«Հայաստանէն Դուրս Երուսաղէմը Հայագիտութեան Եւ Հայկական Արուեստի Ամէնէն Հարուստ Նիւթերը Ունեցող Կեդրոնն Է» «Նոր Յառաջ»-ին Կ՛ըսէ Պատմաբան Արմէն Քլոտ Մութաֆեան
Վարեց` ԱՐԷՆ ՔԷՐԹԷՇԵԱՆ Շուրջ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան Արմէն Քլոտ Մութաֆեանին առաջարկած էր զբաղիլ տեղւոյն թանգարանի վերաբացման հարցով: 700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի եւ յարմարեցուի մնայուն ցուցադրութեան համար: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը հրաւիրած էր Մութաֆեանը` ներկայացնելու ցարդ կատարուած աշխատանքները: Այս առիթով, ստորեւ տրուած հարցազրոյցը ունեցանք պատմաբանին հետ: «ՆՈՐ...



















