Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ
Ճանաչողական եւ գործընկերային տրամադրութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ:
Սփիւռքի նախարարը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնին` Արա Վարդանեանին ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատակազմին եւ աշխատելաոճին: Արա Վարդանեանը սփիւռքի նոր նշանակուած նախարարին ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 26-ամեայ գործունէութեան պատմութեան:
Առանձնազրոյցէ ետք սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւն-հիմնադրամ գործակցութիւնը պիտի ընդլայնի, իսկ յառաջիկայ ծրագիրները հետագայ քննարկումներու գլխաւոր նիւթը պիտի դառնան: «Իմ պաշտօնավարումէս ի վեր մենք աւելի աշխուժ սկսանք համագործակցիլ եւ աշխատիլ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ: Առհասարակ, յղացքային առումով, պետութիւն-հիմնադրամներ համագործակցութիւնը պէտք է նոր մակարդակի վրայ դրուին: Թէ՛ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, թէ՛ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ համահայկական միւս կառոյցները ունին մէկ առաքելութիւն, այն է` Հայաստանի եւ Արցախի կայուն զարգացման ապահովումը: Հիմնադրամին հետ այս պահուն ուղղակի ծրագրային գործակցութեան քննարկում չենք ունեցած, բայց կրկնեմ` մեր նպատակը ընդհանուր է` կը ծառայենք նոյն գործին», նշեց նախարարը:
Սփիւռքի նախարարին` Մխիթար Հայրապետեանին հետ հանդիպման կարեւորութիւնը ընդգծելով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը նշեց, որ հանդիպումը անշուշտ կ՛ունենայ դրական արդիւնք: «Շուտով պիտի քննարկենք համագործակցութեան մասին ծրագիրներ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մեր կառոյցները տարբեր գործառոյթներ ունին. նախարարութիւնը սփիւռքահայութեան դէպի Հայաստան բերելու, հայապահպանութեան հարցերով կը զբաղի, իսկ մենք կը զբաղինք դրամահաւաքով, թերեւս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ալ ապագային սկսի նմանատիպ ոլորտներով աշխատիլ», ըսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: Ան աւելցուց, որ` «Կան ոլորտներ, որոնք հետաքրքրական են ե՛ւ մեզի, ե՛ւ նախարարութեան համար, խօսքը սփիւռքի գիտական ներուժի մասին է»:
Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր 26 տարուան գործունէութեան ընթացքին իրականացուցած է աւելի քան 350 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, 1100-է աւելի մեծ ծրագիրներ հայկական երկու հանրապետութիւններուն մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ունի 700 հազար նուիրատու` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
ԹՈՒՄՕ-ի Հիմնադիր Բարերարը Տեսակցեցաւ Վարչապետին Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնի գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու առնչուող շարք մը հարցեր:
Վարչապետը շեշտեց ԹՈՒՄՕ-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու Սեմ Սիմոնեանին գլխաւորած խումբի տարբեր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան որակի բարձրացման եւ երիտասարդ սերունդի զարգացման:
Սիմոնեանը ողջունեց վարչապետին ներկայացուցած գաղափարը եւ տեղեկացուց, որ կը նախատեսեն ԹՈՒՄՕ կեդրոններ հիմնել Փարիզի, Մոսկուայի, Թիրանայի, Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու տարբեր զօրամասերուն մէջ:
Այնուհետեւ Սեմ Սիմոնեանը անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան միջհամալսարանական կեդրոնի ստեղծման ծրագիրին, բարձրագոյն կրթութեան համակարգը բարեփոխումներու ենթարկելու իրականացման վերաբերող այլ հարցերու եւ նախաձեռնութիւններու:
Նոյն օրը Սեմ Սիմոնեանը իր կնոջ` Սիլվայի ընկերակցութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ: Նախագահ Սարգսեանը յայտնեց, որ ոգեւորուած է կեդրոնին գործունէութեամբ, եւ ԹՈՒՄՕ-ն այն փայլուն օրինակն է, որ անմիջականօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարժի:
Չինաստան Շտապ Օգնութեան 200 Նոր Ինքնաշարժներ Պիտի Նուիրէ Հայաստանին
Երեւանի մէջ չինական դպրոցի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են, իսկ աշնան մօտաւորապէս 200 շտապ օգնութեան նոր ինքնաշարժներ պիտի յատկացուին Հայաստանին: Ուրբաթ, 15 յունիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուին:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այդ հարցին մէջ ունի մեծ սպասելիքներ եւ ակնկալիքներ:
Թիան Էրլու իր կարգին նշեց, որ Չինաստան պատրաստ է ջանքեր գործադրելու` ընդլայնելու, խորացնելու եւ նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` քաղաքական եւ տնտեսական: Դեսպանը աւելուց, որ եւրասիական տարածաշրջանին միանալու գործընթացները լաւ կարելիութիւններ կու տան` խթանելու տնտեսական փոխգործակցութիւնը եւ նշեց, որ այդ նպատակով անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները:
Դեսպանը տեղեկացուց, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին արդէն իսկ երկու երկիրներուն միջեւ արձանագրուած է առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու 41 տոկոսի աճ եւ հեռանկարային համարեց կապերու զարգացումը արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս:
Իրանահայ Բժիշկները Անվճար Հետազօտութիւններ Կ՛իրականացնեն Արցախի Մէջ
«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտ եկած իրանահայ բժիշկները սկսած են անվճար հետազօտութիւններ իրականացնել:
Մանկաբուժ-սրտաբան Արամ Քոչարեանը ըսած է, որ առաջին օրը հետազօտութիւններ իրականացուցած են «Արեւիկ» մանկական բուժմիաւորումի մէջ:
«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ զննած ենք աւելի քան 23 փոքրիկ: Այսօր կը հետազօտենք «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ի այցելուները, իսկ վաղը պիտի աշխատինք Մարտակերտի շրջանային բուժմիաւորման մէջ: «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ մեր կողմէ իրականացած է պտուղի ներարգանդային սրտի զննում:
Կը կարծեմ` «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ այս մէկը շատ կարեւոր քայլ է, որովհետեւ այցելութեան ընթացքին յղիները կարելիութիւն ունին հետազօտութիւնը անցնելու ուղղակի այստեղ», աւելցուցած է Ա. Քոչարեանը:
Իր հերթին, իրանահայ բժիշկ Ալֆրետ Աւագեանը նշած է, որ ուրախանալի է Արցախի մէջ տեսնել կատարելագործուած բժշկական անձնակազմ եւ արդի պահանջներուն համապատասխանող հիւանդանոցներ:
«Համոզուած եմ, որ այս պայմաններուն մէջ գտնուող Արցախի բժիշկները պիտի ապահովեն աշխատանքի շատ աւելի բարձր մակարդակ` նպաստելով բնակչութեան առողջական վիճակի կայունացման», ըսած է բժիշկ Աւագեանը:
«Արեգակնատենչ Հորիզոններ». Սփիւռքահայ Բանաստեղծուհի Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ
Քեսապահայ երիտասարդ գրող Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ վառ կերպով կ՛արտայայտուի սէրը իր ծննդավայրին` Քեսապի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ: Հեղինակին «Արեգակնատենչ հորիզոններ» բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ յունիս 15-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան յարկին տակ:
«Սեւանը ներկայիս կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, բայց անոր ծննդավայրին` Քեսապի բառուբանը, բնանկարն ու էութիւնը առկայ են անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Սեւանին գործերը կարդալով` կը տեսնես ժամանակակից աշխարհի մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զգաս արեւմտահայ, արեւելահայ գրականութեան արձագանգները: Հետաքրքրական է նաեւ Սեւանի աֆորիզմային մտածողութիւնը», նշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը:
Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանը իր կարգին նշեց, որ մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, բայց լեզուի հանդէպ իր ունեցած սէրը այնքան մեծ է, որ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: «Իբրեւ հայ երիտասարդուհի` սփիւռքի մէջ կը գիտակցինք` հողն է, որ կը պահէ մեր լեզուն: Շատերս կը փնտռենք մեր արմատները: Այս նպատակով ուխտագնացութիւն կատարեցի Արեւմտեան Հայաստան, տեսայ մեր դարաւոր վանքերը, եկեղեցիները, որոնք այժմ փլատակ են: Այդ ուխտագնացութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ բանաստեղծութիւններուս վրայ», նշեց ան:
Յայտնենք, որ Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանը ծնած է Քեսապ: Աւարտած է Լաթաքիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը: Երկամեայ ծրագիրով` Հալէպի մէջ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: Այնուհետեւ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հրատարակուող բազմաթիւ թերթերու մէջ: Հայաստանի մէջ անոր բանաստեղծութիւնները տպագրուած են «Գարուն» եւ «Նարցիս» հանդէսներուն մէջ:
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Թաներ Աքչամի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Յունիս 19-ին Երեւանի Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» աշխատութեան հայերէն թարգմանուած գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրաւէրով այդ օրերուն Երեւան գտնուող հեղինակը:
Յիշեցնենք, որ 2016 թուականին Երեւանի մէջ տպագրուած յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի ներկայացուող գիրքը բաղկացած է երեք բաժինէ:
Առաջին բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով անաչառ կերպով զբաղելու անհնարին ըլլալու, այդ գործին մէջ իր կրած դժուարութիւններուն եւ պետութեան կողմէ իրեն դէմ կազմակերպուած հալածանքներուն մասին:
Երկրորդ բաժինին մէջ կը ներկայացուի Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերուն թրքերէն հրատարակութեան շուրջ ծաւալած խտրական ու կողմնակալ քննարկումներու պատմութիւնը, որուն ընթացքին Թ. Աքչամի նկատմամբ դարձեալ սկիզբ կ՛առնէ զրպարտութիւններու, անհիմն մեղադրանքներու եւ հալածանքներու մեծ արշաւ մը:
Երրորդ բաժինին մէջ հեղինակը հարուստ փաստական հենքի վրայ կը ներկայացնէ հայերու բռնի իսլամացման եւ ուծացման քաղաքականութիւնը` 1915-1918 թուականներուն: Աքչամ պատմութեան քիչ յայտնի այս երեւոյթները կը գնահատէ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարրեր:
Գիրքը թարգմանուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Թարգմանիչն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը:
Հաղորդենք, որ գիրքը թարգմանուած եւ տպագրուած է «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ` ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն: Իսկ գիրքի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գաղափարը իրականացուած է Վիգէն արք. Այքազեանին ջանքերով:
Մշակոյթի Նախարարութիւնը «Ստեղծարար Հայաստան»-ին Հետ Պիտի Համագործակցի
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Ստեղծարար Հայաստան» («Creative Armenia») հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան մասին յուշագիրը կարելիութիւն պիտի տայ բացայայտելու տաղանդաւոր արուեստագէտներ, նպաստելու անոնց հմտութիւններու զարգացման եւ դուրս բերելու զանոնք` դէպի միջազգային շուկայ:
Ուրբաթ, 15 յունիսին, մշակոյթի նախարարութեան մէջ յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը եւ «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնարկի տնօրէն Կարին Յովհաննէսեանը:
«Այս համագործակցութիւնը կը նպաստէ մշակութային ոլորտի թարմացման եւ նոր գաղափարներու ներմուծման: Այս նպատակով կ՛աշխատինք «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնադրամին հետ: Հիմնադրամը չունի երկար պատմութիւն, բայց հիմնադրամին մէջ ներգրաւուած են մարդիկ, որոնց աշխատանքային փորձառութիւնը, մասնագիտացումը, մարդկային որակները թոյլ չեն տար ձախողիլ», նշեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Լիլիթ Մակունցը:
«Այս յուշագիրը կը փաստէ, որ նախարարութեան հետ պիտի համագործակցինք տարբեր ուղղութիւններով, եւ նպատակը ստեղծարար արդիւնաբերութիւն ունենալն է: Կը փափաքինք գտնել տաղանդաւոր արուեստագէտներ եւ զանոնք հասցնել միջազգային շուկայ: Ո՛չ միայն կը տրամադրենք ֆինանսական օգնութիւն, այլեւ` ամբողջ գործիքակազմ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուին թէ՛ առեւտուրը, թէ՛ արհեստագիտութիւնը, թէ՛ շուկայադրման գործիքներ», ըսաւ Կարին Յովհաննէսեանը:
Յայտնենք, որ «Ստեղծարար Հայաստան»-ը հիմնուեցաւ մէկ տարի առաջ: Հիմնարկի անդամ են` Սերժ Թանքեանը, Արսինէ Խանճեանը, սփիւռքահայ յայտնի այլ արուեստագէտներ, որոնց գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի վերածնունդը` աշխարհի տարածքին հայ տաղանդները բացայայտելու եւ անոնց նորարարական գաղափարներուն օժանդակելու ճանապարհով:
Հիմնարկը պարզապէս գումար չի տար արուեստագէտին, այլ կ՛օգնէ անոր կայացման, «արտադրութեան», համաշխարհային մշակութային հարթակի վրայ ներկայանալու ամբողջ գործընթացին:
Հայաստանի Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը 9,2 Տոկոսով Աճած Է
Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսները կազմած է 955 հազար 476 մարդ, որ 9,2 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ընթացիկ տարուան մայիսին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 217 հազար 615 մարդ` 2017-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 5,4 տոկոսով:
Մայիս 2018-ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 202 հազար 290 մարդ` 2,1 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան մայիս ամսուան ցուցանիշը:
2018-ի յունուարէն մայիս, 2017-ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 5,7 տոկոսի աճ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն բեռնափոխադրումը կազմած է 6540 թոն: Նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը կազմած է 9341 թոն:
Մայիս 2018-ին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 15 հազար 325 մարդ: 2017-ի նոյն ամսուան ուղեւորահոսքը կազմած է 8240 մարդ:
«Շիրակ» օդակայանին մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն ուղեւորահոսքը կազմած է 59 հազար 350 մարդ, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 27 հազար 429 մարդ:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 11,5 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները: