Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Անմիտ Քարոզիչը Կը Մեղադրէ Քալիֆորնիոյ Հայերը

October 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Շաբաթ մը չ՛անցնիր` առանց նոր քարոզիչի մը, որ Ազրպէյճանի համար չգրէ հակահայկական ապատեղեկատուութիւն` ընդդէմ Հայաստանի կամ սփիւռքի:

Վերջին նման յօդուած մը գրած է Էնտրիւ Քորիպքօ, անյայտ անձնաւորութիւն մը, որ կը  ներկայանայ որպէս «Մոսկուայի ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան»: Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ կրթութեան կամ հմտութիւններու հիման վրայ է, որ ան կ՛որակուի իբրեւ հայկական սփիւռքի «վերլուծաբան»` միայն իրեն յայտնի հիմնաւորմամբ այսպիսի կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար: Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Քորիպքոյի յօդուածը պարզապէս անտեղեակութեան հետեւանք չէ, այլ միտումնաւոր ջանքեր են` կազմակերպուած այն մարդոց կողմէ, որոնց ինքնութեան մասին դժուար չէ կռահել…

Քորիպքոյի յօդուածը, որ հրապարակուած է Քանատայի Համաշխարհայնացման հետազօտական  կեդրոնին կողմէ, վերնագրուած է` «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիի առաքելութիւնն է` սադրանքի մէջ ձգել Ազրպէյճանը եւ Ռուսիան»: Նոյնիսկ վերնագրէն ակնյայտ է, որ հեղինակը կը փորձէ բախում հրահրել Ռուսիոյ եւ հայերու միջեւ, երբ իրականութեան մէջ նման բան գոյութիւն չունի: Յօդուածի վերջաւորութեան կը նշուի, որ անիկա «նախապէս գրուած է Moscow-Baku.ru առցանց տեղեկատուական շքամուտքի (portal) համար», որ յստակ ապացոյցներ կը ներկայացնէ, թէ հեղինակը զո՞վ կը փորձէ գոհացնել…

Իր առաջին պարբերութեան մէջ Քորիպքo կը յարձակի Քալիֆորնիոյ հայերուն վրայ` զանոնք մեղադրելով իրենց ծայրայեղ ազգայնականութեան եւ յանուն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ընդդէմ Հայաստանի շահերուն աշխատելու յանցանքով: Անշուշտ այս յայտարարութիւններէն եւ ոչ մէկը ճիշդ է… Հեղինակին նպատակն է անհիմն հակասութիւններ սերմանել: Ահա` Քորիպքոյի կեղծ մեկնաբանութեան առաջին պարբերութիւնը.

«Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գործիքներուն մէջ առաւել ազդեցիկ զէնքերէն մէկը Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքի լոպին է Քալիֆորնիոյ մէջ. լոպի, որ կը պաշտպանէ հայերու հայրենիքին առաւել ազգայնական եւ սադրիչ քաղաքականութիւնը: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար իբրեւ պատասխանատու եւ գործնական գործիք ծառայելու փոխարէն, ինչ որ կրնար մեծ տէրութիւններու միջեւ ըլլալ հաշուարկուած, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, սակայն հոս դերերը շրջուած են, եւ Երեւանն է, որ  կ՛օգտագործուի իբրեւ գործիք ու միջոց` Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիին համար` աշխատելով հայկական շահերուն դէմ, ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու յառաջխաղացման: Բոլոր պետութիւնները կը ձգտին, որ իրենց մարդիկը ստեղծեն ուժեղ եւ ազդեցիկ սփիւռքի համայնքներ, սակայն հայերը շատ քաղաքականացուած են եւ պարբերաբար բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Երեւանի վրայ, որպէսզի վերջինս հետագային յայտնուի ամերիկեան վերահսկողութեան տակ»:

Նախ եւ առաջ` Քալիֆորնիոյ հայերը ո՛չ կը փորձեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան վրայ ազդել, ո՛չ ալ կարողութիւնը ունին ատոր: Երկրորդ, եթէ ոեւէ մէկը նուազագոյն գիտելիք ունենար ամերիկահայերու մասին, ապա կ՛իմանար, որ անոնք յաճախ կը քննադատեն Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, Արցախի վերաբերեալ անոր դիրքորոշումը եւ Թուրքիոյ անխոհեմ ազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ղեկավարներուն վրայ, որոնք կը հրաժարին օգտագործել «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Հետեւաբար ամբողջովին կեղծ է այն պնդումը, որ Քալիֆորնիոյ հայերը կուրօրէն կը ծառայեն Միացեալ Նահանգներու շահերուն:

Այնուհետեւ Քորիպքօ կը մեղադրէ «Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքը»` սեպտեմբերի կէսերուն քոնկրեսական պատուիրակութիւնը ոչ միայն Հայաստան տանելու, այլեւ` «լայնօրէն լուսաբանուած այցելութեան համար` դէպի արեւմտեան Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»: Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնելով որպէս «արեւմտեան Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ»` Քորիպքօ կը յստակացնէ, թէ որո՛ւ շահերը պէտք է պաշտպանէ… Տարօրինակ է, որ հեղինակը, այնուհետեւ, այդ քոնկրեսական այցելութիւնը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ ամերիկամէտ քայլ, այլեւ` «Ռուսիոյ հասցուած ընդհանուր ռազմավարական վնաս»: Այսպիսով, Քորիպքօ կը մեղադրէ ամերիկահայերը` ռուսական շահերը Հայաստանի մէջ ոտնահարելու յանցանքով, բան մը, որ ամբողջութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ անոնք ո՛չ ցանկութիւնը ունին, ո՛չ ալ հնարաւորութիւնը` Ռուսիոյ վնասելու… Հեղինակը պարզապէս ցոյց կու տայ, թէ բացի Ազրպէյճանէն` ո՛վ է իր երկրորդ վճարող տէրը…

Այնուհետեւ Քորիպքօ կը դիմէ ծայրայեղ չափազանցութեան` հնարելով հետեւեալ կեղծ դիպաշարը ամերիկահայերու մասին. «Իրականութեան մէջ անոնք կը փափաքին հնարաւոր ամէն բան ընել` քանդելու համար հայ-ռուսական պատմական բարեկամութիւնը` ջղաձգօրէն փորձելով Երեւանը փրցնել Մոսկուայէն եւ բերել Ուաշինկթընի հովանիին տակ»:

Իր կեղծ պնդումը պաշտպանելու համար հեղինակը կը նշէ, որ անցեալ ամիս Հայաստանի քաղաքացիներու բողոքները կառավարութեան պաշտօնեայի` ռուսերէնով ծրագրերուն աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու յայտարարութեան վերաբերեալ, սերտօրէն կը համընկնի Միացեալ Նահանգներու սփիւռքի որոշ տարրերուն եւ անոնց ամերիկեան գործընկերներուն առաջ քաշած տեսակէտին: Իրականութեան մէջ ոեւէ մէկը ամբողջ սփիւռքի մէջ ոչ մէկ քննադատական խօսք ըսած է ռուսերէնի մասին: Այնուհետեւ Քորիպքօ կը դիմէ մէկ այլ անհիմն չափազանցութեան մը` պնդելով, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը «ճնշման ազդեցութեան տակ տեղի տուած է սփիւռքի պահանջներուն եւ վերահաստատած է, որ երկրին մէջ միակ ազգային լեզուն հայերէնն է… Արդեօք ան մտադրուա՞ծ էր, թէ՞ ոչ, [կրթութեան նախարար Լեւոն] Մկրտչեան ինկաւ տեղեկատուական պատերազմի ծուղակը, զոր անոր համար լարած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ սփիւռքի քաղաքական գործունէութիւնը կազմակերպող խորամանկ ուղեղները»: Սա հեղինակի հերթական յերիւրանքն է…

Գերազանցելով տրամաբանութեան բոլոր սահմանները` Քորիպքօ կը պնդէ, որ` «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին շատ նման է Թուրքիոյ կիւլենականներուն, այն բանով, որ անոնք եւս կը ներկայացնեն ստուերային իշխանութեան ցանց մը` սադրիչ միջոցներով առաջ բերուած յստակ աշխարհաքաղաքական օրակարգով, եւ երկուքն ալ կը ծառայեն Ուաշինկթընի շահերուն` ընդդէմ իրենց հայրենիքներուն»: Քորիպքօ լիովին սխալ եզրակացութեամբ կը պնդէ, որ` «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին վտանգաւոր կերպով մօտ է լիակատար վերահսկողութեան տակ առնելու իր հայրենիքին արտաքին քաղաքականութիւնը»:

Քորիպքոյի յօդուածը լեցուն է բազմաթիւ այլ կեղծիքներով: Ան, ով պատուիրած է այս յօդուածը, պէտք է գիտակցի, որ նման հեղինակներ իրենց ծիծաղելի կեղծիքներով աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն իրենց վճարող տէրերուն, քան թէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի շահերուն…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

«Մենք Ձեզմէ Սորված Ենք Նաեւ Գոյատեւելու Համար Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը» Ըսաւ Լէյլա Սոլհ Համատէ

Յաջորդը

«Մենք Հազարամեակներու Պատմութիւն Ունեցած Ժողովուրդ Ենք, Կը Գոյատեւենք Եւ Պիտի Գոյատեւենք` Շնորհիւ Մեր Մշակոյթին Եւ Մեր Լեզուին», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յակոբ Հանտեան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.