«Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան կողմէ Ազգային միացեալ վարժարանին տրամադրուած «ինթըրէքթիւ պորտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին բացումին առիթով, հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին, այցելեց վարժարան` անձամբ կատարելու համար վերոնշեալներուն բացումը:
Լէյլա Սոլհ Համատէի ընդունելութեան ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային առաջնորդարանի Երեսփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այս առիթով ներկայ էր համալիրի շինարարական յանձնախումբին մաս կազմած եւ վարժարանի հիմնական բարերարներէն Հրայր Սարգիսեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լէյլա Սոլհ Համատէի արտասանած խօսքը.
Շատ ուրախ եմ այսօրուան հրաւէրին եւ այս հանդիպումին համար: Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ` իրականացուած այս երազին առիթով: Այո՛, երազները կ՛իրականանան, սակայն այս դպրոցին պարագային ժամանակի ազդակը իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցաւ` երազը արագօրէն իրականացնելու իմաստով, եւ այդ մէկը իւրայատուկ է եւ արտակարգ: Մենք սովորաբար վարժ ենք երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու թափին, սակայն դուք հայկական ձեռքերով այդ երազը մեծ արագութեամբ յաջողած էք իրականացնել:
Յարգելի՛ ներկաներ եւ սիրելի աշակերտներ, վաղուան Լիբանանը ձգտումներ ունեցող սերունդներուն Լիբանանն է: Լիբանանը պիտի ըլլայ երկիրը այն սերունդին, որ պատրաստ է ստանձնելու անոր ղեկը եւ գուրգուրալու անոր ապագային ու ճակատագիրին: Իբրեւ այդպիսին` մեզմէ կը պահանջուի որդեգրել ապագայասլաց քաղաքականութիւն մը, որ երկարաժամկէտ է եւ կը ձգտի պատրաստել այդ սերունդները:
Սակայն ինչպէ՞ս դիմանալ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացի պայմաններուն մէջ, որ հասաւ իր գագաթնակէտին եւ երկրին մէջ դրսեւորուեցաւ իր յոռեգոյն իրականութեամբ` անգործութեամբ, ինչպէս նաեւ` արտագաղթի բարձր համեմատութեամբ:
Երկրին մէջ ապրուստի, առողջութեան եւ կրթութեան մակարդակները օրըստօրէ անկում կը կրեն, նորահաս սերունդներուն ուսում ջամբելու առաքելութիւնը վերածուած է մեծագոյն մարտահրաւէրին, իսկ միջակ եւ համեստ դասակարգին բժշկութիւն ապահովելու պարտականութիւնը գրեթէ անկարելի դարձած է:
Լիբանանի մէջ զգալիօրէն գերակշռող կը դառնայ նաեւ այլ երեւոյթ մը: Լիբանանցին կ՛արտագաղթէ, իսկ սուրիացիներն ու պաղեստինցիները կու գան Լիբանան եւ անոր հողին վրայ կը վերաբնակեցուին:
Գաղթակայանները վերածուած են զօրանոցներու, իսկ Արեւմուտքի մէջ արաբ քրիստոնեաները ընդունելու տրամադրութիւնը վերածուած է ընդունուած կարգի:
Լիբանանի մասին Միշել Շիհայի այն համոզումը, որ Արեւելքի մէջ հալածուած փոքրամասնութիւններու օրրանը ըլլալը Լիբանանի համար փառք էր, վերածուած է անէծքի, բացի հայ համայնքէն: Հայ ժողովուրդը, որ իր դէմ գործուած Ցեղասպանութենէն ետք հասաւ Լիբանան, միասնականացաւ Լիբանանին հետ եւ լիիրաւ գործընկերը դարձաւ լիբանանեան վարչակարգին: Լիբանանի պատմութեան բոլոր փուլերուն հայ համայնքը ունեցաւ իր կարեւոր եւ անկիւնադարձային դերակատարութիւնը` ի խնդիր Լիբանանի պահպանումին եւ բարգաւաճման:
Լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը եղաւ իմաստուն եւ հաւասարակշռող. այդ դերակատարութիւնը մնայուն կերպով նպաստեց եւ զօրակցեցաւ լիբանանեան պետութեան ու անոր պետական հաստատութիւններուն: Հայ համայնքը հաւատարիմ մնաց Լիբանանին եւ կատարեց քաղաքական եւ տնտեսական բացառիկ ընտրանքներ, եւ իր մտաւորական, մշակութային ու արհեստի հմտութիւնները ի սպաս դրաւ լիբանանեան ընկերութեան ծառայութեան:
Այսօր հայ համայնքը ապացուցած է, որ ինք անմրցելի եւ հիմնական ուժն է ճարտարարուեստի մարզին, որուն շրջագիծին մէջ հայութիւնը փաստած է իր իւրայատկութիւնը, որով կ՛երաշխաւորուի իր շարունակականութիւնը:
«Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան մէջ ի պաշտօնէ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ գործակցելու ձեր 12 դպրոցներուն հետ, իսկ այսօր մասնակի օժանդակութեամբ մը կը մասնակցինք Ազգային միացեալ վարժարանի «ինթըրէքթիւ պորտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին կահաւորումին, որպէսզի դարձեալ զգանք, որ մենք գործընկերներ ենք` ազգային դպրոցները համախմբելու եւ մէկտեղելու կրթական այս առաքելութեան:
Մենք ձեզմէ սորված ենք նաեւ գոյատեւելու համար միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, որ խելացի քայլ մըն է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեամբ գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները դիմագրաւելու իմաստով: Եթէ Լիբանան այս մասին իմանար, կը գոյատեւէր, իսկ եթէ լիբանանցին անոր իմաստը հասկնար, ապա ան չէր մեռներ:
Շնորհակալութիւն բոլորին եւ յատկապէս մնայուն բարեկամիս` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:


