւորականներուն այցելութիւնը քանի մը իրողութիւն լուսարձակի տակ...

Երկու Խօսք

«Հայաստանը Կը Պարպուի Սփիւռքը Կը Մաշի»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան Արամ Ա. վեհափառի խօսքին մէջ այս հաստատումը քանի մը իմաստ ունի: Ընդհանրապէս փակման խօսքը վստահած էին վեհափառին, եւ հայրենի իշխանութիւնները կը սպասէին, որ ընդհանրական դրական կշռոյթով կարճ խօսքի մը սահմաններուն մէջ ըլլար պատգամը: Եթէ այդ օրը սրահը գտնուէիք, դուք ալ ականատես կ՛ըլլայիք հայրենի ղեկավարութեան դէմքի դժգոհութեան, հակառակ անոր որ հեռատեսիլի կարգ մը կայաններ...

Ցեղասպանութեան Կոթողէն Մինչեւ Օկիւսթ Ռընուարի Տուն-Թանգարանը

Ցեղասպանութեան Կոթողէն Մինչեւ Օկիւսթ Ռընուարի Տուն-Թանգարանը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Այս տարի մեր արձակուրդը որոշեցինք անցընել Ֆրանսայի հարաւային ծովեզերեայ քաղաքներէն` Քաննի մէջ: Թէեւ անձնապէս կը նախընտրէի ըլլալ Ծաղկաձոր, Ջերմուկ կամ Ստեփանակերտ, սակայն ներքին գործոց նախարարուհին` կինս, այլապէս էր որոշած... Արդ, գանգատելով հանդերձ, յունիս 30-ին Փարիզէն մեկնեցանք կապտաւուն եզերք (Քոթ տ՛Ազիւր)` երկու շաբթուան համար: Քանն եւ ամբողջ Միջերկրականի եզերքը գտնուող քաղաքները բոլորովին տարբեր պատկեր կը ներկայացնեն` բաղդատած Լիբանանի ծովեզերքներուն:...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2017-ին Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը իր դռները լայն բացաւ ընդունելու հին ու նոր աշակերտները, որոնք հաւաքուեցան սրահը, ուր ներկայացուեցաւ վերամուտի առիթով պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Թ. դասարանէն Լիլիանա Ալռքայպի կարդաց բացման խօսքը` բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ապա Է. Դասարանէն Ռիթա Սալլում դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը: Թ. դասարանէն Ռուբէն Մարտիրոսեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանէն մայրենիին...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2017-2018) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերը վերամուտն էր Հռիփսիմեանցի աշակերտներուն, որոնք վերամիացան  երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 սեպտեմբերէն կը յաճախէին դպրոց եւ վերընտելացած են դպրոցական առօրեային: Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մեկտեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշատակութեան նուիրուած խաչքարին դիմաց: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն յետոյ, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տեսուչ Կարպիս Գապասագալեանը, որ անդրադարձաւ ծնողներու եւ շրջանաւարտներու վերապրումներուն,...

Վերամուտը Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

Վերամուտը Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան  վարժարանի շրջափակին մէջ հնչեց վերամուտի առաջին զանգը, որմէ ետք աշակերտները ստացան Ս. հաղորդութիւն: Ապա աշակերտները համախմբուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ` վայելելու վերամուտի առիթով պատրաստուած յատուկ տօնախմբութիւնը: Աշակերտութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց 10-րդ դասարանէն Նարօտ Գառնէշեանը, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն է հայ դպրոցը` կրթական իր առաքելութեամբ...

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

Մեսրոպեան Մանկապարտէզը Կրթական Տարեշրջանը Կը Սկսի Ծառայութեան Վերանորոգ Շունչով

2017-ի հոկտեմբերի 3-ը վերամուտի օր էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն համար: Վերամուտի տրամադրութեան մէջ էին նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ներկայացած էին մանկապարտէզ` նշելու համար կրթական նոր տարեշրջանի սկիզբը: Այս առիթով կայացած հաւաքին խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ ըսաւ, թէ Մեսրոպեան մանկապարտէզը իր դռները կը վերաբանայ վերանորոգուած տեսքով ու շունչով,...

Արժանթինահայութեան Առօրեան Եւ Մշակութային Կեանքը` Գալուստ Ճանսզեանի Պրիսմակէն

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ազդակ»-ի ունեցած հարցազրոյցը` Գալուստ Ճանսզեանին հետ, որ վերջերս այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան: Գալուստ Ճանսզեան 1954-էն ի վեր Լիբանանի, ապա Արժանթինի տարբեր բեմերէն փայլած է` որպէս դերասան: Ան 1984-ին Արժանթինի մէջ հիմնած է Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը, իսկ 1996-ին հիմնած է «Թատրոն» մշակոյթի կեդրոնը: 2004-ին արժանացած է հայրենի «Արտաւազդ» մրցանակին` որպէս 2002-2003 տարուան...

Հայ-Եգիպտական Համագործակցութեան Վեց Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Հայ-Եգիպտական Համագործակցութեան Վեց Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Սեպտեմբեր 29-ին Երեւանի մէջ գումարուած է տնտեսական, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնաժողովի Ե. նիստը: Յանձնաժողովին համանախագահներն են Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ Եգիպտոսի ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասր: Եգիպտական պատուիրակութեան մաս կազմած են` ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու բաժինի ներկայացուցիչները, ներդրումներու եւ ազատ գօտիներու գլխաւոր տեսչութեան, առեւտուրի...

Սուրիահայութեան Վերականգնումի Խնդիրը

Սուրիահայութեան Վերականգնումի Խնդիրը

(Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Խօսքը) 1.- Այս վերնագիրին տակ պիտի փորձեմ համաժողովին մասնակցող ազգակիցներուս ներկայացնել վերիվայրումներով ու պատերազմական գործողութիւններով յատկանշուած տարածաշրջանի մը մէջ գտնուող սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքի արտակարգ իրավիճակէն դուրս գալու եւ վերականգնելու դժուարին խնդիրին մեր այսօրուան պատկերացումը: 2.- Աշխարհին եւ մարդուն գոյատեւումին ու երկարակեցութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունին ներքին...

Հայ Դպրոցը` Սուգի Մէջ.  Լուսին Մալիքեանը`  Ուղեցոյց Փարոս

Հայ Դպրոցը` Սուգի Մէջ. Լուսին Մալիքեանը` Ուղեցոյց Փարոս

ՍԵԴԱ ՊԻՊԵՐԵԱՆ Տնօրէնուհի Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի Առիթը ունեցանք արդէն ոգեկոչական ամփոփ անդրադարձով մը յարգելու յիշատակը` տարուան շիջող դէմքերէն Լուսին Մալիքեան որակեալ մանկավարժին, այն քիչերէն, որոնց գործօն կեանքը լրիւ նոյնացած եղաւ Հայ դպրոցին հետ: Ստորեւ Ֆրանսայի մեր գաղափարակից օրկան  «Ֆրանս Արմենի» ամսաթերթէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք աւելի ծաւալուն, լրացուցիչ անդրադարձ մը` Լուսին Մալիքեանի բազմամեայ գործընկեր եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ներկայ տնօրէնուհի Սեդա...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անբաղձալի Թուրք Մտաւորականները

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անբաղձալի Թուրք Մտաւորականները

Բաղդատելով ամիսներ առաջ ռուս-հրեայ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ազրպէյճանի յանձնման գործողութեան հետ` չորս թուրք մտաւորականներու Արցախ կատարած այցելութեան ստեղծած թնճուկը տարբեր է: Դէպքերը այնպէս կրնան զարգանալ, որ այս չորս յանդուգն այլախոհները իրենց կարգին արտայանձնուին Պաքուի, սակայն` ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ապա ինչպիսի՞ դատավարութեամբ: Հարցադրումներն ու հնարաւոր անակնկալները բազմաթիւ են: Լափշին Պիելոռուսիոյ քաղաքացի չէր, եւ զայն Ազրպէյճանի յանձնելու խոչընդոտներ չկային`...

Համահայկական Հանդիպումները Արգասաւորման Հունի Մէջ Դնենք

Համահայկական Հանդիպումները Արգասաւորման Հունի Մէջ Դնենք

(Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստավար, Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի Բացման Խօսքը) 2014-ի սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին սուրիահայութեան յատկացուած նիստերուն ներկայացուած համապարփակ զեկոյցներուն կողքին, առաջարկներու բաժինով հնչեց նաեւ համահայկական մարմին կամ խորհուրդ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը` բաղկացած պետական, հոգեւոր եւ ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, անյապաղօրէն արձագանգելու, քաղաքական անկայուն իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներու, հայ համայնքներու կարիքներուն, կարելի...

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

Համաշխարհային ծովածաւալ շուկաներուն գիրկը, ուր մրցակցիլը գրեթէ անհնար կը թուի, ինչպէ՞ս կարելի է ոսկեղէն մը կամ որեւէ արտադրութիւն գրաւիչ դարձնել, որպէսզի անիկա հմայէ գնորդը: Այս մարտահրաւէրին պատասխանը եղաւ Պուրճ Համուտի ոսկերչական նմուշներու ցուցադրութիւնը` Վիչենզաօրոյի տարեկան ցուցահանդէսին, 23-27 սեպտեմբեր 2017-ին, Իտալիոյ մէջ: Համաշխարհային բարձր համբաւ վայելող ցուցադրութեան այս կեդրոնը, ուր կը ցանկան հասնիլ հռչակաւոր մակնիշներ ներկայացնող ընկերութիւններ, եւ ուր ներկայ էին...

Ի՞նչ Պէտք Է Ընել, Երբ Մեծ Դրամագլուխը Կը Խեղդէ Եւ Կը Խեղէ

«Ե՛ւ, Ե՛ւ»ը 127 Տարեկան Է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մօտաւորապէս չորս տարի առաջ այս օրերուն, Մոսկուայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միանալու համաձայնագիրը։ Լուրը անակնկալ մըն էր նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս։ Մինչ այդ սակայն, զուգահեռաբար ԵՏՄին, Եւրոպական միութեան հարեւանութեան բանակցութիւններ եւս կը վարուէին։ Եւրոպական միութիւնը այս թղթածրարին ղեկավարումը յանձնած էր Լեհաստանին։ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին պայման դրած էր «կա՛մ ԵՄին հետ, կա՛մ՝ ԵՏՄին»։...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Կոմսոմոլը եւ Տիկ. Նարինէ Թուխիկեանը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Քաղաքականութեան մէջ աժան եւ անհիմն պիտակաւորումը պարզապէս քաղաքական տհասութիւն կ՚ենթադրէ։ Իբրեւ այդպիսին, պիտակաւորող կողմը ոչ միայն ինքզինք կը նուաստացնէ, այլ նաեւ ան կը կորսնցնէ իր հաւատալիութեան հանգամանքը հանրութեան առջեւ։ Միաժամանակ, նման անլուրջ որակումներով ան խնդրական կը դարձնէ իր պաշտպանած հարցին անկեղծութիւնը։ Ցաւալիօրէն այս յոռի կեցուածքին ականատես դարձանք մի քանի օր առաջ, երբ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Տիկին Նարինէ...

«Ճիշդ Չէ` Հայրենիքի Հետ Կապի Եւ Հաղորդակցութեան Ընթացքին Յուսահատիլը». Զաւէն Խանճեան

«Ճիշդ Չէ` Հայրենիքի Հետ Կապի Եւ Հաղորդակցութեան Ընթացքին Յուսահատիլը». Զաւէն Խանճեան

Զրուցեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ 2018 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի տօնէ հիմնադրութեան 100-ամեակը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութենէն ետք մեծ է Ընկերակցութեան ներդրումը հայրենիքի մէջ: Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի հետ զրոյցին «Հայերն այսօր»-ը փորձած է յետադարձ հայեացքով ներկայացնել մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող կառոյցի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ 100-ամեայ անցած ճանապարհը: – Պարո՛ն Խանճեան, Դուք մասնակցեցաք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ...

«Թիրախս Էր Բացայայտել, Որ Արաբական Տարբեր Երկիրներու Հայկական Գաղութներու Զաւակներուն Օգտագործած Լեզուն Որքանո՛վ Ազդեցութիւն Ունի Իրենց Ինքնութեան Ու Մշակոյթի Պահպանման Վրայ»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անի Ճուգուլեան

«Թիրախս Էր Բացայայտել, Որ Արաբական Տարբեր Երկիրներու Հայկական Գաղութներու Զաւակներուն Օգտագործած Լեզուն Որքանո՛վ Ազդեցութիւն Ունի Իրենց Ինքնութեան Ու Մշակոյթի Պահպանման Վրայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անի Ճուգուլեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. Լիբանանահայ Անի Ճուգուլեան  Լիբանանեան համալսարանին մէջ իր դոկտորականի թեզին իբրեւ նիւթ ընտրած է ընկերալեզուաբանական պատկերը արաբական աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ, այլ խօսքով` արաբական աշխարհին մէջ ժամանակաւորապէս ապրող սփիւռքահայ գաղութներուն ինքնութեան եւ մշակոյթին վրայ ներկայիս իրենց գործածած լեզուին ազդեցութիւնը: Անոր այս նախաձեռնութեան դրդապատճառը հայ ինքնութեան սպառնացած վտանգէն ծագած մտահոգութիւնն է, մանաւանդ որ այդ վտանգին մէջ մեծ...

Հեզ Ու Պարտականութեան Գիտակից Սագոյին Յիշատակին

Հեզ Ու Պարտականութեան Գիտակից Սագոյին Յիշատակին

Արդէն իսկ քառասուն օրեր անցած են Սագօ Ջուլճեանի այս աշխարհէն առյաւէտ հեռանալուն: Անոր մահուան գուժը խոր սուգի մատնեց իր հարազատներն ու իր գաղափարակից ընկերները: Զինք ճանչցած ենք մատղաշ հասակէն: Եղած է շրջանի պատանեկան միութեան անդամ, ապա ԼԵՄ-ական եւ վերջապէս` կուսակցական: Լուռ կը գործէր` ամենայն բծախնդրութեամբ կատարելով իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Իր հեզ ու խոնարհ վարմունքով սիրաշահած էր բոլորը: Անկարելի է...

Գաղութէ Գաղութ

Երթա՛ս Բարով, Ազնի՛ւ Ընկեր (Սիմոն Մնակեանի Յիշատակին)

Իրաւամբ դժուար է մահագրութիւն գրել կամ դամբանական խօսիլ հարազատի մը, ընկերոջ մը, մտերիմի մը, հուսկ` սիրելիի մը: Շատերուն ծանօթ Սիմոն Մնակեանը արդէն առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ: Անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ խլեց անոր կեանքը ու առաւ-տարաւ զինք անդենական: Եւ հիմա որ չկայ ան, հարց կու տանք, թէ ի՛նչ ձգեց իր ետին` իբրեւ ազգային, մշակութային, կուսակցական նուիրեալ: Սիմոնը ամէն բանէ առաջ եղաւ...

Page 769 of 1110 1 … 768 769 770 … 1,110

Արխիւներ