Հիւսիսքորէական Ուժերու Յառաջխաղացքը
Եւ Ամերիկեան Ուժերու Ծանր Կորուստները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հիւսիսքորէական ուժերը, Սէուլը գրաւելէն ետք, արագօրէն կը յառաջանային, իսկ Քորէա ցամաք ելած ամերիկեան զօրքերը սկսած էին դիրքեր եւ յենակէտեր հաստատել: Հակամարտ կողմերուն միջեւ առաջին գօտեմարտերը սկսան Օսան աւանին շուրջ, 5 յուլիս 1950-ին:
Առաւօտեան սկսած մարտերը կէսօրուան մօտ սաստկացան: Հիւսիսքորէական բանակին յառաջխաղացքը դանդաղեցաւ:
Զօրավար Լի Քուոն Մուի հրամանատարութեան տակ գործող հիւսիսքորէական հինգ հազար հոգինոց զօրագունդ մը Սէուլէն յառաջանալով ժամը 11:00-ին հասաւ կռուի դաշտ: Ժամը 11:45-ին բախումները սաստկացան: Երեք ժամուան կռիւներէ ետք ամերիկեան դիրքերը տկարացան. դիրքերու միջեւ կապը տկար էր, եւ արդէն 150-է աւելի սպաննուած եւ վիրաւոր տուած էին ամերիկացիք:
Յետմիջօրէին, ամերիկացի 250 զինուորները, ահագին քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք ձգելով պատերազմի դաշտին վրայ, նահանջեցին:
Նոյն օրը, յուլիս 5-ի երեկոյեան ամերիկեան հրասայլեր դիրքեր բռնեցին Օսանէն հարաւ, Սոճոնկ գիւղին մօտ, բայց կրակի տակ առնուեցան եւ քաշուեցան դէպի Փիոնկթէք: Քիչ ետք հասան Օսանէն վերապրողները եւ իրենց պարտութիւնը պատմեցին:
Հիւսիսքորէական նոր ուժեր հասան պատերազմի դաշտ եւ զօրավար Լի Քուոն Մու 12 հազար զինուորներով շարունակեց յառաջխաղացքը:
Յուլիս 5-էն 6 լուսցող գիշերուան ընթացքին ամերիկացիք կործանեցին Փիոնկթէքի կամուրջը: Առտու կանուխ սկսաւ տեղատարափ անձրեւ մը եւ փոթորիկ բարձրացաւ. տեսողութիւնը դժուարացաւ: Հիւսիսքորէական ուժերը կանգ առին փուլ եկած կամուրջին առջեւ, ուր սկսաւ գօտեմարտը: Ամերիկեան դիրքերը տկարացան եւ սկսան շրջափակուիլ: Ամերիկացի զինուորներէն ոմանք գերի ինկան, ոմանք սպաննուեցան, իսկ ողջ մնացողները խոյս տուին դէպի Չոնան:
Զօրավար Ճորճ Պարթ պաշտպանական նոր դիրքեր հաստատեց Չոնան քաղաքին շուրջ: Զօրավար Տին հեռագրեց Թեճոն եւ թարմ ուժեր խնդրեց: Փութով, գնդապետներ Ճէյ Լովլէսի եւ Ռոպըրթ Մարթինի առաջնորդութեամբ ամերիկեան թարմ ուժեր հասան Չոնան:
Նոյն օրը, յուլիս 6-ի երեկոյեան ամերիկեան ուժերուն մէկ մասը Չոչիվոնի հարաւ-արեւելեան կողմը ղրկուեցաւ, ճամբան կտրելու, Չոնանի շուրջ պաշտպանական գիծ հաստատելու եւ հաղորդակցութեան գիծը պահելու համար:
Արդէն հարաւքորէական բանակը եւ շրջանի բնակիչները հեռացած էին, եւ բնակավայրերը ամայացած ու պատերազմական գօտիի վերածուած էին:
Յուլիս 7-ին հիւսիսքորէական նոր ուժեր հասան պատերազմի դաշտ եւ դիրքեր բռնեցին Անսոնկ, Միանկ, Միոն եւ Սոնկուաննի գիւղերուն շուրջ, Չոնանը շրջափակելու համար: Ամերիկացիք պաշտպանական նոր գիծ հաստատեցին. հիւսիսքորէական ուժեր շեշտակի կրակի տակ առին ամերիկեան դիրքերը եւ ծանր կորուստներ պատճառեցին անոնց: Կէս գիշերին ամերիկեան դիրքերը տկարացան եւ մասամբ շրջափակուեցան:
Յուլիս 8-ի առտուն կանուխ հիւսիսքորէական ուժերը ուժգին յարձակում մը շղթայազերծեցին Չոնանի վրայ եւ հիւսիս-արեւմտեան կողմէն մտան քաղաք. փողոցէ փողոց կռիւներ մղուեցան: Ժամը 8:00-ին գնդապետ Ռոպըրթ Մարթին սպաննուեցաւ: Մեծ կորուստներ տալէ ետք ամերիկացիք ցիր ու ցան փախուստի դիմեցին:
Հիւսիսքորէական ձայնասփիւռը յայտարարեց, որ վաթսուն ամերիկացիներ գերի բռնուած են Չոնանի մէջ:
Յետմիջօրէին ամերիկացիք սկսան քաշուիլ դէպի Քում գետի ափերը, ուր պաշտպանական գիծ եւ ամրացուած կէտեր հաստատեցին, մօտակայ կամուրջները քանդեցին եւ Չոչիվոն քաղաքին շուրջ կեդրոնացան:
* * *
Ամերիկեան ուժերը յուլիս 9-ի յետմիջօրէին կասեցուցին հիւսիսքորէական զօրագունդի մը յառաջխաղացքը: Քանի մը ժամ ետք ամերիկեան օդուժը գործի լծուեցաւ եւ ռմբակոծեց հիւսիսքորէական ուժերը: Մինչեւ գիշեր տեւած ռմբակոծումներուն հետեւանքով հիւսիսքորէական մեքենազէն ուժերուն կէսը փճացաւ. հետեւակազօրքը եւս սոսկալի կորուստներ կրեց:
Յաջորդ օր ամերիկեան օդուժը շարունակեց ռմբակոծումը: Մօտակայ Չոնուի գիւղը քարուքանդ եղաւ եւ այրեցաւ:
Ամերիկեան հինգ հազար հոգինոց զօրագունդ մը Չոչիվոնի շրջակայքը տեղակայուեցաւ:
Յուլիս 9-էն 10 լուսցող գիշերուան ընթացքին ամերիկացիք հրետանային ուժեղ կրակ բացին, եւ բուռն բախումներ սկսան: Հիւսիսքորէական ուժերը աջ կողմէն շրջանցեցին ամերիկեան ուժերը եւ յարձակման անցան: Առտուան ժամը 9:00-ին հիւսիսքորէական ուժերը Չոնուիէն հրետանային կրակ բացին: Ամերիկեան դիրքերը տկարացան:
Կէսօրին ամերիկեան ուժերը նահանջելու հրաման ստացան: Շրջակայքը բրինձի դաշտեր էին, ճանապարհներ չկային եւ նահանջը դժուարացաւ: Ամերիկեան օդուժը գործի լծուեցաւ եւ ռմբակոծեց հիւսիսքորէական դիրքերը, իբրեւ պաշտպանութեան նահանջող զօրքերուն:
Ամերիկեան նահանջող զօրքերը մինչեւ գիշեր վերախմբուեցան, համալրուեցան եւ պատրաստուեցան հակայարձակման անցնելու:
Ամերիկեան ուժերը հակայարձակման անցան յուլիս 10-էն 11 լուսցող գիշերուան ընթացքին: Հիւսիսքորէական ուժերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ ամերիկեան դիրքերը կրակի տակ առին: Ամերիկացիք մեծաթիւ կորուստներ տուին. զինուորներէն շատեր գերի ինկան:
Յուլիս 12-ի առտուան ժամը 9:30-ին հիւսիսքորէական ուժերը սկսան մտնել Չոչիվոն: Ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Քում գետի հանդիպակաց ափը եւ Թեճոնի շուրջ պաշտպանական գիծ հաստատեցին:
* * *
Թեճոն ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ կը գտնուի. քաղաքին հիւսիսը եւ արեւմուտքը Քում գետն է, իսկ հարաւը Սոպեք լեռներն են. Թեճոն Սէուլի եւ Տեկուի միջեւ հաղորդակցութեան գլխաւոր գիծը կը նկատուի:
Հիւսիսքորէական ուժերը 50 հրասայլերով եւ երեք ուղղութիւններով սկսան յառաջանալ դէպի Թեճոն եւ ռմբակոծեցին Քումի գետափնեայ ամերիկեան դիրքերը:
Յուլիս 14-ի առտուն ամերիկեան ուժերը Քումի ափերուն կասեցուցին հիւսիսքորէական հետեւակազօրքին եւ հրասայլերուն յառաջխաղացքը:
Յետմիջօրէին հիւսիսքորէացի հազար զինուորներ անցան գետը եւ գրաւեցին քանի մը դիրքեր: Այնուհետեւ հիւսիսքորէական հեծելազօրքը կռուի դաշտ իջաւ: Երեկոյեան ամերիկեան դիրքերը տկարացան: Հիւսիսքորէական այլ ուժեր ալ անցան գետը:
Յուլիս 16-ին հիւսիսքորէական ուժերը լայնածաւալ յարձակողական մը շղթայազերծեցին, որմէ ետք խմբուեցաւ գետի արեւմտեան ափին եւ կրակի տակ առին ամերիկեան դիրքերը:
Յուլիս 17-ին ամերիկեան ուժերը սկսան նահանջել եւ կարգ մը միաւորներ մինչեւ 40 քիլոմեթր հեռու քաշուեցան:
Յուլիս 18-ին զօրավար Ուոլթըն Ուոլքըր զօրավար Ուիլիըմ Տինի հրամայեց պաշտպանել Թեճոնը, մինչեւ որ Նաքթոնկ գետի ափին պաշտպանական գիծ հաստատուի:
Յուլիս 19-ին հիւսիսքորէական բանակի միաւորներ մտան Թեճոն, ամերիկեան բանակի կարգ մը միաւորներ կտրեցին իրարմէ եւ շէնքերուն վրայ դիրքեր բռնեցին: Ամերիկացիք կրակ բացին այդ դիրքերուն վրայ եւ փայտաշէն շէնքերը բռնկեցան եւ սկսան այրիլ:
Յուլիս 20-ին հիւսիսքորէական ուժերը Քումի գետափնեայ ամերիկեան վերջին դիրքերը քշեցին դէպի Թեճոն եւ ստիպեցին անոնց քաղաք մտնել, որմէ ետք շրջափակեցին Թեճոնը եւ հաղորդակցութեան գիծերը կտրեցին: Փողոցէ փողոց բուռն կռիւներ մղուեցան: Ամերիկեան դիրքերը ինկան մէկը միւսին ետեւէն: Առանց ձայնասփիւռի եւ կապի միջոցի, ամերիկեան միաւորներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը դժուարացաւ: Զօրավար Տին միացաւ ճակատի գիծին եւ անձնապէս ձեռնառումբով հրասայլ մը հարուածեց եւ զայն ջախջախեց:
Հիւսիսքորէական մեծաթիւ ուժեր հարաւային ճամբէն սկսան մտնել Թեճոն: Ամերիկեան բոլոր դիրքերը ինկած էին եւ հիւսիսքորէական ուժերը ազատօրէն հիւսիսէն, հարաւէն եւ արեւելքէն մտան Թեճոն: Ամերիկացիք փորձեցին պաշտպանական նոր գիծ մը հաստատել, բայց չյաջողեցան եւ քաշուեցան:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ, երեկոյեան զօրավար Տին նահանջի հրաման տուաւ: Ամերիկացիք կանգուն մնացած հրասայլերը միաւորեցին եւ գօտեմարտի մտան, ճամբայ բանալու համար: Զօրավար Տին փոքրաթիւ ուժերով հետեւեցաւ անոնց: Քաղաքէն ելլելու պահուն ամերիկեան մեքենազէն ուժերը ուժեղ կրակի տակ առնուեցան եւ ջախջախուեցան: Այդ պահուն զօրավար Տին կառք մտաւ, ճամբան շարունակելու, բայց այլեւս կարելի չէր յառաջանալ: Տին իր փոքրաթիւ հետեւորդներով քաշուեցաւ մօտակայ բլուրները եւ յետոյ անձնատուր եղաւ: Հիւսիսքորէացիք չգիտցան անոր ով ըլլալը եւ աստիճանը եւ բանտ նետեցին զայն: Ամերիկացիք չգիտցան ինչ ճակատագրի ենթարկուեցաւ ան:
Թեճոնի մէջ երկու կողմերն ալ հսկայական կորուստներ տուին: Խորհրդային տուեալներու համաձայն ամերիկացիք կորսնցուցին 32 հազար զինուոր եւ սպայ, աւելի քան 220 հազար զէնք եւ ականներ, 20 հրասայլ, 540 գնդացիր եւ 1300 արագահարուած: Իսկ հիւսիսքորէական ուժերը կորսնցուցին 3.300 զինուոր եւ 20 հրասայլ:
Այնուհետեւ զօրավար Ճոն Չըրչ փոխարինեց զօրավար Տինը իբրեւ ճակատի հրամանատար:
* * *
Իրերայաջորդ գօտեմարտերը հիւսիսքորէական բանակին թափը կտրեցին: Իւրաքանչիւր օր ամերիկեան նորանոր զօրագունդեր կը հասնէին Քորէա: Ուժերու յարաբերակցութիւնը սկսաւ փոխուիլ: Հարաւքորէական բանակը սկսաւ վերախմբուիլ: Ամերիկեան 8-րդ զօրաբանակին թիւը Քորէայի մէջ հասաւ 70 հազարի: Հիւսիսքորէական բանակը եւս մօտաւորապէս նոյնքան թիւով զօրք կեդրոնացուցած էր ռազմաճակատներուն վրայ:
Հարաւքորէական բանակի 12-րդ զօրագունդը հասած էր Սանճու քաղաքի դուռերուն: Սանճու Մոնկիոնկ բարձրաւանդակին մուտքը կը նկատուի եւ ճանապարհներու հանգոյց է դէպի լեռնային շրջաններ:
Աւելի հարաւ ճակատի գիծերէն հեռացած գաղթականներու ճամբարներն էին եւ հարաւքորէական բանակի յենակէտերը:
Հիւսիսքորէական բանակին 25-րդ գումարտակը տեղաւորուեցաւ Եչոնի մօտ: Ամերիկեան ուժերու հետեւակազօրքի 29-րդ գումարտակը տեղակալ Ճեսփըր Ճոնսընի հրամանատարութեամբ մտաւ Սոնճու: Յուլիս 21-ին գօտեմարտերը սկսան ամայացած քաղաքին մէջ:

Յուլիս 22-ին հիւսիսքորէական ուժերը լայն յարձակողական մը շղթայազերծեցին Սոնճուի վրայ: Առաջին գիծերուն վրայ տեղակայուած հարաւքորէական ուժերը տկար դիմադրութենէ մը ետք քաշուեցան քաղաքին ներքին թաղերը եւ միացան ամերիկեան զօրքերուն:
Յաջորդ օր հիւսիսքորէական հրասայլերը սկսան յառաջանալ դէպի Համչանկ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ ամերիկեան հետեւակազօրքը Սոնճուէն 13 քիլոմեթր հարաւ, Քումչոնի ճամբուն վրայ դիրքեր հաստատեց: Հարաւքորէական զօրքերը խմբուեցան Համչանկի լեռներուն վրայ:
Հիւսիսքորէական բանակը ամրապնդեց իր դիրքերը եւ յուլիս 30-ին գրոհի անցաւ Սոնճուի ամերիկեան դիրքերուն վրայ, որոնք տկար դիմադրութենէ մը ետք քաշուեցան քաղաքէն:
* * *
Հիւսիսքորէական բանակին հետեւակազօրքի 4-րդ եւ 6-րդ գումարտակները շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը դէպի հարաւ եւ սկսան շրջափակել Պուսանի շրջանը: Ամերիկեան ուժերը նահանջեցին եւ միջանցք մը բացին Պուսանի շրջանին համար:
Ամերիկեան բանակի հետեւակազօրքի 29-րդ գումարտակը զօրավար Ճոն Չըրչի հրամանատարութեան տակ Նաքթոնկ գետի երկայնքին 26 քիլոմեթր երկարութեամբ պաշտպանական գօտի մը հաստատեց, որ կ՛ընդգրկէր Եոնկսանի զառիթափ լանջերուն արեւմտեան մէկ մասը: Հետեւակազօրքի 21-րդ գումարտակը Չանկիոնկի արեւմտեան լանջերը բռնեց: Իսկ 19-րդ գումարտակը երկու գիծերուն միջեւ դիրքաւորուեցաւ: Բոլոր զինուորները միասին 14.540 հոգի կը հաշուէին:
Հիւսիսքորէական բանակը զօրավար Լի Քուոն Մուի հրամանատարութեան տակ 7 հազար զինուոր կեդրոնացուց Հիփոչոնի մէջ:
Հիւսիսքորէական երրորդ զօրաբանակէն 8 հազար զինուորներ օգոստոս 5-ին անցան Նաքթոնկ գետը: Նոյն պահուն հիւսիսքորէական հրետանին կրակ բացաւ Եոնկսանի ամերիկեան դիրքերուն վրայ:
Յաջորդ օր ամերիկեան ուժերը սկսան նահանջել: Արիւնահեղ գօտեմարտերը շարունակուեցան յաջորդող օրերուն: Երկու կողմերն ալ ծանր կորուստներ տուին: Հիւսիսքորէական չորրորդ զօրաբանակը ճակատ հասաւ եւ յարձակողականի անցաւ, բայց ջախջախուեցաւ եւ կիսով չափ բնաջնջուեցաւ. զինուորներէն շատեր հարաւքորէացիներ էին, որոնք պարտադրաբար միացուած էին հիւսիսքորէական բանակին:
* * *

Հարաւքորէական բանակին մնացած 58 հազար զինուորները երկու զօրաբանակի եւ հինգ զօրագունդի բաժնուած եւ ճակատի գիծերուն վրայ կեդրոնացուած էին: Իսկ հարաւքորէական 90 հազար լաւապէս սպառազինուած զինուորներ կեդրոնացուած էին ռազմաճակատներուն վրայ:
Նաքթոնկ գետի հովիտը ճակատի վերածուած էր: Կռիւները կը շարունակուէին բուռն թափով: Ամերիկեան հետեւակային եւ հեծելազօրային միաւորները ծանր կորուստներ կրեցին: Իսկ հարաւքորէական միաւորներու դիրքերը տկարացան. սկսաւ նահանջը:
Հարաւքորէական բանակի հետեւակազօրքը եւ մեքենազէն առաջին գունդը հարաւ-արեւմտեան ուղղութեան վրայ ջախջախեց հարաւքորէական բանակի նահանջող միաւորները, գրաւեց Քորէայի հարաւարեւմտեան եւ հարաւային մասերը եւ դուրս եկաւ Մասանի մատոյցները: Հիւսիսքորէական եւ ամերիկեան ուժերը նահանջեցին դէպի Պուսան: Օգոստոս 20-ին հիւսիսքորէական զօրքերուն յարձակումը կանգնեցուեցաւ:
* * *
Հարաւային Քորէայի տարածութեան մեծ մասը այսպիսով գրաւուեցաւ հիւսիսքորէական բանակին կողմէ: Հարաւային Քորէայի մնացած էր հարաւարեւելեան ծովափնեայ գօտին` Պուսանի յենակէտը, 120 քիլոմեթր ռազմաճակատի երկայնքով եւ 100-էն 120 քիլոմեթր խորութեամբ:
Պուսանի յենակէտին հաղորդակցութեան գլխաւոր գիծը Տեկուէն Փոհանկ 80 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբան էր: Արեւմտեան կողմը դժուարամատչելի լեռներ են:
Հարաւքորէական եւ ամերիկեան ուժերը դիրքեր եւ ամրացուած յենակէտներ հաստատեցին լեռներուն վրայ: Շփման գիծը խոցելու հիւսիսքորէական բանակին բոլոր փորձերը անյաջողութեամբ աւարտեցան: