Իրաւամբ դժուար է մահագրութիւն գրել կամ դամբանական խօսիլ հարազատի մը, ընկերոջ մը, մտերիմի մը, հուսկ` սիրելիի մը:
Շատերուն ծանօթ Սիմոն Մնակեանը արդէն առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ: Անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ խլեց անոր կեանքը ու առաւ-տարաւ զինք անդենական: Եւ հիմա որ չկայ ան, հարց կու տանք, թէ ի՛նչ ձգեց իր ետին` իբրեւ ազգային, մշակութային, կուսակցական նուիրեալ:
Սիմոնը ամէն բանէ առաջ եղաւ մշակոյթի մարդ ընդհանրապէս եւ հա՛յ մշակոյթի երկրպագու` յատկապէս, որուն ծառայեց ամբողջ կեանք մը` բանիւ եւ գործով: Պէյրութի Ճեմարանի շրջանաւարտ, լիբանանահայ բեմէն մինչեւ Պելճիքա, ուր մասնագիտական ուսում ջամբեց թատրոնի ու գրականութեան մէջ, ապա մինչեւ Ֆրանսա, ուր ապրեցաւ շուրջ չորս տասնամեակ, եւ ուր կազմեց ընտանիք, Սիմոնը եղաւ մշտական ներկայութիւն: Ոգի ի բռին կառչեցաւ մեր մայրենիին, պայքարեցաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեան ի խնդիր, բեմադրեց, դեր խաղցաւ, բեմագրե՛ց` յամառօրէն, համոզումով, արհամարհելով յաճախ աժան, անորակ, դատարկ, ծանծաղ ու անհիմն այսպէս կոչուած չակերտեալ այն տեսակէտները, թէ` «զո՞վ կը հետաքրքրէ մեր օրերուն հայերէնով թատրոնը» …
Յատկապէս Մարսէյի մէջ մեծ է Սիմոնին երախտիքը, այս անգամ ոչ միայն թատրոնի, գիրի, գրականութեան, արուեստի անդաստանին մէջ, այլ նաեւ` ազգային-կուսակցական: Ան երկար տարիներ իբրեւ յանձնառու համազգայնական անխոնջ ծառայեց Մարսէյի Ճեմարանին` որպէս պատասխանատու մարմինի անդամ: Միաժամանակ ան անսայթաք գործեց գաղափարական իր շարքերուն մէջ` թէ՛ իբրեւ պարզ ընկեր, թէ՛ իբրեւ ամբողջ սերունդի մը պատանեկան-երիտասարդական վարիչ-դաստիարակ, թէ՛ իբրեւ կոմիտէի անդամ, թէ՛ իբրեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ամէնուրեք գործեց լուռ, համեստ, բարի, ազնիւ, մաքուր ու պարկեշտ վարքագիծով, յար եւ նման` իր նկարագիրին, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, Ծրագիրին ու Կանոնագիրին նկատմամբ խոր հաւատքով ու մանաւանդ ժողովրդավար ուղեգիծով: Հաճելի էին Սիմոնին հետ երկա՜ր, անկեղծ ու սրտբաց մեր գլուխ-գլխի զրոյցներն ու քննարկումները` ծխախոտի անյագ սպառումով ու սուրճի կամ գինիի ըմբոշխնումով, կամ` ժողովներու մէջ մեր բանավէճերը, մանաւանդ երբ խիստ տարակարծիք ըլլայինք: Ան միշտ կը հիմնաւորէր իր ընդդիմութիւնը կամ տարակարծութիւնը, մինչեւ վերջին հանգրուան աննահանջ կը պայքարէր անոր ի պաշտպանութիւն, մինչեւ` տուեալ հարցի քուէարկութիւն. այստեղ է միայն, որ կը զիջէր մեծամասնութեան կամքին դիմաց, կ՛ընդունէր ու կը յարգէր այդ որոշումը ու կը հետեւէր անոր, նոյնիսկ եթէ դէմ քուէարկած էր ինք այդ հարցին, կէտին կամ տեսակէտին: Քիչեր այսօր ունին Սիմոնին այս սքանչելի եւ վեհ վարքագիծը, ժողովրդավարական ըմբռնումը, որ խորքին մէջ յատուկ է, բառին իսկական իմաստով, դաշնակցականին: Եւ ահա ամէնէն աւելի ա՛յս երեւոյթն է, որ պիտի փնտռենք, եւ որ պիտի պակսի մեզի իր մեկնումով, կրնամ ըսել` վաղաժամ մեկնումով:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Սիմոն, ընկե՛ր Սիմոն: Յարգա՛նք` վաստակիդ:
Գաղափարակիցդ`
Հ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ



