Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2018-ին լոյս տեսած է դաշնակահար-բանաստեղծ Կամիլա Քէշիշեանի «Ծաղկած ցաւ» քերթողագիրքը: Անկեղծօրէն ըսելով` բանաստեղծին այս քերթողագիրքը, վերջերս էր, որ մտերիմ ընկերոջ մը կողմէ շնորհակալութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ նուէր ստացած էի: 210 էջերու մէջ ներփակուած այս հատորը բաժնուած է յաջորդաբար վեց մասերու. «Երկնքի տակ»` 56 բանաստեղծութիւններ, «Հայելիներ»` 28, «Ռեքուիեմ վասն ոչնչի»` 17, «Անոնք»` 4, «Արեւելքի գիշերներ»` 31, «15...




















