ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
16 սեպտեմբեր 2017-ին Իսլանտայի վարչապետ Պեառնի Պենետիքթսոն կոչ ուղղեց Իսլանտայի մէջ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու 28 հոկտեմբեր 2017-ին:
Կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու բուն պատճառն էր Իսլանտայի վարչապետին (Պեառնի Պենետիքթսոն) եւ անոր հօր (որ իսլանտացի միլիառատէր է) «Փանամայի փաստաթուղթեր»-ու հարցին մէջ ներգրաւուածութիւնը (վերջինս ներքին գործոց նախարարութեան նամակ յղեց, որ կը ներէ երեխաներու նկատմամբ սեռային բռնութիւն կատարողի մը, որուն ինքնութիւնը նախարարութիւնն ու վարչապետը գաղտնի պահեցին խորհրդարանէն եւ հանրութենէն):
Երեք կուսակցութիւններէ (պահպանողական Անկախութիւն կուսակցութիւն, դասական-ազատական Բարեփոխում կուսակցութիւն եւ ընկերային-ազատական Փայլուն ապագայ կուսակցութիւն) կազմուած Իսլանտայի կառավարութիւնը ճգնաժամի մէջ մտաւ, երբ Փայլուն ապագայ կուսակցութիւնը իր Դիմատետրի էջին վրայ յայտարարեց, որ` «կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը կառավարութեան հետ»:
Խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու յայտարարութենէն ետք Անկախութիւն կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը շատ նուազեցաւ եւ հասաւ (ըստ «Մորկունպլազիզ» թերթի հետազօտութիւններուն, տեղի ունեցած` 21 սեպտեմբեր 2017-ին) մինչեւ 23 առ հարիւրի (նախկին ընտրութիւններուն շահած էր քուէներուն 29 առ հարիւրը):
Պահպանողականներուն արձանագրած նահանջին դիմաց ձախը սկսաւ ապրիլ վերելքի ժամանակաշրջան մը, եւ ըստ նոյն աղբիւրին (դարձեալ` 21 սեպտեմբեր 2017-ի տուեալներով) հետազօտութիւններուն, արմատական ձախ «Ձախ-կանաչ շարժում»-ը կը վայելէր հանրութեան աջակցութեան 30 առ հարիւրը (նախկին ընտրութիւններուն ապահոված էր քուէներուն 15 առ հարիւրը` դառնալով Իսլանտայի մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը):
«Ձախ-կանաչ շարժում»-ը իր աշխարհահայեացքով ընկերվարական, բնապահպանական, ֆեմինիստական եւ խաղաղապաշտ կուսակցութիւն մըն է: Հիմնուած ըլլալով 1999-ին` անիկա դէմ արտայայտուեցաւ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներուն Իսլանտայի մասնակցութեան եւ թիկունք կանգնեցաւ համամարդկային դատերուն, ինչպէս` գաղթականներու իրաւունքներու եւ պաղեստինեան դատերուն: 2009-2013 թուականներուն «Ձախ-կանաչ շարժում»-ը մաս կազմեց Ընկերվար-ժողովրդավարական դաշինքի կառավարութեան:
Ինչ կը վերաբերի «Ձախ-կանաչ շարժում»-ի ընտրական ծրագիրին, ապա անոր «Տնտեսական հարցեր եւ հարկեր» բաժինին մէջ գրուած է. «Շարժումը նպատակ ունի կերտել գործօն, արդար եւ կանաչ հարկային համակարգ մը, որ կը նուազեցնէ եկամուտի անհաւասարութիւնը եւ կը վերացնէ մասնակցային կարողութեան դիմաց դրուած խտրականութիւնը»: Ծրագիրը կը հետապնդէ հասարակութեան մէջ գտնուող բոլոր տնտեսական եւ հարկային հարցերը, ինչպէս` հարկերու վճարումէն խուսափիլը, որուն լուծման համար կ՛առաջարկէ «հարկային հսկողութեան ու հետաքննութեան խստացում»: Բնապահպանական աշխատանքը յառաջ տանելու համար շարժումին ծրագիրը կ՛առաջարկէ «կանաչ հարկերու ներկայացում»: Ծրագիրը նաեւ կը խոստանայ բարձրացնել հարկերը մեծ ընկերութիւններուն վրայ` յանուն քաղաքացիներու բարեկեցութեան եւ ընկերային ապահովագրութեան:
Ծրագիրի «Բարեկեցութիւն» գլուխին տակ կը գրուի հետեւեալը. «Հասարակութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորին, եւ պէտք է ամէն ջանք թափուի նուազեցնելու համար հնարաւորութիւններու տարբերութիւններն ու բարելաւելու բոլորին հնարաւորութիւնները` մասնակից դառնալով հասարակական կեանքին»: Շարժումը կ՛աւելցնէ. «Անոնք, որոնք կապուած են բարեկեցութեան համակարգին` իրենց եկամուտի ապահովման համար, պէտք է կարելիութիւնը ունենան լիարժէք կեանքով ապրիլ եւ նպաստել հասարակութեան: Իսլանտան հարուստ երկիր է եւ պէտք է շարունակէ առաջնորդուիլ իբրեւ բարեկեցիկ հասարակութիւն»: Ծրագիրը կը խոստանայ բարձրացնել աշխատաւորներուն միջին աշխատավարձը, օտար աշխատաւորներու աշխատավարձին նկատմամբ խտրութիւն չդնել, գաղթականներուն նկատմամբ որեւէ տեսակի խտրականութիւն չարտայայտել, մանկապարտէզներու հանրային սեփականացում (քաղաքապետարաններուն կողմէ)` ձրի ծառայութեամբ, մէկ տարուան յետծննդաբերութեան արձակուրդ եւ աշխատաժամերու նուազեցում:
Յատկանշական է, որ ընտրական ծրագիրին մէջ բաժին մը կայ «Կիներու իրաւունքներ» խորագիրով: Այդ բաժինը կը սկսի հետեւեալ ձեւով. «Կարեւոր է մեր ընկերութեան մէջէն ջնջել սեռային անհաւասարութիւն ներշնչող բոլոր հետքերը եւ վերջ տալ հայրիշխանութեան, որ կը փճացնէ բոլորին կարգավիճակը եւ կը զրկէ բոլորը մասնակցութեան կարելիութենէն»: Այս հարցերուն մէջ աւելի խորանալով` ծրագիրը կ՛աւելցնէ. «Հայրիշխանութիւնը այնպիսի համակարգ մըն է, որ հիմնուած է կարծրատիպերու, երկարմատութեան (dualism) եւ վնասակար գաղափարներու գերիշխանութեան վրայ», եւ պայքարի կոչ կ՛ուղղէ ընդդէմ «վտանգաւոր կարծրատիպերուն, տղամարդոց արականութեան պատկերներուն, պոռնկագրութեան եւ սեռային անհաւասարութեան դէմ»: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ սեռային բնոյթի բռնութեան դէմ պայքարիլ պետութեան եւ քաղաքապետարաններուն հետ համագործակցութեամբ, սեռային բռնութեան դէմ պայքարի հարթակ ստեղծել համացանցի ու թուային աշխարհի միջոցով եւ կրթական համակարգին մէջ աւելցնել «Հաւասարութիւն եւ գենդերային (սեռային տեսակներու) ուսումնասիրութեան» բաժին:
Իր ներքին քաղաքականութիւններուն մէջ հիմնուած ըլլալով ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներուն վրայ` «Ձախ-կանաչ շարժում»-ը հրապարակ կու գայ իբրեւ խաղաղապաշտութեան հիման վրայ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնող քաղաքական ուժ: «Իսլանտայի կառավարութիւնը պէտք է մերժէ ռազմական միջամտութիւնները: Անիկա պէտք է աշխատի յանուն միջազգային խաղաղութեան համաձայնագիրներուն եւ զինաթափման ու զէնքերու արտադրութեան», կը նշուի շարժումի ծրագիրին մէջ: Ձախ-կանաչները կը մերժեն միջազգային ազատ առեւտուրի համաձայնութիւնները, որոնք նպատակ ունին ուժը ժողովուրդէն առնելով` տալ մեծ ընկերութիւններուն: Ծրագիրը կը քաջալերէ Իսլանտայի մաս կազմելը ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրներուն, նաեւ` անոր մասնակցութիւնը այդ ծրագիրներուն ֆինանսաւորման, միջազգային գետնի վրայ` հարկերու վճարումէն խուսափման դէմ պայքարին եւ միջազգային ռազմական դաշինքներէն հեռու մնալուն:
«Ձախ-կանաչ շարժում»-ին յաղթանակը Իսլանտայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի ըլլայ ոգեւորիչ ու մղիչ ուժը միջազգային յառաջդիմական բոլոր ուժերուն, որոնք կը պայքարին մէկ կողմէ նոր-ազատականութեան, իսկ միւս կողմէ ծայրայեղ աջին դէմ` վերջ դնելու համար ամէն տեսակի խտրականութեան: