Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կառուցողական Հանդիպո՞ւմ

October 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին անգամ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հովանիին տակ, 20 յունիս 2016-ին, Սերժ Սարգսեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ս. Փեթերզպուրկի մէջ:

Աւելի քան տարի մը ետք, հոկտեմբեր 16-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն բանակցութիւնները տեղի ունեցան Ժընեւի Միացեալ ազգերու կեդրոնի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու Զուիցերիոյ մնայուն ներկայացուցիչի նստավայրին մէջ:

Միջանկեալ թաւալած 16 ամիսներուն ընթացքին ո՛չ մէկ յիշատակելի յառաջխաղացք կարելի եղած էր արձանագրել, մինչ տեղի կ՛ունենային զինադադարի հերթական խախտումներն ու հետզհետէ աւելի կը բազմապատկուէին մարդկային զոհերը սահմանային դիրքերու վրայ:

Հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հրատարակած յայտարարութիւնը լափալիսեան ճշմարտութիւն կը բուրէր: Այսպէս, շինիչ մթնոլորտի մէջ երկու երկիրներուն նախագահները պայմանաւորուած են միջոցներ ձեռնարկել բանակցային հոլովոյթը աշխուժացնելու եւ յաւելեալ քայլեր նախաձեռնել` շփման գիծին վրայ տիրող լարուած մթնոլորտը թեթեւցնելու:

համանախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ երկու երկիրներուն նախագահները առանձնանալով` շարունակած են խօսակցութիւնը: Անոնք նաեւ տեղեկացուցին, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ կողմերուն հետ եւ մօտիկ ապագային աշխատանքային խորհրդակցութիւններ պիտի կազմակերպեն նախարարներուն հետ:

Մինչ այդ Պաքու եւ իր քարոզչական մեքենան ընդհանրապէս լուռ էին, բացի խորհրդարանի անդամ Ասիմ Մոլազատէէն, որ նախքան հանդիպումը ցեխարձակումի բնոյթ ունեցող արտայայտութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանեան կողմը բանակցութիւններու սեղան վերադարձած էր ճնշումի տակ գտնուելով, եւ շարունակած էր յանկերգը, թէ Ազրպէյճան խաղաղութեան պատրաստ է, իսկ Հայաստան` երբե՛ք…

Ալիեւեան քարոզչական մեքենան նոյնքան պապանձած եւ «ծածկած» էր այդ ժողովէն օր մը ետք Մալթայի մէջ անարգ ոճիրի մը զոհ գացած  լրագրող Տաֆնէ Քրուանա Կալիցիայի սպանութեան լուրը: Քրուանա Կալիցիա այն յանդուգն անձնաւորութիւնն էր, որ քննադատած ու մեղադրած էր Մալթայի վարչապետը` անոր կատարած զեղծարարութիւններուն համար, որոնք կ՛առնչուին «Փանամայի փաստաթուղթեր» խորագրեալ թղթածրարի գայթակղութեան, ուր նշուած է, որ վարչապետը Ալիեւէն գումարներ ստացած էր` դրամատնային գաղտնի հաշիւները ծածկելու համար:

Վերադառնալով շինիչ հանդիպումին` տեղին է եզրակացնել մէջբերելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի խօսքը. «Արցախը իբրեւ լիարժէք, լիիրաւ կողմ պէտք է ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ: Այլապէս, եթէ այդ հոլովոյթը տեղի չունենայ, մնացած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները,  առանց ղարաբաղեան կողմին, որեւէ գործնական արդիւնք  չեն կրնար ունենալ»:

Նախորդը

Պարէտ Մարոնեանի «1915 Թ. Կանայք Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը

Յաջորդը

8 Երիտասարդ Արուեստագէտներ Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.