Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

Դեկտեմբեր 23, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը յաջորդաբար երկրորդ տարուան համար կազմակերպեցին «Միասնաբար օգնենք ուրիշին» բարեսիրական աշխատանքը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերու անդամները իրենց հետ բերած էին ուտեստեղէն, թէյ, կաթ, պահածոներ, ձէթ, ալիւր, ինչպէս նաեւ` տնային գործածութեան անհրաժեշտ մաքրութեան օճառ եւ այլ նիւթեր: Այս բոլոր նուէրները զետեղուեցան մասնաճիւղի երէցներուն կողմէ պատրաստուած տօնածառին առջեւ: Աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ծնողներ եւ բարեկամներ, որոնք իրենց կարգին միացան սկաուտներուն եւ յանձնեցին իրենց նուէրները:

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով ուրիշին եւ յատկապէս կարիքաւորին օգնութեան հասնելու խորհուրդը բացատրուեցաւ սկաուտներուն, եւ բոլորը գոհունակութեան զգացումով վերադարձան տուն:

Հաւաքի աւարտին խմբապետներն ու Սկաուտական խորհուրդի անդամները ուտեստեղէնն ու մաքրութեան դեղերը հաւասարապէս բաժնեցին 35 տուփերու մէջ, եւ այդ տուփերը յանձնուեցան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի տրուին կարիքաւոր ընտանիքներու: Մասնաճիւղի խմբապետական կազմն ալ իր կարգին ստանձնեց 5 տուփ` փոքր խումբերով այցելութիւններ տալու համար այդ ընտանիքներէն ոմանց:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի սեմին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտները կը վերանորոգեն իրենց խոստումը եւ իրենց յանձնառութիւն`ը ՀՄԸՄ-ի նպատակին եւ սկաուտական սկզբունքներուն նկատմամբ, մաղթելով, որ յառաջիկայ տարիներուն սկաուտական մատղաշ սերունդները նոյն թափով եւ նոյն կամքով կը շարունակեն ՀՄԸՄ-ականի ազնիւ առաքելութիւնը:

«Սկաուտը միշտ կ՛օգնէ ուրիշին»:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ բոլորին:

ՔՈՅՐ ՄԸ

Նախորդը

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?