Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Դեկտեմբեր 23, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին, գործակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աշխատակցութեամբ աշակերտական հոգեւոր խմբակին, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան շարք մը ձեռնարկներ` Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ: Աշակերտութեան համար մասնաւորապէս կազմակերպուեցան խոստովանանքի օրեր, որուն առ ի պատրաստութիւն` վարժարանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան աշակերտներուն հետ ունեցած էր հանդիպումներուն ընթացքին անոնց բացատրեց խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան իմաստը` շեշտելով ներողամտութեան եւ ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ: Դեկտեմբերի 11-ին Մեսրոպեանի ամբողջ աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ ծնողներ մասնակցեցան Ս. Ծննդեան մսուրին մէջ Յիսուս Մանուկի տեղադրման խորհրդանշական արարողութեան, զոր գլխաւորեց Րաֆֆի քահանան` իր կողքին ունենալով Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ եւ օգնական ժողովրդապետներ Ղազար վրդ. Պետրոսեանը եւ Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը: Արարողութեան ընթացքին Յիսուս Մանուկը Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւէն տեղափոխուեցաւ մսուր` նոյնպէս շրջափակին մէջ վեր բարձրացող հսկայ տօնածառին տակ: Աշակերտները երգեցին հոգեւոր երգեր, մինչ պատանի մեսրոպեանականներ կատարեցին դպիրներու պարտականութիւնը` պահը լեցնելով հոգեւոր խոր ապրումներով: Այս առիթով Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը հանդէս եկաւ Սուրբ Ծննդեան երգերու շարքով մը: Խօսքեր արտասանեցին աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, որոնք վեր հանեցին Սուրբ Ծննդեան իմաստը` մարդ անհատին եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Րաֆֆի քահանան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Աստուծոյ մարդեղացման խորհուրդին եւ ընդգծեց այն թելադրանքները, որոնք կը բխին մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրէն: Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ խոր գոհունակութիւն արտայայտեց հոգեւոր լիցքերով նշանաւորուած այդ օրուան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին զայն:

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ կաթողիկէ
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղանդի Պատրաստութիւն

Յաջորդը

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?