Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Հոկտեմբեր 25, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւ-Քորէական Եւ Ամերիկեան Բանակներու
Յարձակումը Եւ Փիոնկեանկի Գրաւումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ամերիկեան ուժեր Նաքթոն գետի հովիտին մէջ

Հիւսիսքորէական բանակը 1950 օգոստոսին քորէական թերակղզիին մեծ մասը իր հակակշիռին տակ առած էր, եւ թերակղզիին հարաւարեւելեան մասը, Պուսանի պարագիծը միայն մնացած էր հարաւքորէական բանակին եւ ամերիկեան ուժերու հակակշիռին տակ: Հիւսիսքորէական բանակը իր յառաջխաղացքի ճամբուն վրայ մեծ թիւով հարաւքորէացի պետական պաշտօնատարներ, աջակողմեան նկատուող անձեր եւ մտաւորականներ, անոնք որ կրցած էր ձեռք անցընել, սուրի քաշած էր:

Քորէայի պատերազմի մասնակցութեան համար Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը ծերակոյտին դիմեց եւ 12 միլիառ տոլարի պիւտճէի յատկացում պահանջեց:

Նախագահ Հերի Թրումըն զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըրի հրամայեց արդիական զէնքերով զինել հարաւքորէական բանակը եւ հետեւողականօրէն ռմբակոծել հիւսիսքորէական

զինուորական կեդրոնները, իսկ եօթներորդ նաւատորմին հրամայեց Թայուանը պաշտպանել: Իր կարգին Թայուանի կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց զինուորական միջամտութիւն կատարելու Քորէայի մէջ:

Եօթներորդ նաւատորմը Քորէայի հարաւային ափերուն մօտեցաւ իբրեւ երաշխիք Թայուանի պաշտպանութեան: Չինաստանի կառավարութիւնը քննադատեց Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը, Չինաստանի դէմ յարձակողական քաղաքականութեան համար:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Իլ-սունկ նախատեսած էր, որ մինչեւ օգոստոսի վերջաւորութիւնը պատերազմը վերջացած պէտք է ըլլար: Մինչդեռ պատերազմի մօտալուտ աւարտի նախանշաններ չկային եւ ամերիկեան զինուորական միջամտութիւնը խանգարած էր բոլոր հաշիւները: Ստեղծուած կացութեան առջեւ հիւսիսքորէական բանակի հրամանատարութիւնը ռազմական նոր ծրագիրներ սկսաւ մշակել:

Իր կարգին Չինաստան Խորհրդային Միութենէն օդային պաշտպանութեան օժանդակութիւն խնդրեց եւ Կաօ Կանկի հրամանատարութեան տակ 260 հազար զինուոր կեդրոնացուց Քորէայի հետ սահմանին վրայ: Իսկ չինական հետախուզութիւնը, Լէյ Եինկֆուի գլխաւորութեամբ, Քորէայի մասին տեղագրական տուեալներ եւ զինուորական իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ ու ուսումնասիրութիւններ սկսաւ հաւաքել, զինուորական հաւանական միջամտութեան մը հեռանկարով: Լէյ Եինկֆուի պատրաստած տեղեկագիրը կը նախատեսէր, որ զօրավար ՄաքԱրթըր կրնայ Ինչոն ցամաքահանում կատարել:

Չինաստանի վարչապետ Չժոու Էնլայ հիւսիսքորէական եւ խորհրդային ապահովական սպասարկութիւններուն թելադրեց պատրաստ ըլլալ ամերիկեան հաւանական ներխուժումներու դէմ պաշտպանուելու համար:

* * *

Ինչունի ռմբակոծումը ցամաքահանումէն առաջ

Օգոստոս 20-ին կռիւները կեդրոնացած էին հարաւարեւելեան լեռնային շրջաններուն վրայ: Գնդապետ Ճոն Թրոքմորթըրն թարմ ուժեր պատրաստեց եւ հետեւակազօրքի հինգերորդ գումարտակը ճակատի առաջին գիծին վրայ կեդրոնացուց, Սոպուք-սանի վրայ յարձակման անցնելու համար:

Յարձակումը սկսաւ օգոստոս 21-ին, հրետանային ուժեղ կրակով. գործի լծուեցաւ նաեւ օդուժը: Հիւսիսքորէական ուժերը կարճ դիմադրութենէ մը ետք լքեցին լեռնային բարձր դիրքերը եւ օդուժի,  հրետանիի ու մեքենազէն ուժերու հարուածներուն տակ սկսան նահանջել:

Օգոստոս 24-ին հիւսիս-քորէական հետեւակազօրքի 24-րդ գումարտակը յարձակման անցաւ ճակատի ամբողջ երկայնքին: Յարձակումը սաստկացաւ յաջորդող օրերուն եւ հիւսիս-քորէական բանակը ուղղակի ամերիկեան յենակէտներուն վրայ գրոհի անցաւ: Ամերիկացիք կարգ մը դիրքերէ քաշուեցան, բայց յետոյ օդուժը գործի լծուեցաւ եւ հիւսիսքորէական բանակին ծանր կորուստներ պատճառեց:

Ամայի, անտառախիտ եւ անծանօթ լեռներուն վրայ ամերիկացիք դժուարութեան մատնուած էին: Գլխաւորը դիրքերուն միջեւ կապի եւ հաղորդակցութեան հարցն էր: Ամերիկացի զինուորներուն համար սոսկալի էին մանաւանդ գիշերները, երբ հիւսիսքորէական ուժերը յարձակումներ կը կազմակերպէին առանձին դիրքերու վրայ եւ ծանր վնասներ կը պատճառէին ամերիկացիներուն:

Իր կարգին հիւսիսքորէական բանակը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէր. գլխաւորը ուտեստեղէն հայթայթելու պարագան էր, նաեւ` զինուորական տեղափոխումներու եւ ճակատի գիծեր զէնք ու զինամթերք հասցնելու հարցերը, որոնք հետզհետէ կը դժուարանային ամերիկեան օդային ռմբակոծումներուն պատճառով: Միւս կողմէ,  հարիւրաւոր հրասայլեր փճացած էին եւ հազիւ հարիւր հրասայլ մնացած էր:

* * *

Սեպտեմբեր 1-ի տուեալներով հարաւքորէական եւ ամերիկեան բանակները 180 հազար զինուոր կեդրոնացուցած էին ռազմաճակատներուն վրայ:

Հիւսիսքորէական 6-րդ եւ 7-րդ զօրաբանակները կեդրոնացած էին Մասանլի շուրջ, իրենց դիմաց ունենալով ամերիկեան հետեւակազօրքի 25-րդ գումարտակը:

Հիւսիսքորէական 2-րդ, 4-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ զօրաբանակները կեդրոնացած էին Նաքթոնկ գետի ափերուն, Միրիանկի եւ Եոնկսանի գիծերուն վրայ, իրենց դիմաց ունենալով ամերիկեան հետեւակազօրքի 2-րդ գումարտակը:

Հիւսիսքորէական առաջին, 3-րդ եւ 13-րդ զօրաբանակները կը գտնուէին ամերիկեան հեծելազօրքի առաջին գումարտակին դիմաց:

Տեկուի ճակատին վրայ հիւսիսքորէական 8-րդ եւ 15-րդ զօրաբանակները իրենց դիմաց ունէին հարաւքորէական առաջին զօրաբանակը:

Իսկ Հայանկի եւ Եոնկչոնի ճակատներուն վրայ հիւսիսքորէական 5-րդ եւ 12-րդ զօրաբանակները իրենց դիմաց ունէին հարաւքորէական 6-րդ եւ 8-րդ զօրաբանակները:

Հարաւքորէական երրորդ զօրաբանակը կեդրոնացած էր Փոհանկտոնկի եւ Քիոնկճուի մէջ:

Քիմ Իլ-սունկ իր զօրավարներուն ըսած էր, որ սեպտեմբեր 1-ին պատերազմը աւարտած պէտք է ըլլար:

* * *

Ամերիկեան ուժերու ցամաքահանումը Ինչունի նաւահանգիստը

Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Շին Սունկ-մօ հրահանգեց Պուսանի պարագիծին պաշտպանութիւնը ամրապնդել եւ առաջին զօրաբանակը, զօրավար Քիմ Հոնկ Իլի հրամանատարութեան տակ կեդրոնացաւ  ռազմագիտական արժէք ներկայացնող Քիոնկճուի միջանցքին վրայ:

Սեպտեմբեր 2-ին կռիւները սաստկացան: Յաջորդող օրերուն հիւսիսքորէական ուժերը սկսան հարաւքորէական յառաջացեալ դիրքերը շրջափակել, կտրելու համար Քիոնկճու-Անանկ գիծը:

Հարաւքորէական բանակը հրամանատարական փոփոխութիւն կատարեց: Զօրավար Քիմ Փաիք Իլ ստանձնեց առաջին զօրաբանակին հրամանատարութիւնը, գնդապետ Սոնկ Եօ Չան` կեդրոնական գօտին, իսկ գնդապետ Լի Եոնկ Չան` երրորդ զօրաբանակը:

Հիւսիսքորէական 8-րդ եւ 15-րդ զօրաբանակները յարձակման անցան Տեկուէն Փոհանկ ճամբան կտրելու դիտաւորութեամբ: Բայց լեռնային դարձդարձիկ ճամբաներէն յառաջխաղացքը դժուարացաւ:

Արիւնահեղ կռիւներէ ետք հիւսիսքորէական բանակը քանի մը քիլոմեթր յառաջացաւ:

Հարաւքորէական բանակը հակայարձակման անցաւ արեւելեան կողմէն, մաքրեց կարգ մը դիրքեր եւ Եոնկչոնէն հեռացուց հիւսիսքորէական ուժերը, որմէ ետք պաշտպանական գիծեր հաստատեց:

Եոնկչոնին հարաւարեւելեան լեռներուն վրայ հիւսիսքորէական բանակը բուռն դիմադրութիւն կազմակերպեց: Հարաւքորէական բանակը սկսաւ վերակազմուիլ եւ յաջող յարձակումներ կազմակերպել, որմէ ետք հիւսիսքորէական 15-րդ զօրաբանակը պաշարեց եւ բնաջնջեց:

Միաժամանակ կռիւները սաստկացան Տեկուի շրջանին մէջ: Հիւսիսքորէական ուժերը Տեկուի հիւսիսային լեռնային շրջաններէն յարձակման անցան քաղաքը պաշտպանող ամերիկեան հետեւակազօրքի առաջին գումարտակին վրայ: Ամերիկեան օդուժը անխնայ ռմբակոծեց բարձունքները եւ հրետանային կրակի տակ առաւ հիւսիսքորէական դիրքերը: Հիւսիսքորէական ուժերու յարձակումները անյաջողութեամբ աւարտեցան:

Սեպտեմբեր 5-ին հիւսիսքորէական բանակը արեւելեան կողմէն կտրեց Վեկվան-Թապու-տոնկ ճամբան:

Սեպտեմբեր 5-էն 6 լուսցող գիշերը տեղատարափ անձրեւ սկսաւ: Ամերիկացիք փորձեցին յառաջխաղալ, բայց հիւսիսքորէացիք նկատեցին եւ կրակ բացին:

Ամերիկացիք բլուրներուն վրայ դիրքեր հաստատեցին եւ քանի մը օր շարունակ պաշտպանութիւն կազմակերպեցին:

Սեպտեմբեր 12-էն 13 լուսցող գիշերուան ընթացքին հիւսիսքորէական բանակը յարձակման անցաւ: Ոմանք ամերիկեան բանակի տարազ հագած մտան ամերիկացիներու դիրքերէն ներս եւ շփոթէն օգտուելով ծանր կորուստներ պատճառեցին:

Մասանէն հիւսիս, Նամ գետի ափերուն սկսած ծանր բախումները տարածուեցան դէպի Նաքթոնկ գետի հովիտը եւ բարձունքներուն վրայ:

Հիւսիսքորէական բանակը, զօրավար Փաք Քիօ Սամի հրամանատարութեան տակ անցաւ Նաքթոնկը եւ արագ յարձակումով մը սպաննեց ու գերեվարեց ամերիկացի ու հարաւքորէացի մեծաթիւ զինուորներ:

* * *

Սէուլի ազատագրումը

Զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր որոշեց Ինչոն ցամաքահանում կատարել եւ շրջանը յենակէտի վերածել, Սէուլը ազատագրելու եւ Փիոնկեանկի ուղղութեամբ յառաջանալու նպատակով: Ճափոնական նաւահանգիստներէն նորանոր ուժեր հասան Քորէա:

Միաժամանակ ամերիկեան ծովուժն ու օդուժը կրակի տակ առին Քոնսոնը, մեկուսացնելու համար շրջանի հիւսիսքորէական ստորաբաժանումները:

Հարաւքորէական ծովուժի տեղակալ Եունկ Ճունկ եւ գնդապետ Քէ Ին-ճու տեղեկագիրներ պատրաստեցին աշխարհագրական դիրքերու եւ ծովափերու մասին: Ինչոնի ծովափը ամէնէն յարմարն էր ցամաքահանման համար: Պատրաստութիւններ տեսնուեցան եւ  հիւսիսքորէական դիրքերու մասին հետախուզութիւն կատարուեցաւ: Հիւսիսքորէական գաղտնի սպասարկութիւնները տեղեկացան, որ ամերիկացիք պատրաստութիւններ կը տեսնեն եւ սաստկացուցին յարձակումները:

Ամերիկեան նոր նաւեր հասան Ինչոնի հանդիպակաց ափերը եւ սկսան ռմբակոծել հիւսիսքորէական դիրքերը:

* * *

 

Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը սեպտեմբեր 15-ի առաւօտեան ժամը 6:30-ին յարձակման անցան Ինչոնի ուղղութեամբ: Ցամաքային ուժերու խմբաւորման ծովէն կ՛աջակցէին ռազմածովային ուժերը` 230 նաւ: Անոնց դիմաց կը գտնուէին հիւսիսքորէական բանակի 13 զօրագունդեր, որոնք ունէին 40 հրասայլ եւ 811 թնդանօթ:

Հիւսիսքորէական ուժերը չյաջողեցան կազմակերպուած դիմադրութիւն ցուցաբերել գերազանց ուժին դէմ եւ քանի մը ժամուան ընթացքին տուին շուրջ 200 սպաննուած եւ 136 գերի:

Ամերիկացիք Ինչոնի նաւահանգիստ ցամաքահանում կատարեցին երեք զօրախումբերով: Առաջին զօրախումբը կ՛ընդգրկէր ծովային հետեւակի առաջին գումարտակը, երկրորդ զօրախումբը` հետեւակային 7-րդ գումարտակը, իսկ երրորդը զօրախումբը` բրիտանական բանակի յատուկ նշանակութեան ջոկատը եւ հարաւքորէական բանակի որոշ զօրամասեր:

Ցամաք ելած ուժերը առաջին հերթին գրաւեցին ծովափնեայ գօտին: Մութը կոխելէն ետք, գիշերը անոնք յառաջխաղացին եւ ճակատի գիծը ճեղքեցին դէպի Վոլմի-տօ:

Սեպտեմբեր 16-ին Ինչոն գրաւուած էր արդէն եւ ցամաք ելած ուժերը ճեղքեցին հիւսիսքորէական բանակի պաշտպանութիւնը եւ յարձակման անցան Սէուլի ուղղութեամբ:

Սեպտեմբեր 17-ին հիւսիսքորէական երկու օդանաւեր ռմբակոծեցին յարձակող ուժերը, բայց չյաջողեցան էական վնաս պատճառել:

Մարինզները ամրացուած յենակէտեր հաստատեցին եւ շարունակեցին յառաջխաղացքը: Հիւսիսքորէական բանակի հրասայլեր փորձեցին դիմադրութիւն կազմակերպել, բայց չյաջողեցան:

Ամերիկացիք սկսան ռմբակոծել Քիմփօ օդակայանը: Գիշերը հիւսիսքորէական բանակի օդուժի հրամանատար զօրավար Վան Եոնկ օդային պաշտպանութիւն կազմակերպեց: Հիւսիսքորէական ուժերը անցան Հան գետը եւ փորձեցին Սէուլի շուրջ պաշտպանութիւն կազմակերպել:

Սեպտեմբեր 18-ի առաւօտուն մարինզները լայնածաւալ յարձակում մը շղթայազերծեցին եւ գրաւեցին Քիմփօ օդակայանը: Քիմփօ ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակի օդային խարիսխի վերածուեցաւ:

Սեպտեմբեր 19-ին ամերիկեան ուժերը 13 քիլոմեթր յառաջացան եւ նոր միաւորներ կեդրոնացուցին օդակայանին շուրջ:

Դէպի Սէուլ յառաջխաղացքը դանդաղ էր եւ յստակ էր որ արիւնալի պիտի ըլլար: Հիւսիսքորէական ուժերը անխնայ կը ռմբակոծէին Ինչոնի նաւահանգիստը:

Նկատի ունենալով որ ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը դէպի Սէուլ կը յառաջանան, Պուսանի պարագիծի հիւսիսքորէական ուժերը լքեցին ճակատը եւ քաշուեցան դէպի հիւսիս:

Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժեր սկսան յառաջանալ Եալու գետէն հիւսիս: Տեկուի շրջանէն հարաւքորէական բանակային երկու զօրագունդէ, ամերիկեան հետեւակային եօթը միաւորները եւ հրետանային 36 միաւորներէ բաղկացած խմբաւորման կողմէ հակայարձակում սկսաւ: Հարուածող երկու խմբաւորումները միաւորուեցան Եսան գաւառին մօտ, այդպիսով շրջապատելով հիւսիսքորէական առաջին զօրաբանակը:

Յաջորդ օր, սեպտեմբեր 25-ին ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը մտան Սէուլ եւ փողոցէ փողոց կռիւներէ ետք քաղաքը հռչակեցին ազատագրուած:

Շարունակելով յառաջխաղացքը, ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը հոկտեմբեր 8-ին հասան 38-րդ հորիզոնական: Երկու պետութիւններու նախկին սահմանին վրայ շարք մը մարտերէ ետք հարաւքորէական եւ ամերիկեան ուժերը հոկտեմբեր 11-ին կրկին յարձակման անցան Փիոնկեանկի ուղղութեամբ:

Հիւսիսքորէական ուժերը արագօրէն պաշտպանական բնագիծեր կառուցեցին 38-րդ հորիզոնականէն դէպի հիւսիս 160 եւ 240 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, սակայն անոնց ուժերը բաւարար չէին, իսկ զօրախումբերու ձեւաւորման գործընթացը իրավիճակը չէր կրնար փոխել:

Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը օդային եւ հրետանային ուժեղ կրակի տակ առած էին հիւսիսքորէական ուժերը:

Հոկտեմբեր 17-ին ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը հասան Փիոնկեանկի դուռերուն եւ երկօրեայ կռիւներէ ետք խորտակեցին հիւսիսքորէական բանակին դիմադրութիւնը:

Ամերիկեան օդուժը անխնայ սկսաւ ռմբակոծել Փիոնկեանկէն հիւսիս տարածուող գօտին, կտրելու համար հիւսիսքորէական ուժերու հաղորդակցութեան գիծերը եւ մեկուսացնելու քաղաքը, որմէ ետք Փիոնկեանկէն 40 քիլոմեթր հիւսիս յիսուն հազարանոց զօրք իջեցուց: Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքը անձնատուր եղաւ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?