ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Կօշիկները ձեր հին, մաշած,
Փայլուն թուղթի մէջ փաթթուած,
Ձեր թաղին մօտ աղբանոցին
Քովը դրէք այս Կաղանդին:
Աւելցուկներ ձեր կերածէն`
Ուտեստեղէն, անուշեղէն,
Նաեւ եթէ պիտի թափէք,
Շատ խնամքով տուփերու մէջ`
Մաքուր, կոկիկ, տեսքով աղէկ`
Աղբանոցին ձեր յանձնեցէք:
Հագուստները ոչ նորոյթէն,
Զոր չէք սեպեր ձեր ճաշակէն,
Փայլուն թուղթով, ժապաւէնով
Զարդարեցէք մեծ հաճոյքով,
Տակը ծառին աղբանոցին
Զետեղեցէք դուք ձեր թաղին:
Գէթ մէկ անգամ այս օրերուն
Մի՛ ամչնաք նուիրելու
Զանոնք անոնց, որոնք առտուն
Աղբերուն մէջ ձեր թաղերուն
Պիտի շրջին ու որոնեն
Նուէրները երկար ատեն`
Ուրախութեամբ, հրճուելով,
Բեղուն Կաղանդ մը տօնելով:
Այս օրերուն, մարդ արարած,
Աղբերուն մէջ գլուխդ ծռած`
Կը փնտռես կեանքդ դժբախտ,
Սրտաճմլիկ, բայց անվհատ:
15-10-1999
Լիբանան