Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թիրախս Էր Բացայայտել, Որ Արաբական Տարբեր Երկիրներու Հայկական Գաղութներու Զաւակներուն Օգտագործած Լեզուն Որքանո՛վ Ազդեցութիւն Ունի Իրենց Ինքնութեան Ու Մշակոյթի Պահպանման Վրայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անի Ճուգուլեան

October 7, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

Լիբանանահայ Անի Ճուգուլեան  Լիբանանեան համալսարանին մէջ իր դոկտորականի թեզին իբրեւ նիւթ ընտրած է ընկերալեզուաբանական պատկերը արաբական աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ, այլ խօսքով` արաբական աշխարհին մէջ ժամանակաւորապէս ապրող սփիւռքահայ գաղութներուն ինքնութեան եւ մշակոյթին վրայ ներկայիս իրենց գործածած լեզուին ազդեցութիւնը: Անոր այս նախաձեռնութեան դրդապատճառը հայ ինքնութեան սպառնացած վտանգէն ծագած մտահոգութիւնն է, մանաւանդ որ այդ վտանգին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ լեզուն, առանց անոր`  ինչպէ՞ս կարելի է գոյատեւել իբրեւ հայ հաւաքականութիւն: Անի Ճուգուլեանի ուսումնասիրութենէն, հարցախոյզէն ի յայտ եկած տուեալները մտահոգիչ են, նաեւ` իրեն համար, սակայն օգտակար են` գիտնալու, թէ մենք այսօր ի՛նչ վիճակի մէջ ենք, մղելու, որ համապատասխան լուծումներու մասին մտածենք, որպէսզի գոնէ նուազագոյն վնասով կարենանք դուրս գալ այս մարտահրաւէրներէն:

Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչո՞ւ այս նիւթը ընտրած ես քու թեզիդ համար, ի՞նչ մտահոգութենէ մեկնած, ի՞նչ իրականութիւններ քեզ մղած են նման քայլի:

ԱՆԻ ՃՈՒԳՈՒԼԵԱՆ.- Իբրեւ հիմնական նիւթ ընտրած էի գրականութիւնն ու լեզուաբանութիւնը, սակայն լեզուները աւելի կը հետաքրքրէին զիս, իսկ երբ բարձրագոյն վկայականի համար թեզ պատրաստելու նախաձեռնեցի, ընտրեցի լեզուն, մանաւանդ որ միշտ ալ ուզած եմ հայութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն մը կատարել: Օտարամոլութեան տարբեր երեւոյթներ, հայկականութենէ հեռանալու իրականութիւններ, օտար ամուսնութիւններ, մայրենի լեզուն օտար տարբեր լեզուներով խառնուած խօսելու կամ նոյնիսկ միայն օտար լեզու գործածելու պատկերը զիս մղեցին կատարելու այնպիսի ուսումնասիրութիւն մը, որպէսզի գիտնանք, թէ արդեօք մեր լեզուին ապագան ի՛նչ է, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, մանաւանդ որ յաճախ կը լսենք կորսուած եւ գործածութենէ դադրած լեզուներու մասին: Թիրախս էր բացայայտել, որ արաբական տարբեր երկիրներու հայկական գաղութներու զաւակներուն օգտագործած լեզուն որքանո՛վ ազդեցութիւն ունի իրենց ինքնութեան ու մշակոյթի պահպանման վրայ:

Թեզիս պատրաստութիւնը տեւեց 4-4,5 տարի, մանաւանդ որ լեզուի գործածութեան պատկերին վերաբերող հաւաստի աղբիւրներ գոյութիւն չունին, չկան տուեալներ այն մասին, թէ իմ ուսումնասիրած երկիրներուս մէջ ապրող հայութեան քանի՞ առ հարիւրը համարկուած է իր ապրած երկրին մէջ, քանի՞ն միայն հայերէն կը խօսի, կամ ի՞նչ է թիւը անոնց, որոնք խառն հայերէն կը խօսին, նաեւ` քանի՞ առ հարիւր տոկոսը ընդհանրապէս հայերէն չի խօսիր:

Ուսումնասիրութիւնս կատարեցի Լիբանանի, Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Յորդանանի մէջ: Չկրցայ Սուրիա եւ Իրաք երթալ` պատերազմին եւ ապահովական պատճառներով, հակառակ անոր որ այդ երկիրները հարուստ հում նիւթ ունին, մանաւանդ որ, Սուրիոյ պարագային, Հալէպը կը տարբերի Գամիշլիէն, նոյնը նաեւ` միւս շրջանները, այսինքն իւրաքանչիւրը ունի իր տուեալներն ու պայմանները:

«Ա.».- Ի՞նչ հիմնական տուեալներու վրայ հիմնեցիր ուսումնասիրութիւնդ, որոնցմէ մեկնած ալ եզրակացութիւններու յանգեցար:

Ա. Ճ.- Դոկտորականի թեզի պարագային, պէտք է տարբեր ձեւեր օգտագործես, շօշափելի տուեալներ ունենաս, որպէսզի եզրակացութեանդ հաւաստիութիւնը ապահովես: Պատրաստեցի երեք լեզուներով հարցաթերթիկ մը` 24 հարցում պարունակող, անոր պատասխանելու համար անունը պայման չէր յիշել: Հարցախոյզին մասնակցեցան 427 անձեր` երեք տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր տարիքի ու սեռի պատկանող, տարբեր միջավայրի մէջ ապրող, ուսման ու աշխատանքային տարբեր մակարդակ ունեցող. փորձեցի գրեթէ բոլոր յարանուանութիւններէն ու խաւերէն մարդիկ ներառել:

Կայ նաեւ դիտարկումի բաժինը. ուր որ ըլլար, պէտք էր լաւապէս դիտէի, իմ ակնոցովս տեսնէի վիճակները: Ասիկա ուսումնասիրութեան ենթակայական բաժինը կը նկատուի, թէեւ ատիկա հիմնական է, որովհետեւ դիտելով` կը տեսնես այնպիսի բաներ, որոնց մասին մարդիկ հարցաթերթիկին մէջ չեն գրեր:  Դիտած ատենդ մարդիկ պէտք չէ նկատեն, այլապէս կը փորձեն իրենց բնական վիճակէն դուրս գալ, մաքուր հայերէն խօսիլ, օտար բառերու գործածութիւնը նուազեցնել եւ այլն: Նաեւ կատարեցի հարցազրոյցներ` գաղութի պատասխանատու, եկեղեցական դէմքերու եւ պարզ ժողովուրդի զաւակներուն հետ` բոլորին ալ նոյն հարցումները ուղղելով: Հայ կաթողիկէ երջանկայիշատակ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, հանգուցեալ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ կատարեցի, նաեւ հանդիպումներ ունեցայ քահանաներու հետ, որոնք չուզեցին իրենց անունը տալ, տարբեր կառոյցներու մէջ գործող միութիւններու, մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց միջոցով կարելի եղաւ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ ունենալ: Բայց եւ այնպէս կարգ մը պարագաներու կարելի չեղաւ նախատեսած տուեալներս ապահովել, որովհետեւ համապատասխան անձնաւորութիւններ ո՛չ միայն մերժեցին թիւեր ու տեղեկութիւններ տալ, այլ ընդհանրապէս չուզեցին այս նիւթին մասին խօսիլ: Բայց եւ այնպէս նկատելի է, որ պաշտօնական արձանագրութիւնները երբեմն չեն ցոլացներ մեր իրական պատկերը, որուն անդրադառնալէ կը խուսափին շատեր, սակայն այդ մէկուն գիտակցելով է, որ կրնանք փոխելու ճիգ ընել, այլապէս ձուլումը մեծ վտանգ կը սպառնայ:

«Ա.».- Ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգեցիր:

Ա. Ճ.- Կատարած ուսումնասիրութիւններէս ի յայտ եկաւ, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ աւելի լաւ է` միւս երկիրներուն բաղդատած, որովհետեւ աւելի մեծ թիւ կը կազմէ գաղութը, եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն թիւը ընդունելի է, հակառակ անոր որ երբեմն մենք հեռու ենք անոնցմէ: Սակայն Յորդանանի մէջ, օրինակ, կայ միայն մէկ ամէնօրեայ դպրոց, այդ ալ` մինչեւ 6-րդ դասարան, որմէ ետք աշակերտը ստիպուած կ՛ըլլայ տեղական կամ օտար դպրոց յաճախել: Այս իրողութեան լոյսին տակ կարգ մը ծնողներ յարմար կը գտնեն եւ կը կարծեն աւելի դիւրացուցած կ՛ըլլան իրենց զաւակին կեանքն ու ապագան, եթէ  աշակերտը փոքր տարիքէն օտար վարժարան յաճախէ, անոնք նոյնիսկ իրենց զաւակներուն կը զլանան հայկական անուն ունենալ:  Այս բոլորը սին գաղափարներ եւ ենթադրութիւններ են, այսօր մենք կը նկատենք, որ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներ որքան լաւ արաբերէն կամ անգլերէն կը  խօսին: Սակայն վերոյիշեալ մտայնութեան մասին կարելի է ըսել, որ եթէ գաղութին մէջ հայապահպանման կռուանները շատ չեն, միւս կողմէ` նաեւ անձնական ճիգերը շատ քիչ են ու աննշան: Յորդանանի մէջ ծնողները իրարու հետ արաբերէն կը խօսին ընդհանրապէս, ինչ որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ զաւակներուն վրայ:

Գրեթէ ամէն տեղ, տոկոսային տարբերութեամբ, առկայ է տուներուն մէջ օտար լեզուի գործածութիւնը:

Միացեալ Էմիրութիւններու պարագային, հայերը հիմնականին մէջ կ՛ապրին Տուպայ, Ապու Տապի, Շարժա, հոն արաբերէնը չէ խնդիրը, այլ անգլերէնն է. անոնք ունին միօրեայ դպրոց, ուր աշակերտները կը յաճախեն շաբաթ օրերը, ինչ որ բաւարար չէ` ուսուցիչներուն իսկ վկայութեամբ, որովհետեւ այդ կարճ ժամանակի մէջ աշակերտին շատ քիչ բան կը դասաւանդուի: Փոքրիկները երբ քով քովի գան, կը խօսին անգլերէն, եթէ ծնողները հայերէնով դիմեն իրենց զաւակներուն, այն ատեն անոնք հայերէնով կը պատասխանեն, այլապէս գործածուած լեզուն անգլերէնն է: Ծնողները շաբաթ օրերը իրենց զաւակները միօրեայ վարժարան տանելու նախաձեռնութեան չեն դիմեր յաճախ, կը պատճառաբանեն, որ տաղտուկ է: Կայ երկու եկեղեցի, սակայն երկու շաբաթը անգամ մը Ս. պատարագ կը մատուցուի, ինչպէս նաեւ անիկա հեռու կը գտնուի: Հոն ապրողները կը նախընտրեն տեղական եկեղեցիներ յաճախել` իրենք զիրենք սփոփելով, որ աղօթքը միեւնոյնն է ամէնուրեք:  Թէեւ ճիգեր կան ազգային-եկեղեցական տօները նշելու եւ յիշելու, սակայն հիմնականօրէն տեղւոյն հայութիւնը հեռու է այս բոլորէն: Յորդանանի մէջ հայերէնը կը զիջի արաբերէնին, իսկ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ` անգլերէնին:  Զոյգ պարագաներուն հայերէնին վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան օտար լեզուները, ինչ որ զգալիօրէն երեւան կու գայ, երբ մանուկներն ու պատանիները արտայայտուին, կարծէք` անոնք տարբեր հայերէն մը կը խօսին:

Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ աւելի տարբեր է, աւելի լաւ է, բայց եւ այնպէս ձուլումի վտանգը առկայ է, անիկա կախեալ է մեզմէ` օտար վարժարան յաճախելու, օտար ամուսնութիւններ կնքելու քայլին ունեցած տարողութենէն:

Հարցաթերթիկներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ այն, որ ոմանք, հակառակ անոր որ տարրական հայերէնն իսկ չէին գիտեր, բայց եւ այնպէս ընտրեցին հայերէնով հարցաթերթիկ լեցնել, սակայն մնայուն կերպով օգնութիւն ուզեցին: Բայց եւ այնպէս արաբերէնով լեցուած հարցաթերթիկները մեծամասնութիւն կը կազմեն, հայերէն ու անգլերէն լեզուով եղողները գրեթէ հաւասար են:

Նշեմ,  որ երբ ընտանիքին մայրը հայ չէ, զաւակները մեծաւ մասամբ օտար դպրոց կ՛երթան, տան մէջ արաբերէն կը խօսին բնականաբար, շատ քիչ հայերէն կը գործածեն` հօր հետ կամ հօր ընտանեկան պարագաներուն հետ: Երբ մայրը արաբ է, 100-էն 74-ը տան մէջ արաբերէն կը խօսի, 100-էն 72-ը շատ լաւ արաբերէն կը կարդայ, 62-ն լաւապէս կը գրէ: Երբ տան մայրը հայ է, այս բոլոր տոկոսներն ալ կը նուազին, տան մէջ տիրական լեզուն հայերէնը կ՛ըլլայ:

Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ իր զաւակը օտար վարժարան ղրկել, որովհետեւ, ըստ անոնց, աւելի աժան է: Սակայն եթէ ոչ պետական վարժարանները նկատի ունենանք, պիտի տեսնենք, որ անոնք շատ աւելի սուղ են հայկական վարժարաններէն, բայց եւ այնպէս ծնողները հանգիստ սրտով այդ աշակերտները կը ղրկեն ձուլումի: Կայ նաեւ այն, որ օտար վարժարան ղրկելու մէջ մեծ բաժին ունի ցուցամոլութիւնը, կարծէք` կարգ մը ծնողներ աւելի ուրախ ու հպարտ կը զգան, երբ իրենց զաւակները անուանի օտար վարժարաններ կը յաճախեն, երբեմն ատիկա կ՛ըլլայ դրացիին կամ բարեկամի մը հետ մրցակցութեան պատճառով: Հոս յիշենք դէպք մը. օտար անուն ունեցող վարժարանի մը տնօրէնը, նկատելով, որ հայ աշակերտներուն թիւը մեծ է, 24 ապրիլին, Վարդանանցին արձակուրդ կու տայ. ան նաեւ նախաձեռնած էր հայերէնի դասընթացքներու, սակայն, ցաւ ի սիրտ, ծնողները մերժած են` պատճառաբանելով, որ արդէն իսկ ծանրաբեռնուած են դասերով: Հարց կու տամ, որ այդ հայ ծնողները ինչպէ՞ս յանդգնութիւն ունին նման բան ըսելու օտար տնօրէնի մը, որ փորձ կը կատարէ օտարութեան ճամբան բռնած մեր աշակերտները մօտեցնել իրենց արմատներուն…Չունիմ պատասխան:

Շատեր այն կարծիքին էին, որ արաբական դպրոց երթալով, իրենց զաւակը, երբ աւարտէ, աւելի լաւ աշխատանք կրնայ գտնել, աւելի լաւ արաբերէն կը խօսի: Ըստ անոնց, արաբական դպրոցին մէջ երեխան աւելի լաւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն կը սորվի, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ…Եթէ արդիւնքներուն նայինք, պիտի տեսնենք, որ օտար վարժարան գացողներուն պարագային, եղած կորուստներուն գլխաւորը լեզուն է, անկախ անկէ, որ ատիկա իրենց մայրենի լեզո՞ւն է, թէ՞ ոչ, բայց լեզու է: Կրնայ ըլլալ, որ որոշ չափով խօսիլ սորվին այս երեխաները, սակայն անոնք հեռու կը մնան գրելէ ու կարդալէ, այդ պատճառով ալ իրենց կենսագիրին մէջ չ՛աւելնար հայերէնը իբրեւ լեզու: Այս օրերուս, որքան լեզու գիտես, գործի ընդունուելու այդքան շատ առիթներ կ՛ունենաս: Օրինակ` թարգմանիչ ըլլալու համար շատ լաւ պէտք է գիտնայ երեք լեզուներ, իսկ եթէ ի սկզբանէ լաւ հայերէն սորված է, ատիկա իրեն համար արդէն առաւելութիւն է, անկախ անկէ, որ ինք մայրենին կը գիտնայ լաւապէս:

Հարցախոյզին ընթացքին կարգ մը անճիշդ տեղեկութիւններ ալ փոխանցուեցան ինծի, անոնց իսկոյն անդրադարձայ: Օրինակ` թրքերէնի գործածութիւնը. կարգ մը անձերու պարագային ես շատ լաւ գիտեմ, որ իրենք թրքերէն կը գործածեն, սակայն իրենք ժխտական պատասխան տուին: Նախապէս ալ ըսի, որ երբեմն բացայայտ կերպով ճիգ կար իրականութիւնը ծածկելու, թերեւս` ամչնալու պատճառով, եւ ներկայանալու իբրեւ տիպար հայ: Այս պատճառով ալ գիտական աշխատանքս երբեմն քիչ մը դժուարացաւ:

Հարցումներէն մէկը այն էր, թէ արդեօք գիրք կը կարդա՞ն, կամ հայերէն երգ մտիկ կ՛ընե՞ն. մեծամասնութիւնը հայերէն երգ մտիկ կ՛ընէ, սակայն քիչեր գիրք կը կարդան: Իսկ ի՛նչ գիրք ալ որ կը կարդան, այդ ալ մեր հին մեծ գրողներուն գիրքերն են` Րաֆֆի, Սիամանթօ եւ այլն, նոր գրողներու կամ երաժիշտներու մասին շատ քիչեր գիտեն: Նոյնիսկ հայոց պատմութիւն ալ չեն գիտեր: Բաւական ցաւալի էր տեսնել, որ հարցաթերթիկ ամբողջացնողը չի գիտեր, թէ ապրիլ 24-ին եւ մայիս 28-ին ճիշդ ի՛նչ պատահած է, այսինքն` ո՛ր մէկը Ցեղասպանութեան թուականն է, ո՛ր մէկը անկախութեան: Ասիկա շատ շատ գէշ կ՛ազդէ վրադ, իսկապէս:

Հարցախոյզի մասնակցողներուն 48 տոկոսը լաւապէս գիտէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, 45 տոկոսը` Վարդանանցի, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ մեր` առաջին քրիստոնեայ ազգը ըլլալը:

Անոնցմէ շատ լաւ հայերէն կը կարդայ 43,5  տոկոս, 55,90 տոկոսը` արաբերէն, 55 տոկոսը` անգլերէն. շատ լաւ հայերէն կը գրէ 34 տոկոսը, արաբերէն` 50 տոկոսը, իսկ անգլերէն` 52 տոկոսը, լաւապէս հայերէն կը խօսի 56,40 տոկոսը, արաբերէն` 55,50 տոկոսը, իսկ անգլերէն` 47,70 տոկոսը:

Նշեմ, որ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ծնածներուն վիճակը աւելի վատ է, քան` դուրսէն գացողներուն:

«Ա.».- Հետաքրքրական է` հարցախոյզին մասնակիցները, իբրեւ մարդ, հայ մարդ, իրենց լեզուն չգիտնալու պատճառով արդեօք գէշ չե՞ն զգար, ինչպիսի՞ ինքնութեան տէր կրնայ ըլլալ մէկը, զաւակը ազգի մը, որ իր ազգի լեզուն չի գիտեր:

Ա. Ճ.- Ցաւալին այն է, որ մարդիկ անյարմար չեն զգար, որ հայ ըլլալով` հայերէն չեն գիտեր: Յորդանանի մէջ հայ մարդ մը մերժեց, որ իր զաւակները ամբողջացնեն հարցաթերթիկը: Ան ապրած է շրջանի մը մէջ, ուր հայկական դպրոց չկայ, սակայն այսօր կ՛ապրի Օմանի մէջ, ուր կայ հայկական վարժարան, սակայն ինք չէ ղրկած զաւակները, ոչ ալ նախաձեռնած է հայերէն սորվեցնող ուսուցիչ մը բերելու, որպէսզի տարրական հայերէն ուսուցանուի զաւակներուն: Ինք կը ցաւի, որ հայկական դպրոց չէ գացած, սակայն նոյն սխալը կ՛ընէ իր զաւակներուն հաշուոյն` մտածելով, որ արաբական երկրի մը մէջ ի՛նչ կարիք կայ հայերէն սորվելու: Կայ նաեւ պատմութեան միւս երեսը, շատեր կը ցաւին, որ հայկական անուն ու արմատ ունին, սակայն լեզուն չեն գիտեր: Օրինակ մը տալու համար յիշեմ բժշկուհի մը, որ հայկական անուն մականուն ունի, սակայն ոչ մէկ բառ հայերէն գիտէ, միայն սորված է մէկ նախադասութիւն. «Ես հայերէն չեմ գիտեր»: Հիւանդանոցին մէջ հայեր կը դիմեն իրեն, որովհետեւ հայ է, սակայն ինք չի կրնար անոնց հետ հաղորդակցիլ, անոնց օգտակար դառնալ` հայերէն չգիտնալուն պատճառով, ան կը պատմէ նաեւ, թէ որքա՛ն գէշ կը զգայ, երբ իր հայերէն չգիտնալուն մասին լսող հայերը հարց կու տան, թէ ի՛նչ տեսակ հայ է ինք: Կան անձեր, որոնք  անդրադարձան այս կէտին, երբ հայկական անցագիր ստանալու համար դիմում ներկայացուցին: Հոն իրենց ըսուած է, որ պէտք է հայերէն խօսիլ գիտնան: Զրոյցի մը ընթացքին նման պարագայ ունեցողներէն մէկը գանգատեցաւ, որ հայերէն չգիտնալուն պատճառով զինք հայ չեն նկատեր. խորհուրդ տուի, որ սորվի լեզուն, ինչ որ շատ լաւ է, սակայն ինք նման նախաձեռնութեան դիմելու պատրաստակամ չէր, որովհետեւ մականունին աւարտին գտնուող եան-էն բացի` հայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն կամ պատկանելիութեան զգացում ունէր: Մարդ տարբեր տեսակի ինքնութիւն կ՛ունենայ` քաղաքական, աշխարհագրական, լեզուաբանական եւ այլն: Եթէ ես Լիբանանի մէջ կ՛ապրիմ, չի նշանակեր, որ ես միայն հայկական ինքնութիւն ունիմ, այլ կայ նաեւ լիբանանեանը, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները, լեզուն կը մնայ կարեւորագոյնը: Ամէն անգամ որ լեզու մը կը մեռնի, շատ բաներ կը կորսուին անոր հետ` պատմութիւն, գրականութիւն, մշակոյթ, բժշկութիւն, աւանդութիւններ եւ շատ այլ բաներ: Ըստ ՄԱԿ-ին, այսօր կան 2500 լեզուներ, որոնք բաւական վտանգուած են եւ կորուստի սեմին են արդէն, ինչ որ շատ գէշ է:

«Ա.».- Ըստ ուսումնասիրութեանդ, մայրենի լեզու չգիտցող անձ մը որքա՞ն կը տուժէ իր կեանքին մէջ:

Ա. Ճ.- Հայկական դպրոց չյաճախելով, մանուկներն ու պատանիները, ապա` երիտասարդները, շատ բաներ կը կորսնցնեն իրենց կեանքին մէջ: Հայ ընկերներ չեն ունենար, հայկական միջավայրի մէջ ըլլալէ կը զրկուին, օտարութեան մէջ կ՛ըլլան, ուր որքան ալ հարազատ ըլլալու խաբկանքը ունենան, անպայման կու գայ օրն ու պահը, երբ կը զգան, թէ իրենք օտար են հոն: Կայ խաբկանքը, որ օտար վարժարան յաճախողները ունին հայ ընկերներ, սակայն երբ ուզես գիտնալ` քանի՞ հատ, հազիւ երկու երեք հոգիի անուն կը տրուի, մանաւանդ եթէ բաղդատուին արաբ ընկերներուն հետ: Բնական է այս երեւոյթը, որովհետեւ երբ հայկական վարժարան չեն յաճախեր, ակումբ չեն երթար, եկեղեցիէն հեռու են, իրենց շրջապատին մէջ հայերու պիտի չհանդիպին, ասկէ մեկնած` կրնանք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս օտար վարժարան գացողը շատ հաւանաբար օտար ամուսնութիւն պիտի կնքէ, շատ շատ քիչ հաւանականութիւն կայ, որ ան հայու մը հանդիպի եւ անոր հետ ամուսնանայ: Ասիկա օղակի նման է, քիչ քիչ աւելի ու աւելի կը հեռանան:

Ծնողները մեծ պատասխանատուութիւն ունին գործուած այս աւերին մէջ: Հարցախոյզէն ի յայտ եկաւ, որ լեզուէն հեռու մնալու կողքին, շատեր նաեւ չեն ուզեր մշակութային, հայկական գործունէութեան մէջ մաս կազմելու մղել իրենց զաւակները` սկաուտութիւն, միութենական կեանք, ակումբ, արուեստի մարզեր: Արաբները «Ախաուիյին» կոչուած կազմակերպութիւնը ունին, շատեր հոն կը ղրկեն իրենց զաւակները` այն պատճառաբանութեամբ, որ պէտք է արաբական շրջանակ ունենան, շաղուին տեղացիներու հետ, նոյնիսկ մեծ ճիգ կամ նախաձեռնութիւն ենթադրող հայրենասիրութիւն սերմանելու փորձ ալ չի կատարուիր:

Ամէն տեղ ալ տիրական են օտարամոլութիւնն ու ստորակայութեան բարդոյթը, որոնք հիմնական պատճառներն են մեր իրականութեան պարզած պատկերին: Մեզի համար միշտ ուրիշներ աւելի լաւ են, պէտք է անոնց նմանինք: Այս օրերուն մեծ ազդեցութիւն ունին նաեւ համացանցն ու չեթի լեզուն. անգլերէնը մեծապէս տիրապետած է բոլոր  լեզուներուն:

Սփիւռքի մէջ ապրիլը, բնականաբար, աւելի կը դժուարացնէ կացութիւնը: Ներկայիս 14-19 տարեկանի միջեւ եղողները ամէնէն աւելի կ՛ազդուին այս հոսանքէն, որովհետեւ  այդ տարիքին օտար միջավայրերու մէջ կը սկսին մտնել, աւելի մեծ տարողութեամբ օտար վարժարան կը յաճախեն:

«Ա.».- Ի՞նչ էին հարցախոյզին եզրակացութիւնները, որքանո՞վ մենք վտանգուած ենք, ի՞նչ է պարագան երեք երկիրներուն մէջ:

Ա. Ճ.- Հայերը ամէնէն աւելի վտանգուած են Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ձուլումի հոսանքը շատ զօրաւոր է, որովհետեւ հոն վիճակը բաւական վատ է, բազմազգեան միջավայր կայ: Յորդանանի մէջ կը զգաս, որ հայերը արաբացած են. միայն իմ ուսումնասիրութեանս մէջ չէ, որ ատիկա ի յայտ եկաւ, այլ նախապէս ալ տարբեր ուսումնասիրողներ գրած են, որ հայերը սկսած են նախ համարկուիլ, իսկ ներկայիս` ձուլուիլ: Այդ ընթացքին մէջ իր դերը ունի նաեւ հայկական հաւաքական վայրերուն մէջ դիմագիծի փոփոխութիւնը, օրինակ, հոս` Պուրճ Համուտի, իսկ Յորդանանի մէջ` «հայ էլ Արման»-ը. երբ օտարանալու հոսքը ընթացք առաւ, մարդիկ սկսան հեռանալ այս շրջաններէն: Լիբանանի պարագային կացութիւնը աւելի լաւ է, սակայն եթէ չհետեւինք, եթէ աշխատանք չտանինք, վիճակը շատ արագ կրնայ վատթարանալ:

«Ա.».- Հաւանաբար հարցախոյզի մասնակիցներուն մէջ կար նաեւ միւս թեզը պաշտպանողները, որոնք կը մերժեն օտարը: Որքա՞ն տոկոս կը կազմեն անոնք:

Ա. Ճ.- Անոնք 40-50 տոկոս կը կազմեն. կառչած են լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան: Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, որ լեզուն պայման չէ հայ ըլլալու, այլ եկեղեցի երթալով` կարելի է հայկականութիւն պահել, հաւանաբար այս կարծիքին են այն անձերը, որոնք շատ եկեղեցի կը յաճախեն: Ասոնք աւելի երէց տարիքի անհատներ են. օրինակ, Պուրճ Համուտի մէջ մարդ մը բացատրեց, որ նախապէս, հայերէնին զուգահեռ, թրքերէն կը խօսէին, սակայն հայերէնը չէ կորսուած: Ասիկա անշուշտ գիտական տուեալներու վրայ չէ հիմնուած, համոզումի հարց է. յետոյ կայ այն, որ այդ օրերուն մարդոց մտայնութիւնն ու առաջադրանքները տարբեր էին. շուտով բացին դպրոցներ եւ հայերէն սկսան դասաւանդել, այսօր այդ դպրոցները կան, սակայն մարդիկ չեն ուզեր հայկական վարժարան ղրկել իրենց զաւակները: Ուրեմն մտայնութիւնն ու համոզումները փոխուած են: Նախորդ սերունդները միայն հայերէն կը խօսէին, յետոյ յաջորդող սերունդը դարձաւ երկլեզու, իսկ ներկայիս մայրենին կը մերժեն եւ կը կառչին օտարին: Տակաւին չենք գիտեր, թէ յաջորդ սերունդները ի՛նչ մօտեցում պիտի ունենան:

«Ա.».- Եզրակացութիւն, առաջարկներ…

Ա. Ճ.- Օտարամոլութիւնը շատ խոր արմատ նետած է մեր մէջ գրեթէ ամէն տեղ: Ծնողները այսօր ինքնութեան կառչածութիւն չունին, կը մտածեն` հայերէնը օգտակա՞ր է, թէ՞ չէ: Օրինակ, իրենք չեն մերժեր, որ իրենց զաւակը յաւելեալ լեզու գիտնալու համար երթայ գերմաներէն, ճափոներէն կամ չինարէն սորվի, սակայն ճիգը չեն ըներ, որ ուղղեն զայն հայերէն սորվելու: Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը զղջան, որ իրենց ծնողները հայերէն չեն սորվեցուցած իրենց, նախաձեռնութեան մը չեն դիմեր հայերէն սորվելու կամ յաջորդող սերունդներուն հաշուոյն այդ սխալը ուղղելու: Պատասխանատուները եւս իրենց դերակատարութիւնը ունին. ամէնէն աւելի քաշողականութիւն ունեցողը սկաուտութիւնն է, պասքեթպոլն է, մթնոլորտի պակաս կայ, մենք բառամթերքի պակաս ունինք, մեր դասագիրքերը հին են, մթնոլորտի հնաբոյր է, պէտք է աւելի եռանդուն, կենդանի եւ գրաւիչ դարձնենք հայերէնը, աւանդական ձեւերէն դուրս գանք: Եկեղեցւոյ մէջ, օրինակ, այսօր ոչինչ կը հասկնան, կիրակնօրեաները բաւական հնաբոյր են, պէտք է այժմէականացուին:

Նախորդող սերունդին մէջ հայերէնի գիտակութիւն եւ հայեցիութեան զգացումը առկայ է, նոր սերունդին մէջ տոկոսը շատ նահանջած է:

Առաջարկներուն պարագային, առանցքային պէտք է ըլլայ հայերէնը աւելի մատչելի եւ գործածական դարձնելը, պատկերասփիւռի կայանի մը հաստատումը, որպէսզի արեւմտահայերէնը միշտ լսելի ըլլայ, պէտք է քաջալերել հայերէն նիւթերուն մէջ շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրողները, անոնց գրաւիչ նախաձեռնութիւններ պէտք է ընել, ձրի համալսարան յաճախելու առիթ տալ: Պատասխանատուութիւնը թէ՛ հաւաքական է եւ թէ՛ անհատական: Մենք այսօր պէտք է շահինք նոր սերունդի զաւակները` տարբեր միջոցներով, որպէսզի հետագային ալ այդ դաստիարակութիւնը ան իր զաւակներուն փոխանցէ:

Կան հաւատացողներ, որոնք կը կարծեն, թէ հայութիւնը նման վտանգներու դէմ յանդիման եղած է, սակայն շրջանցած է, եւ կրկին հայկականութիւնը տիրական եղած է: Պէտք չէ մեր մատին ետին թաքնուիլ, պէտք է իրականութիւններուն դէմ յանդիման կանգնիլ եւ փորձել լուծումներ գտնել, այլապէս շատ ուշացած կ՛ըլլանք, ենթադրութիւններու եւ նախատեսութիւններու վրայ կարելի չէ ապագան կերտել կամ պատկերացնել:

 

 

 

 

Նախորդը

Հեզ Ու Պարտականութեան Գիտակից Սագոյին Յիշատակին

Յաջորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (6). «Ապագայ Լրագրողներ»-Ու Ընթացիկ Ծրագիրը Կը Շարունակուի «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.