Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 21, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հանդիսաւոր Պաշտամունք` Նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, 27 մայիսին հայ աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր պաշտամունք:

Պաշտամունքը սկսաւ պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, որուն մէջ ան Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալուն համար:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ հաստատեց, թէ սոյն թուականը եզակի օր է` հայ ժողովուրդին կորսնցուցած արժանապատուութեան վերատիրացման պատճառով` աւելցնելով, որ անիկա մեր պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ հերոսներու սխրագործութեամբ եւ նահատակներու արեամբ: Ան ըսաւ, որ ներկայիս հայ ժողովուրդը հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք կը յիշատակէ ազատ, անկախ հայրենիք, պետական զարգացող համակարգ, հաւասարակշռուած հասարակակարգ ունենալու տօնը: Վեր. Սելիմեան շեշտեց Աստուծոյ խօսքին դերակատարութիւնը մեր պատմութեան, ազգին եւ իրաւունքներու վերատիրացման ուղիին մէջ` աւելցնելով, որ աստուածային նախաձեռնութիւնը բոլոր ազգերը նոյն արիւնէն կ’ընէ եւ կը հաւասարեցնէ զանոնք արդար գահին ու դատաստանին առջեւ: Ան ըսաւ, որ յարգանքը մարդոց կեանքին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու եւ զայն երաշխաւորելու միակ միջոցն է: Եզրափակելով իր խօսքը` ան թելադրեց տէր կանգնիլ մեր հարիւրամեայ պետութեան, որպէսզի հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Հայաստանի գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1918-ի պատմականին` մէջբերումներ կատարելով Արամ Մանուկեանի խօսքէն: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 28 մայիսին Սարդարապատի յուշակոթողին մօտ կը զետեղուին 3600 թարմ ծաղիկներ` ի յիշատակ այն զոհերուն, որոնց արեամբ կերտուեցաւ Մայիսեան հրաշափառ յաղթանակը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հիմքը դարձաւ յաջորդ հանրապետութիւններուն: Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Համայնքապետին առաքելական օրհնութեամբ:

Պաշտամունքի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին  ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` հայրենասիրական եւ ազգային երգերով:

Սուրիահայ Նահատակներու Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի Հոգեհանգստեան Պաշտօն

* 9 յունիսին, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան 2-րդ տարելիցին առիթով, գաղափարակից ընկերները այցելեցին Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող անոր շիրիմը` խունկով եւ մոմով առ ի յարգելու անոր անմեռ յիշատակը:

* 10 յունիսին Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն սուրիահայ նահատակներուն հոգւոյն եւ հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան երկրորդ տարելիցին առիթով, ներկայութեամբ Րաֆֆի Պչաքճեանի ընտանիքին անդամներուն, հարազատներուն, գաղափարակից ընկերներուն եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, նահատակին ընտանիքն ու գաղափարակից ընկերները ցաւակցութիւններ ընդունեցին Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահին մէջ:

Գրիգոր Տունկեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան երկրորդ տարելիցին առիթով, մեր վիշտն ու ցաւը, յաւերժական կորուստի զգացումը սանձած, կու գանք անոր նահատակութեամբ պսակուած ծառայութիւնը մեծարելու, որովհետեւ ան, հաւատալով հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի յաւերժութեան, տուած էր իր երդումը գաղափարական այն հանգանակին, որ մեր յաւերժական ժողովուրդին ու յաւերժական հայրենիքի ծառայութեան կ՛առաջնորդէր` թէկուզ ազնուագոյնը` իր սեփական կեանքը նուիրաբերելով: Ան ըսաւ, որ կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ` վերանորոգելով մեր ուխտը Ր. Պչաքճեանի անուան ու կերպարին մէջ տեսնելով հազարաւոր այն նահատակները, որոնք քալեցին ծառայութեան նոյն ուղիէն, առանց փնտռելու փառք ու բարօրութիւն: Այդ բոլորը վերապահեցին հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին: Անոնք միայն ծառայելու իրաւունքը փնտռեցին եւ այդ ծառայութիւնը դարձաւ իրենց նահատակութեան դափնին:

Այնուհետեւ, Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան եւ Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան կատարեցին հոգեհանգստեան աղօթք, որուն յաջորդեց ցուցադրութիւնը Րաֆֆի Պչաքճեանի նուիրուած տեսերիզ մը, ուր հնչեցին նաեւ նահատակին խօսքերը` ուղղուած հալէպահայ երիտասարդութեան:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ գտնուող Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան վայր, ուր վառեցին խունկ ու մոմ` առ ի յարգանք անոր յիշատակին:

Հայ Ծերանոցի Աւանդական Ճաշկերոյթ` Մեծն Ներսէս Հայրապետի Տօնին Առիթով

Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Հայ ծերանոցի մեծ ընտանիքին, 10 յունիսին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Անի» ճաշասրահին մէջ, Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ պատերազմին իբրեւ հետեւանք տարիներէ ի վեր չկազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթը:

Հայ ծերանոցի Տիկնանց յանձնախումբին անունով Մարալ Ազարիկեան ողջունելով ներկաները` յայտնեց, որ ամէն տարի սովորութիւն դարձած է յունիս ամսուն կազմակերպել շնորհակալական սոյն հացկերոյթը` ի յիշատակ Մեծն Ներսէս Հայրապետին եւ անոր օրինակին հետեւող գաղութի զաւակներուն, որոնց նուիրատուութեամբ եւ ներդրումով կանգուն կը մնայ հայ ծերանոցը:

Հայ ծերանոցի խնամակալութեան անունով Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան Աստուածաշունչէն մէջբերում կատարելով լուսարձակի տակ առաւ այն կապը, որ գոյութիւն ունի Մեծն Ներսէս Հայրապետին ապրած կեանքին եւ հայ ծերանոցի առաքելութեան միջեւ` աւելցնելով, որ համախմբուած են յիշատակելու Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը եւ հայ ծերանոցի հիմնադրութեան 95-ամեայ յոբելեանը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց հայ ծերանոցի առաքելութեան մէջ իրենց ներդրումը բերող հայորդիներուն:

Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց 2015-ի յուլիսէն մինչեւ օրս երկարող տարիներուն գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը` զեկուցելով հայ ծերանոցի առողջապահական, ծառայողական, յարաբերական, եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն ու այցելութիւններուն, պտոյտներուն եւ օժանդակութիւններուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ պատերազմի տարիներուն Հայ ծերանոցին կրած վնասներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց  յաղթահարման ի խնդիր տարուած աշխատանքները: Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան դիտել տուաւ, որ հայ ծերանոցը բոլորին սրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ իր լաւ թէ վատ օրերուն` աւելցնելով, որ «Մեծն Ներսէսի նուիրուած սոյն ձեռնարկին առիթով մեր յարգանքն ու սէրը արտայայտած կ՛ըլլանք մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ` կարեւոր համարելով բարեգործութիւնը»: Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան ըսաւ, որ Հայ ծերանոցը աստուածահաճոյ հաստատութիւնը մըն է, նաեւ համահայկական ձեռնարկ մըն է, որ բոլոր հայերուն կը պատկանի: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եզրափակիչ իր խօսքով յայտնեց, որ Հայ ծերանոցը պատերազմի շրջանին այլ կառոյցներու նման վնասներ կրեց, տեղէ-տեղ փոխադրուեցաւ, բայց շարունակեց գոյատեւել` աւելցնելով, որ ան մեր սիրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ եւ անպայման պիտի վերականգնի բոլորին ճիգերով:

Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

 Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգի Հայ մշակութային հաստատութեան, 28 մայիսին, Փրովիտընսի Ս. Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

100-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով օրուան պատգամը անգլերէն լեզուով փոխանցեց Լեւոն Աթթարեան : Ան նշեց, թէ մայիսը հայ ժողովուրդին համար խորհրդանշական ամիս է, երբ յաղթական ոգիով հայ ազգը Սարարապատէն անցնելով հասաւ մինչեւ Շուշի: Ան ըսաւ, որ մեր գործը տակաւին աւարտած չէ, եւ մենք պէտք է հերոսներու նոր սերունդը ըլլանք` աւելցնելով, որ մեր երազն է օր մը նոր մայիս 28 տօնել, երբ Արցախը համաշխարհային գետնի վրայ պիտի ճանչցուի իբրեւ անկախ պետութիւն, եւ երբ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերը, մեր Արարատը, վերջապէս պիտի վերադառնան անոր, որուն կը պատկանին:

Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով հայերէն լեզուով խօսք առաւ Յակոբ Խաչատուրեան: Ան կարեւորեց անկախութիւնը եւ զայն կերտողներուն դերը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է հաւատարիմ մնայ հայրենիքի անկախութիւնը արեամբ կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներուն սրբազան կտակին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Ռոտ Այլընտի եւ Ուըսթըի հայ Խմբերգ»-ը եւ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Կոնստանդին Պետրոսեանի, եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ` Մարօ Փանոսեանի, որոնք մեկնաբանեցին ազգային-յեղափոխական երգեր: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Պոսթոնեան» քառեակը:

Նկատի ունենալով, որ համերգը նուիրուած էր այն բոլոր հայ զինուորներուն, անցեալի թէ ներկայի, որոնք իրենց կեանքի գնով պաշտպանած են եւ կը շարունակեն պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները, ելոյթին ամբողջական հասոյթը  յատկացուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան «Վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներ»-ու ֆոնտին:

Պատուոյ Հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու Հաւաքածոյ Նուիրեց Առաջնորդարանին

14 յունիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանին, որ այս առիթով Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն հրատարակուած ու շրջանառութեան մէջ չդրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը: Ան նոյն հաւաքածոյէն նուիրած է նաեւ Հայաստանի ու գաղութի կարգ մը կազմակերպութիւններու:

Նկատի ունենալով, որ Արմէնեան նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի անդամ է, քննարկուեցաւ ծխական շրջանի ծրագիրները եւ արժեւորուեցաւ նախորդ շաբաթներուն կայացած` նոյն եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան արդիւնքը:

Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէնեանին` իր արժէքաւոր նուէրին համար, անոր մաղթելով բեղուն ծառայութիւն եկեղեցւոյ ու ազգի անդաստաններուն մէջ:

Եգիպտոս

Հայ Դատի Աւանդական «Իֆթար»-ի Սեղան

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին, 8 յունիսին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած «Իֆթար»-ի սեղանը:

Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հաւաքը կ՛ամփոփէ Եգիպտոսի մեծութիւնը իր այլազանութեան մէջ` աւելցնելով, որ հայերը երախտապարտ կը մնան եւ չեն մոռնար, որ երբ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Եգիպտոսի պետութիւնը եւ ժողովուրդը իր գիրկը բացաւ ու զիրենք ընդունեց: Ան նկատել տուաւ, որ գաղթական հայերը իրենց ներդրումը ունեցան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կարծես իրենց հայրենիքին մէջ կը գտնուէին: Տոքթ. Մազլումեան յարգանքի ու գնահատանքի տուրք մատուցեց երկրի ոստիկանութեան, զինուած ուժերուն եւ նահատակներու յիշատակին` շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանականներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն: Ան նաեւ բարձր գնահատեց երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ պետութիւնը կ՛առաջնորդէ զարգացման եւ կայունութեան ճամբով:

Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ կը վայելեն եգիպտացիներու բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը, կը բաժնեն տեղացիներու նուաճումներն ու ձգտումները եւ միասնաբար կը դիմագրաւեն նոյն մարտահրաւէրները` շրջապատուած ըլլալով Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ կառավարութեան գուրգուրանքով: Ան շեշտեց, որ հայ համայնքը Հայաստանը եւ Եգիպտոսը միացնող կամուրջ է, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առեւտրական, մշակութային ու կրթական գործակցութիւնը զարգացնելու, նաեւ ջերմ ու անկեղծ բարեկամութեան ամրապնդման մէջ մեծ ներդրում ունի:

 

Նախորդը

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Յուշատետր. Ճակատագիր (Գ.)

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?