Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ազդակ»-ի ունեցած հարցազրոյցը` Գալուստ Ճանսզեանին հետ, որ վերջերս այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան: Գալուստ Ճանսզեան 1954-էն ի վեր Լիբանանի, ապա Արժանթինի տարբեր բեմերէն փայլած է` որպէս դերասան: Ան 1984-ին Արժանթինի մէջ հիմնած է Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը, իսկ 1996-ին հիմնած է «Թատրոն» մշակոյթի կեդրոնը: 2004-ին արժանացած է հայրենի «Արտաւազդ» մրցանակին` որպէս 2002-2003 տարուան լաւագոյն դերասանը: 2008 եւ 2010 տարիներուն ընտրուած է Համազգայինի Հարաւային Ամերիկայի Հայ մշակութային կազմակերպութեան նախագահ: Բեմադրած է բազմաթիւ թատերախաղեր եւ շատ անգամ առանձնախաղերով հանդէս եկած է Արժանթինի, Երեւանի եւ Լիբանանի մէջ:
«ԱԶԴԱԿ».-Ներկայացուցէք Արժանթինի հայ մշակութային կեանքը:
ԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՆՍԶԵԱՆ.- Արժանթինի հայ մշակոյթի բոլոր կեդրոնները Արմինիա փողոցին վրայ կը գտնուին, բացի Խրիմեան դպրոցէն, որ քիչ մը հեռու է: Առաջնորդարանը, երկու հայկական դպրոցներ, երեք կուսակցութիւններու ակումբները, համայնավարներու կեդրոնը` բոլորն ալ Արմինիա փողոցին վրայ կը գտնուին: Արժանթինահայ մշակոյթի զօրաւոր հաստատութիւններ եղած են եւ են` ՀՕՄ-ի «Նայիրի» պարախումբը, հայ համայնավարներու «Գայեանէ» պարախումբը, հայ կեդրոնի «Մասիս» պարախումբը, նաեւ` կաթողիկէ համայնքին պարախումբը: Ասկէ դուրս, որպէս մշակութային շարժում, ունեցած ենք «Արաքս» երգչախումբը` մայեսթրօ Ժան Ալմուխեանի խմբավարութեամբ: Երգչախումբը քանի մը տարիէն դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը: Կայ նաեւ Հայ կեդրոնի երգչախումբը, որ կը ղեկավարէ Օլմեսեքեանը: Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը երկու տարիէ «Գրիգոր Ադամեան» անունով թատերախումբ մը ունի, որ տարին անգամ մը կը ներկայացնէ հայերէնով թատերական կտոր մը: Ունինք անհատ նուագողներ, Հայաստանէն ժամանած տուտուկահարներ, լաւ երգիչ-երգչուհիներ, որոնք ելոյթներով կը խանդավառեն մեզ: Ունինք նաեւ «Արաքս» նուագախումբը` իր երգիչով, որ շատ մեծ համբաւ ունի: Շատ փայլուն է: Դուրսէն շատ խումբեր չեն գար: «ԳՈՀԱՐ»-ը մեծ ելոյթ մը տուաւ: Հայաստանէն ժամանած խումբերու ելոյթներուն սրահները լեցուն կ՛ըլլան:
Եօթը հատ հայկական դպրոց ունինք, չորս երկրորդականով: Կ՛ըսեն հայութեան թիւը, որ հարիւր հազար է, թերեւս` քիչ մը պակաս. ոմանք միայն մականունով հայ մնացեր են: Խառն ամուսնութեամբ շատ անգամ մարդ կը շահինք, մանաւանդ` մարդոց պարագային, որոնք հայուհիներու հետ ամուսնացեր են, հայկական միութիւններու մէջ կը գործեն, իրենց զաւակներն ալ հայկական դպրոց կը ղրկեն: Հայկական դպրոցները շատ խիստ են կարգապահութեան տեսակէտով, բաղդատմամբ` պետական դպրոցներուն: Ըսեմ նաեւ, որ պետական դպրոցները ձրի են, նոյնիսկ պետական համալսարանները ձրի են եւ` բարձր մակարդակով:
Հայ վարժարաններուն մէջ լաւագոյնը Խրիմեան երկրորդական վարժարանն է, յետոյ կու գայ Բարեգործականին դպրոցը: Միայն հայ աշակերտութեամբ հայ դպրոցները չեն կրնար իրենց ծախսերը գոցել, ստիպուած են օտարներուն ալ տեղ տալ, որոնք շատ լաւ գիտեն, որ հայկական դպրոցները կարգապահութեան տեսակէտէ շատ լաւ են: Անշուշտ հայերէն դասընթացքը դպրոցներուն մէջ այնքան ալ զօրաւոր չէ: Եթէ տան մէջ հայերէն չխօսիս, դպրոցը մինակ հայերէն չի կրնար սորվեցնել: Հայ մարդը իր զաւակը հայկական դպրոց կը ղրկէ, որ գոնէ կաթիլ մը հայերէնի լուսաւորում մը ըլլայ անոր կեանքին մէջ:
Հայախօսութիւն կայ, բայց ասկէ 20 տարի առաջ նոյնը չէր. 20 տարի առաջ թատերախումբի ներկայացումներուն սրահը կը լեցուէր, հիմա հայերէն ներկայացումներուն եթէ չհրաւիրես, չեն գար, իսկ եթէ եկան, հազիւ` 20-30 հոգի: Ասոր համար մենք ստիպուեցանք համաժամանակեայ սպաներէն թարգմանութիւն կատարել, յետոյ սկսանք սպաներէն թարգմանութիւն տեղադրել պաստառին վրայ:
«Ա.».- Ձեր ծաւալած թատերական գործունէութեան մասին խօսինք:
Գ. Ճ.- 1969-ին Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա գնաց, 1970-ին Հարաւային Ամերիկայի մէջ ներկայացուցինք «Ոսկի աքաղաղը», «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ «Օսքարը»: Մօտ մէկ ամիս մնացինք հարաւային երեք քաղաքներուն մէջ: Հոն ծանօթացայ կնոջս: Վերադարձայ Լիբանան եւ մէկ տարի ետք գացի Արժանթին: Ամուսնացանք եւ դարձանք Լիբանան: Երկու տարի մնացինք, արդէն պատերազմի նշոյլներ սկսած էին, միասին մեկնեցանք Արժանթին: Անշուշտ թատրոն ընող մարդը չի կրնար ձեռնունայն մնալ: Գործս հազիւ կարգի դրած էի, Համազգայինի Թատերասէրներու միութիւնը կազմեցինք: Հրաւիրեցինք Ժորժ Սարգիսեանը, որ 1980-ին եկաւ եւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը ներկայացուց: Ես առաջարկեցի, որ թատերախումբը Ժորժ Սարգիսեան կոչենք, ինք չընդունեց, որ իր կենդանութեան իր անունը դնենք: Վերադարձաւ Լիբանան եւ արդէն 1982-ին մահացաւ: Ասոր վրայ «Ժորժ Սարգիսեան» դրինք Համազգայինի թատերախումբին անունը: 24 տարի գործեց մեր թատերախումբը` ամէն տարի հայերէնով ներկայացումներ տալով իմ բեմադրութեամբ: Մինչ այդ կինս սկսաւ թատրերգութեան դասընթացքներու երթալ տեղական վարպետներու քով, վերջ ի վերջոյ այնպիսի մակարդակներու հասաւ, որ հիմա Արժանթինի տեղական խումբերու լաւագոյն բեմադրիչներէն մէկն է: Ասոր լոյսին տակ ես կանգ առի:
Բեմադրիչին գործը շատ է: Պէտք է ուսումնասիրէ, խաղարկութիւնները պատրաստէ: Մեր տղաքը քիչ թէ շատ հայերէն գիտէին, բայց իրենց հետ երկար կ՛աշխատէի, որպէսզի հայերէնը մաքուր ու ճիշդ հնչեն: Հիմա, որ ներկայացումներ կ՛ըլլան, հայերէն խօսքը կ՛ունենայ սպանական շեշտ, որուն ես դէմ եմ, որովհետեւ իմ դաստիարակութիւնս տարբեր էր: Երբ որ բեմ կը հանէի, ժողովուրդը կը զարմանար. «Ասոնք Լիբանանէն եկած են,- կ՛ըսէին,- որ այսքան մաքուր հայերէն կը խօսին»:
Տարիներ անցան, տղաքը մեծցան, հայախօսութիւնը սկսաւ թեթեւնալ: Փորձեր ընելու տեղ չկար: Վարձեցի փոքրիկ սենեակ մը: Յետոյ Արմենիա փողոցի անկիւնադարձի մը վրան տեսայ տարածք մը, գնեցի ու զայն վերածեցի թատրոնի: Սկսայ ազատ կերպով բեմադրել: Թատերախումբ պահելը շատ դժուար է, եթէ ընկերային կեանքով չճոխացնես: Անձամբ կը հետաքրքրուէի թատերախումբի իւրաքանչիւր անդամով, որոնք ուսանողներ էին:
Լաւ թատրերգութիւններ բեմադրեցի` «Մեռնիլը որքան դժուար է», «Փշածաղիկը», «Օսքարը», «Մեծ լռութիւնը», որ մեծ աղմուկ հանեց, «Ցուցափեղկի աղջիկը», Սարոյեանէն թատերախաղ մը, շարքը մեծ է:
Որովհետեւ խումբ հաւաքելը քիչ մը դժուար կ՛ըլլայ ներկայ պայմաններուն մէջ, երկու տարին անգամ մը ես թատերախաղ մը կը գրեմ եւ որպէս առանձնախաղ կը ներկայացնեմ: «Արարատը եւ ես» մենաթատրոնը ներկայացուցի Երեւան, յետոյ Պէյրութ ալ եկայ եւ ներկայացուցի:
Վահէ Պէրպէրեանի «Պարոն Կարպիս» թատերախաղը ուզեցինք սպաներէնով ներկայացնել, որպէսզի մօտենանք արժանթինցի ժողովուրդին, մեր մշակոյթը արժանթինցիներուն հրամցնել: Թատերախաղը թարգմանեցինք սպաներէնի եւ վերնագիրը դրինք` «Լսեցի՞ր, հա՛յր»: Կեանքիս մէջ չէի խաղացած սպաներէնով. դերս կեդրոնականներէն մէկն էր: Տեղացիներէն շատեր շնորհաւորեցին եւ ըսին, որ իրենց մեծ հայրն ալ այդպէս մէկը եղած է: Հինգ անգամ խաղացինք, դեռ պիտի շարունակենք խաղալ: Առաջին անգամն է, որ հայերէն թատերախաղ մը թարգմանած ենք եւ տեղացիներուն կը ներկայացնենք: Այս է մեր թատրոնին հիմնական նպատակը:
Հայկական տպաւորութիւնը թատրոնի հանդէպ կ՛ըսէ, թէ սրահը լեցո՞ւն է: Այո՛, սրահը երբեմն կը լեցուի 60 հոգիով, երբեմն, 20, երբեմն 10, 5, բայց ասիկա կարեւոր չէ, կարեւորը մեր խաղալն է: Դրամ շահելու համար չենք խաղար, այլ` հայ մշակոյթը տեղացիին հասցնելու համար:
Մարդկային անարդարութիւններու դէմ մրցանք մը կը կազմակերպենք ամէն տարի: Ան, որ կը փափաքի, այս նիւթով թատերախաղ մը կը գրէ: Տարեկան 10-18 թատերախաղ կը ներկայացուի: Մեր յանձնախումբը այդ թատերախաղերէն մէկ-երկու հատ կը զատէ եւ յաղթող կը յայտարարէ: Այս շահող թատերախաղը ապրիլ 24-ի յաջորդ օրէն կը սկսի ներկայացուիլ եւ` մուտքը ձրի. նշանաւոր դերասաններ կը խաղան ձրիօրէն, կը բեմադրուի ձրիօրէն: Թատրոնը կը տեւէ երկու ամիս: Գիտէք` այս երեւոյթը շատ կը քաջալերուի արժանթինցինեորւն կողմէ: Արդարութեան համար ըսեմ, որ Արժանթինի մշակոյթը շատ խիստ է:
Մեր սրահը այս նախաձեռնութեան համար պարգեւատրուած է: Այս նախաձեռնութիւնը հայութեան Դատին լաւագոյն քարոզչութիւններէն մէկն է:
Մեր թատրոնը երկուշաբթի փակ կ՛ըլլայ, երեքշաբթիէն հինգշաբթի մարդիկ կը վարձեն սրահը եւ թատերական դասընթացքներ կու տան, փորձեր կը կատարեն, իսկ հինգշաբթիէն մինչեւ կիրակի տեղացիներ ներկայացումներ կը խաղան, երկու բեմադրութիւն ալ կինս բեմադրած է տեղացիներուն:
Արժանթինի մէջ կան 300 պզտիկ թատերական սրահներ եւ 280 մեծ թատերասրահներ: Շատ թատերասէր են արժանթինցիները: Արժանթինը աշխարհի երրորդ տեղը կը գրաւէ թատրոնի բնագաւառին մէջ:
Դերասաններու, բեմադրիչներու, տեղացի գրողներու, թատերագիրներու հետ շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք: Իրենց գործերը կը խաղանք, կը թարգմանենք: Մեր թատրոնը շատ սերտ կապի մէջ է Արժանթինի մշակոյթին հետ: Եթէ ուզենք հայութեան մասին բան մը խօսիլ, մարդիկը պատրաստ են լսելու եւ տեղ տալու: Քանի անգամ ապրիլ 24-ի առիթով յօդուածներ գրեցին: Դասախօսութիւններ կ՛ըլլան Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով: Կրնամ ըսել, որ հայ թատրոնը ես դարձուցի օգտաշատ եւ հայութեան Դատին նպաստող վայր մը:


