Նախորդ շաբաթ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախեան հարցի էութեան պարզաբանման նպաստող ողջունելի երեք երեւոյթ արձանագրուեցաւ:
Առաջինը թուրք լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու Արցախ այցելութիւնն էր:
Անոնք յայտարարած էին, որ եկած են Արցախ` տագնապի էութեան իրազեկ դառնալու, թրքական հասարակութիւնը լուսաբանելու, եւ իրենց տպաւորութիւնները թուրք հանրութեան փոխանցելու համար` անտեսելով Ազրպէյճանի «սեւ ցանկ»-ին մէջ յայտնուելու սպառնալիքը:
Թուրք մտաւորականներուն այցելութիւնը քանի մը իրողութիւն լուսարձակի տակ կը բերէր: Նախ` թրքական կամ ազրպէյճանական պետական կողմերուն նկատմամբ անվստահելիութիւնը ու տագնապի քուրային մէջ յայտնուած երկրորդ կողմին` Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին կարծիքը լսելու նոյնիսկ թուրք քաղաքական գործիչներու ցանկութիւնը, ապա նաեւ` Արցախի պետութիւնը որպէս տագնապի լուծման սատարող կողմ ընդունելու հակումը:
Երկրորդ յատկանշական դէպքը Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի` Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին սատարող բանաձեւի որդեգրումն էր: Միշիկըն Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 8-րդ նահանգն է: Երեւոյթ մը, որ անկասկած իր դրական անդրադարձը պիտի ունենար ոչ միայն Արցախի միջազգային ճանաչման, այլեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ տնտեսական, մշակութային թէ քաղաքական յարաբերութիւններու բարելաւման վրայ:
Երրորդը ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու շուրջ երկու տասնեակ ներկայացուցիչներու այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Անոնց այցելութեան նպատակը Արցախի հարցի էութեան, ներքին կեանքին ու մշակոյթին ծանօթանալն էր: Երիտասարդ քաղաքական գործիչները եւս անտեսեցին Ազրպէյճանի սպառնալիքը` յայտնելով, որ հիմնականը Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգելն ու անոր ջանքերով ծաղկող Արցախի անկախ հանրապետութեան ճշգրիտ պատկերը աշխարհին ներկայացնելն է:
Անոնցմէ մէկը պիտի հաստատէր. « Այս այցելութեամբ կը հասկնանք, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին Արցախը եղած է հայաբնակ տարածք, անիկա ազատ, անկախ պետութիւն է` հայ բնակիչներով»:
Երիտասարդ գործիչներուն Արցախ այցելութիւնը ողջունելի էր քանի մը դիտանկիւնէ: Նախ` այն իմաստով, որ անոնք պիտի դառնան իրենց կուսակցութիւններուն կամ երկիրներուն ապագայ ղեկավարները, հետեւաբար ճիշդ կողմնորոշում պիտի ունենան Արցախի հարցին նկատմամբ, կամ առնուազն ենթակայ պիտի չըլլան ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան: Երկրորդ` այս այցելութիւններն ու Արցախի քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումները կը փաստեն, որ կարելի չէ Արցախի հարցին էութեան ծանօթանալ, կամ անոր լուծման եզրերը որոնել` առանց արցախեան կողմին:
Վերոյիշեալ երեք երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Արցախ այցելողներուն սպառնալու Ալիեւի քաղաքականութիւնը, իրողութիւնները թաքցնելու անյաջող փորձ մը ըլլալէն անդին, ճշմարտութիւնը որոնող լայնամիտ քաղաքական գործիչներու համար Արցախ այցելութեան խթան կրնայ հանդիսանալ` հայկական կողմին վարած քաղաքականութեան ու թափած ճիգերուն առկայութեամբ:


