Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանէն Դուրս Երուսաղէմը Հայագիտութեան Եւ Հայկական Արուեստի Ամէնէն Հարուստ Նիւթերը Ունեցող Կեդրոնն Է» «Նոր Յառաջ»-ին Կ՛ըսէ Պատմաբան Արմէն Քլոտ Մութաֆեան

October 19, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարեց` ԱՐԷՆ ՔԷՐԹԷՇԵԱՆ

Շուրջ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան Արմէն Քլոտ Մութաֆեանին առաջարկած էր զբաղիլ տեղւոյն թանգարանի վերաբացման հարցով: 700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի եւ յարմարեցուի մնայուն ցուցադրութեան համար: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը հրաւիրած էր Մութաֆեանը` ներկայացնելու ցարդ կատարուած աշխատանքները:

Այս առիթով, ստորեւ տրուած հարցազրոյցը ունեցանք պատմաբանին հետ:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Դուք ստանձնած էք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր փակ մնացած Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի թանգարանին վերաբացման պատասխանատուութիւնը: Այդ առումով, ի՞նչ ծրագիրներ մշակած էք եւ աշխատանքները ինչպէ՞ս կ՛ընթանան:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Ես առաջին անգամ 1979-ին, այցելած էի այդ թանգարանը, որ անմխիթար վիճակ մը կը պարզէր: Ամէն ոք գիտէ, որ Հայաստանէն դուրս Երուսաղէմը հայագիտութեան եւ հայկական արուեստի ամէնէն հարուստ նիւթերը պարունակող կեդրոնն է, եւ ցաւալի էր տեսնել ցուցադրութեանց ողորմելի պատկերը: Ներկայի հայոց պատրիարքը շուրջ երկու տարի առաջ զիս հրաւիրեց եւ առաջարկեց, որ զբաղիմ թանգարանի վերաբացման հարցով, որպէսզի պատշաճօրէն հոն ներկայացուի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: Ես սիրով ընդունեցի առաջարկը: Անմիջապէս կեանքի կոչուեցաւ երեք հոգինոց աշխատանքային խումբ մը, որուն, բացի ինձմէ, կ՛անդամակցին պատմագէտ Յարութիւն Գէորգեանը եւ թանգարանագէտ Յարութ Պեզճեանը: Մենք միասնաբար ծրագիր մը մշակեցինք եւ մօտաւոր ծախսերու նախահաշիւին հետ ներկայացուցինք պատրիարքին: Այս ծրագիրը պատրիարք հօր հաւանութեան արժանացաւ:

«Ն. Յ.».- Կրնայի՞ք այդ ծրագիրին մասին որոշ բացատրութիւններ տալ:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- «Էդուարդ եւ Էլեն Մարտիկեան» անունով թանգարանը կը գտնուի երկու յարկի վրայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ետեւը կան խցիկներ: Վայրը շատ յարմար է: Ըստ մեր ծրագիրին, թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժիններ, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ Քաղաքի հայկական հարստութիւնները: Պատրիարքը խոստացած է, որ մինչեւ 2017-ի աւարտը պիտի հայթայթէ նիւթականը:

«Ն. Յ.».- Թանգարանին մէջ պահպանուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան հարուստ հաւաքածոյ մը: Ի՞նչ արժէքաւոր ցուցանմուշներ կան հոն:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Ամէնէն մեծ հարստութիւնը ձեռագիրներն են: Հակառակ անոր որ ձեռագրապահեստը շատ խեղճ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն, բարեբախտաբար, ձեռագիրները չեն տուժած: Օրինակ մը բերեմ. ինչպէս գիտենք, հայ ամէնէն նշանաւոր մանրանկարիչը Թորոս Ռոսլինն է (13-րդ դար), եւ աշխարհի մէջ ներկայիս իրմէ մնացած են միա՛յն եօթը գործեր. մէկը Ամերիկա է, երկուքը` Երեւանի Մատենադարանը, իսկ մնացեալ չորսը Երուսաղէմ կը գտնուին: Այնտեղ կան նաեւ այլ եզակի իրեր` մեծ թիւով կաթողիկոսարանի կամ պատրիարքարանի կոնդակներ, արաբերէնով սուլթաններու եւ խալիֆաներու նշանաւոր ֆերմաններ (հրահանգներ), որոնցմէ յիշատակելի է Սալլահէտտինի ֆերմանը (1197-ին), որով կը հրահանգէր ձեռք չտալ հայերուն, երբ իր զօրքերը վերագրաւած էին Երուսաղէմը: Հոն պահուած են նաեւ խորանի արժէքաւոր վարագոյրներ, գորգեր, ինչպէս նաեւ` 1064 թուականի շքեղ Աւետարանը: Ըսեմ նաեւ, որ Հին Քաղաքէն դուրս կայ պատրիարքարանին պատկանող տարածք մը, որուն յատակին կը գտնուի ցարդ նմանը չունեցող 7-րդ դարու խճանկար մը` հայկական արձանագրութեամբ, որ անշուշտ կարելի չէ տեղափոխել, սակայն կարելի է այդ հրաշալիքին կրկնօրինակը զետեղել թանգարանին մէջ: Կայ նաեւ եկեղեցւոյ 14-րդ դարու փայտէ դուռը, որ գեղեցիկ արձանագրութիւն ունի: Աշխարհի մէջ այդպիսի չորս դուռ գոյութիւն ունի. մէկը Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ է, երկուքը` Հերմիթաժի եւ մէկ հատն ալ Թէոդոսիա կը գտնուի: Թանգարանի պատերուն մէջ զետեղուած են նաեւ մեծ թիւով խաչքարեր:

Մեր նախատեսած ծրագիրին համաձայն, թանգարանի առաջին բաժինը կ՛երկարի մինչեւ խաչակիրներու ժամանակաշրջանը, երկրորդ մասը արդէն խաչակրաց հարուստ շրջանն է, երրորդը Օսմանեան կայսրութեան կը վերաբերի, ուր շեշտը պիտի դրուի ուխտաւորներու եւ բարերարներու վրայ: Այս բաժինները առաջին յարկը պիտի զետեղուին, իսկ վերնայարկը յատկացուած է Ցեղասպանութեան օրերու յիշատակներուն եւ փաստաթուղթերուն, ժամանակակից շրջանի ցուցանմուշներուն: Նաեւ յատուկ բաժին մը պիտի ընդգրկէ տպագրութիւնը եւ լուսանկարչութիւնը` նկատի ունենալով, որ հայերը առաջին տպագրիչները եղած են:

«Ն. Յ.».- Ուրեմն, նախքան ձեր մշակած ծրագիրի իրագործումը, տակաւին հսկայական աշխատանք կայ այդ ամբողջ հարստութիւնը թուագրելու առումով: Չհաշուած` Երուսաղէմէն դուրս գտնուող պատմական արժէքները:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Այդ ժառանգութեան շուրջ 95 առ հարիւրը կը գտնուի պատրիարքարանին մէջ: Բայց նախ մենք պէտք է այս բոլորը տեսնենք եւ լուսանկարենք, ապա պէտք է ընտրութիւն կատարենք, որովհետեւ կան նիւթեր, որոնք պատրիարքարանին մէջ չեն, ինչպէս, օրինակ, խաչակիրներու ժամանակաշրջանին ամէնէն նշանաւոր անձնաւորութիւնը համարուող Երուսաղէմի Մելիզանտ թագուհիին մասին, որուն մայրը հայ էր: Այդ թագուհիին վերաբերեալ հայագիտութեան մէջ ո՛չ մէկ ակնարկ գոյութիւն ունի: Հաւանաբար ան թագուհի դառնալէ ետք ընդունած է կաթողիկէ դաւանանքը եւ հայերուն համար հայ ըլլալէ դադրած է: Բայց Փարիզի Ազգային գրադարանին եւ Լոնտոնի մէջ ահագին տեղեկութիւններ կան այդ մասին: Ուրեմն, նման պարագաներու մեզի պէտք են նիւթերու լուսանկարները, այսինքն Երուսաղէմի հաւաքածոն պիտի լրացուի դուրսէն բերուած կրկնօրինակներով կամ լուսանկարներով:

«Ն. Յ.».- Արդեօք դարերէ ի վեր հոն պահուած թանկարժէք իրերը կարելի՞ է թանգարանին մէջ ներկայացնել:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Երուսաղէմի պատրիարքը համաձայն է, որ մեր ցանկագրած նիւթերը տրամադրէ թանգարանին: Անշուշտ կարելի է որոշ նմուշներ «fac-simile» (նմանագրութիւն, օրինակ-Խմն.) ընել եւ ցուցադրել, եւ ասիկա` մանաւա՛նդ ձեռագիրներու համար, որովհետեւ կրնայ լոյսի խնդիր յառաջանալ:

«Ն. Յ.».- Ձեր նախնական հաշիւներով, նման ծրագիր մը որքա՞ն ծախսի կը նայի եւ ո՞վ պիտի ֆինանսաւորէ:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Մեր հաշիւներով, այս ծրագիրի իրագործումը կը հաշուէ մօտաւորապէս երկու միլիոն եւրօ, որուն մէջ ներառուած չեն շէնքին վերանորոգման ծախսերը: Պատրիարքը, ինչպէս ըսի, խոստացած է այդ գումարը հայթայթել: Եթէ այդպէս ըլլայ, արդէն յունուար 2018-ին մենք գործնական աշխատանքի կ՛անցնինք:

«Ն. Յ.».- Դուք Հայաստանի մէջ ներկայացուցիք թանգարանի վերաբացման ծրագիրը: Արդեօք դրակա՞ն են արձագանգները: Ժողովուրդը կը հետաքրքրուի՞:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Այս նիւթը շատ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց ժողովուրդին մէջ: Ես այս թեման ներկայացուցի Պատմութեան թանգարանին եւ ամերիկեան համալսարանին մէջ: Նաեւ հեռատեսիլի երկու կայաններ յատուկ հաղորդումներ սփռեցին: Խանդավառութիւնը մեծ է:

«Ն. Յ.».- Դուք քիչ առաջ ակնարկեցիք Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւներուն: Մամուլը յաճախ կը խօսի պատրիարքարանին մէջ պահուած արխիւներու փակ ըլլալուն մասին: Այս լուրերը իրականութեան կը համապատասխանե՞ն, թէ՞ ոչ:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Ընդհանրապէս արխիւները փակ պահելը աւանդական գործընթաց մըն է, բայց հիմա Երուսաղէմի մէջ անոնք պիտի բացուին եւ ցուցադրուին: Մեր խումբը աշխատանքի բաժանում ըրած է: Յարութիւն Գէորգեանը պիտի զբաղի արխիւներով, ես` միջնադարեան շրջանով, իսկ Յարութ Պեզճեանը` արդէն թանգարանային հարցերով:

«Ն. Յ.».- Երկար տարիներէ ի վեր փակ պահուած արխիւները ուսումնասիրելու համար չէ՞ք կարծեր, որ լաւ պիտի ըլլայ թանգարանին կից նաեւ ստեղծել գիտահետազօտական կեդրոն մը:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Կ՛ենթադրեմ, որ այդ արխիւներուն մէկ մասը արդէն ուսումնասիրուած է: Անշուշտ, որ արխիւներու ամբողջական ուսումնասիրութիւնը կարեւոր աշխատանք մըն է: Այս հարցերով Յարութիւն Գէորգեանը ի՛նք կը զբաղի:

«Ն. Յ.».- Կը կարծէ՞ք, որ թանգարանը բաւականաչափ այցելու պիտի ունենայ, որպէսզի ինքնաբաւ դառնայ:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Անշո՛ւշտ, նկատի ունենալով, որ հազարաւոր մարդիկ կ՛այցելեն Երուսաղէմ, իսկ թանգարանը բաց է բոլորին առջեւ: Հոն զբօսաշրջութեան գրքոյկներուն մէջ այս թանգարանին մասին ակնարկ կայ եւ ժողովուրդը կը փնտռէ զայն:

«Ն. Յ.».- Արդեօք այսքան մեծ հարստութիւն թանգարանի մը մէջ ներկայացնելը նաեւ քաղաքական առումով վտանգաւոր չէ՞, նկատի ունենալով այդ աշխարհամասի պայթուցիկ կացութիւնը:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Եթէ նորէն պատերազմ կամ ռմբակոծում ըլլայ, անշուշտ որ վտանգաւոր է, բայց ատիկա միա՛յն թանգարանին չի վերաբերիր:

«Ն. Յ.».- Ե՞րբ կը վերաբացուի թանգարանը:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Եթէ խոչընդոտներ չըլլան, գործը երկու տարիէն գլուխ կու գայ:

«Ն. Յ.».- Յաճախ շշուկներ կը լսուին պատրիարքարանի կալուածներուն առգրաւման մասին: Ի՞նչ է վիճակը այսօր:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Պատրիարքարանը Հին քաղաքէն դուրս ունի շատ մը կալուածներ, որոնց վրայ աչք դրած է Իսրայէլի պետութիւնը: Սակայն քաղաքին մէջ գտնուող կալուածները պատրիարքարանին սեփականութիւնն են: Ըսեմ, թէ միայն նոր քաղաքն է, որ ընդունուած միջազգային օրէնքով Իսրայէլի պետութեան կը պատկանի:

«Ն. Յ.».- Այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Երուսաղէմի հայկական գաղութը:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Հոն քիչ է հայութեան թիւը, եւ աշխուժ համայնքային կեանք գոյութիւն չունի:

«Ն. Յ.».- Վերջին հարցումը կը վերաբերի ֆրանսահայութեան: Անոր ժառանգութիւնը ո՞վ պիտի փրկէ:

ԱՐՄԷՆ ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ.- Լաւագոյնը այն պիտի ըլլար, որ յատուկ մարմին մը գոյութիւն ունենար` Տեսինի «Հայկական յիշողութեան կեդրոն»-ի օրինակով, որ զբաղէր ֆրանսահայութեան ժառանգութեան հարցերով, նշելով, որ ես, Տիգրան Գույումճեանը եւ Զաւէն Եկաւեանը շատ մեծ գրադարաններ ունինք, եւ առաջարկած եմ Սեւրի վարժարանին մէջ հիմնել հայկական գրադարան մը` այդ բոլոր գիրքերը միատեղելու նպատակով: Հայր սուրբը սկզբունքին համաձայն է, բայց ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ գործնական արդիւնքները ի՛նչ պիտի ըլլան, նկատի ունենալով, որ այդ աշխատանքն ալ նիւթական մեծ ներդրումներ կը պահանջէ:

 

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.