Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Լոյսին Տակ. Համագումարեան Նշումներ

Հոկտեմբեր 18, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ամիսներ առաջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն կապուած էին գիտնալու համար, թէ պիտի մասնակցի՞մ Համահայկական 6-րդ խորհրդաժողովին, եւ թէ` պատրա՞ստ եմ զեկուցում ներկայացնելու:

Վստահ չէի, որ պիտի կարենամ մասնակցիլ, մեծ ալ հետաքրքրութիւն չունէի մասնակցելու, հետեւաբար զեկուցում պատրաստելու խոստում չտուի: Անցեալին, երբ զեկոյց պատրաստելու առաջարկներ եղած են, միշտ մերժած եմ. թերթին առօրեայ հեւքը ինծի երբե՛ք չէ թոյլատրած ուսումնասիրութիւն պահանջող զեկոյցներու համար ժամանակ գտնել:

Համագումարի օրերուն Երեւան գտնուելով եւ, հակառակ անցեալ համագումարներէն այնքան ալ խանդավառուած չըլլալուս, որոշեցի մասնակցիլ. սփիւռքի նախարարութեան բարեհաճ աշխատողներուն շնորհիւ` դժուարութիւն ալ չունեցայ:

Ի միջի այլոց, այս համագումարներուն մասնակցողներէն շատեր, յուսախաբութիւն յայտնելով հանդերձ, դարձեա՛լ կը դառնան ու կը կատարեն կազմակերպողներուն կողմէ իրենց վերապահուած դերը, որ պարզապէս ներկայութիւն է, թիւ համալրելը, գոնէ այդպէս կը թուի ինծի:

Համագումարի ծիրին մէջ առաջին ձեռնարկը Գագիկ Ծառուկեանի «Փարաւոն» համալիրի փառաւոր ճաշկերոյթն էր` ճոխ ճաշատեսակներով ու մեր հայրենասիրական ճաշակին համապատասխանող գեղարուեստական ծրագիրով:

Հանդիպումներ, ողջագուրումներ եւ հաճելի ժամանց… Պարզապէս պէտք է տուն դարձդ թաքսիով կատարելու հեռանկարէն խուսափիլ, որովհետեւ դժուար հարցապնդումներու կրնաս ենթարկուիլ վարորդին կողմէ, որ մեծ յոյսով, կամ ծայրայեղ յուսախաբութեամբ, պիտի ուզէ գիտնալ, թէ իր կեանքը ինչպէ՛ս պիտի փոխուի այս համագումարէն ետք:

Յաջորդ օրը բացման հանդիսութիւնն էր, որուն ծրագիրը կրճատուած էր, եւ խօսք առնելու պատրաստուող քանի մը համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ վերջին վայրկեանին տեղեկացած էին, որ… պիտի չխօսին:

Դիտողի Դերին Մէջ

Համահայկական այս համաժողովներուն կարեւորագոյն մարտահրաւէրը, հաւանաբար, լիարժէք մասնակից դառնալու բանաձեւը գտնելն է:

Կրնաս առիթ ունենալ ելոյթի, զեկոյցի, բայց տակաւին լիարժէք մասնակից չես զգար դուն քեզ: Հաւանաբար համագումարէն եզրակացութիւն հանելու գործընթացին մէջ դերակատարութիւն չունենալու պատճառով է, որ կը ծնի այդ զգացողութիւնը:

Օրինակ, այս համագումարներուն ընթացքին կը կարդացուին յայտարարութիւններ, երբեմն նոյնիսկ չեն կարդացուիր, այլ յետոյ կը հրապարակուին. անոնք իբր թէ ստացած են համագումարին ներկայ եղողներուն համաձայնութիւնը:

Համագումարի վերջին յայտարարութիւնն ալ նո՛յն ձեւով եղաւ, եւ ես, օրինակ, չեմ գիտեր, թէ մասնակիցներէն քանի՛ հոգի ներդրում ունեցած էր այդ յայտարարութեան խմբագրման գործընթացին: Կը կասկածիմ, թէ կազմակերպիչներէն բացի` ուրիշ ոեւէ մէկը որեւէ ներդրում ունեցած ըլլայ: Մեծաթիւ ժողովականներու անպատեհութեան կարելի է վերագրել այս գործելակերպը, մանաւանդ երբ յայտարարութիւնները ընդհանուր, բոլորին կողմէ ընդունելի նկատուող բովանդակութիւն կ՛ունենան: Այդ պարագային, համագումարին իմաստը ի՞նչ է, երբ արդէն իսկ ընդունելի, արդէն իսկ անվիճելի համարուող բաղձանքներ կամ կեցուածքներ կը ներկայացուին այդ յայտարարութեանց մէջ:

Այս համագումարին շատ պիտի փափաքէի կարծիքս յայտնել երկու հարցերու վերաբերեալ` սփիւռք-Հայաստան համահայկական խորհուրդի կազմաւորման եւ Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեանց վերաբերեալ: Այս երկու կարեւոր հարցերը քննարկուեցան ընտրովի կամ նշանակովի մարդոց փակ շրջանակի մը մէջ…

Հաւանաբար մասնակից չըլլալու այս զգացողութիւնն է, որ շատերը կը մղէ համագումարի 2-րդ օրն իսկ բացակայելու նիստերէն, կամ` միջանցքներու մէջ շրջագայելով գոհանալու: Երկրորդ օրը, օրինակ, ներկայ ըլլալով պաշտպանութեան հարցերով կարեւոր խնդիրներու քննարկման` նկատեցի, որ սփիւռքէն հազիւ մատի վրայ հաշւըուողներ միայն ներկայ էին դահլիճին մէջ: Որո՞ւ համար էին ուրեմն այդ քննարկումները, որոնք պէտք է հետաքրքրութիւն յառաջացնէին սփիւռքի մէջ` խթանելով անոր ներգրաւումը աշխատանքներուն մէջ:

Այս բոլորին եթէ միացնենք այն իրողութիւնը, որ համագումարի ղեկավարման ու նիստերու նախագահութեան մեծագոյն բաժինը վերապահուած էր պետական պաշտօնեաներու, որոնք ներկայացուցին, ամփոփեցին ու եզրակացուցին նիւթերը, ապա կրնաք պատկերացնել, թէ ներկաները իրենք զիրենք որքանո՛վ մասնակից զգացին համաժողովի աշխատանքներուն…

Անհրաժեշտ Ներկայութիւն

Հակառակ վերապահութիւններու, հակառակ յուսախաբութիւններու, յաջորդ հերթական համահայկական համագումարին հրաւիրուելու պարագային, մասնակցիլը ճիշդ կը գտնեմ քանի մը պատճառներով.

Նախ` իբրեւ լրագրող պարտաւորութիւն ու պատասխանատուութիւն ունինք մեր վկայութիւնը, մեր տպաւորութիւնները փոխանցելու, թէեւ ենթակայական, սակայն` ընթերցողին սպասած գնահատումները հիմնաւորուա՛ծ ներկայացնելու: Օրինակ, պէտք էր ներկայ ըլլալ նոյնինքն դահլիճի՛ մէջ եւ ոչ թէ հեռատեսիլէն կամ ընկերային ցանցերէն հետեւիլ Արամ Ա. վեհափառի ելոյթին: Ըստ իմ ունեցած տեղեկութեան, վեհափառին վերապահուած էր միայն օրհնել համագումարն ու մասնակիցները եւ յաջողութեան մաղթանքներով բաւարարուիլ, սակայն պէտք էր ակնկալել, որ Արամ վեհափառին դժուա՛ր կարելի է խօսքի որեւէ սահմանափակում պարտադրել, ու… պէ՛տք էր տեսնէիք նախագահէն սկսեալ մինչեւ առաջին քանի մը շարքերու պաշտօնեաներու հակազդեցութիւնը, շփոթն ու տհաճ արտայայտութիւնները, մինչ դահլիճը ջերմ ծափահարութիւններով կ՛արտայայտէր իր համաձայնութիւնը:

Երկրորդ եւ ամէնէն տարածուած ու վկայակոչուած արդարացումը, կամ` հիմնաւորումը, լայն ծանօթութիւններ ստեղծելու կամ արդէն իսկ ծանօթներու հետ աւելի լուրջ հաղորդակցելու հնարաւորութիւնն է, որ չ՛արժեր փախցնել:

Երրորդ, քննադատելու եւ կառուցողական առաջարկներ ընելու ինքնավստահութիւնը միա՛յն մասնակցելով կարելի է ապահովել: Օրինակ, խնդրանք մը, առաջարկ մը` սփիւռքի նախարարութեան, որ այլեւս մեծաթիւ մասնակիցներով ցուցադրական համագումարներու ժամանակաշրջանը աւարտած յայտարարէ եւ շօշափելի, յստակ նպատակներով գործնական հաւաքներ կազմակերպելու սկսի: Կամ` զուգահեռաբար երկո՛ւքն ալ ընէ, եթէ կը հաւատայ, որ մեծ թիւը կարեւոր նշանակութիւն եւ օգտակարութիւն ունի, հաւանաբար` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու տեսակէտէն, թէեւ հրաւիրեալներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը Հայաստան յաճախակի այցելողներ են եւ ո՛չ մէկ հրաւէրի կը սպասեն:

 

 

Նախորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Արջի Եօթ Երգը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?