Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Շաբաթներէ ի վեր Երեւանը եւ Հայաստանը կը շնչեն հեռատեսիլով, որ կը սփռէ տեսարաններ եւ պատումներ, որոնց ծանօթ էինք ամերիկեան ոճիր-արկածի ժապաւէններով. զէնքեր, ձոյլ ոսկի, տրցակներով տոլար եւ եւրօ, թաքստոցներ, գողօնի ամբարանոցներ, գայթակղութիւններու բացայայտումներ:
Կարծէք քակուող կծիկի թելին սկիզբի ծայրէն բռնած ենք եւ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը գտնենք միւս ծայրը: Անմիջական ժամանակի վկաները, ինչպէս ես, աշխարհի հայերը եւ օտարներ, կը հետեւին, կ’ուզեն հասկնալ, հարց կու տան իրենք իրենց, թէ ինչպէ՞ս գումարուած են խաղքութիւնները, որոնց մասին գիտէին եւ կը խօսէին: Մեղսակիցներ եւ մասնակիցներ լռութիւն կը պահէին:
Խաղքութիւններու հեղինակները նուազագոյն ողջմտութիւնը չունէի՞ն գիտնալու, որ ոչինչ գաղտնի չի մնար, չէ մնացած արեւուն տակ: Շարքային քաղաքացին ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կրցած են գումարուիլ այդքան նիւթական փաստեր, որոնք իրենց բազմապատկութեամբն իսկ երեւան պիտի գային վաղ թէ ուշ:
Մեղսակից չեղողներ եւ լուռ մնացողներ ալ կային, ինչ որ քաղաքացիական բարոյականութեան հարց է:
Քաղաքացին կը զգայ եւ կը խորհի, որ բացայայտումներէն խուսափողներ պիտի ըլլան, ինչո՞ւի եւ ինչպէ՞սի պատասխաններ ալ կը կարծեն գտնել եւ մեկնաբանել` արտաքին եւ ներքին քաղաքական ճնշումներու իբրեւ հետեւանք: Եթէ պատկերները եւ ըսուածները արձանագրէք, քիչ մըն ալ երեւակայութիւն աւելցնէք, բազմաթիւ դիպաշարներ (ցենարներ) կրնաք արտադրել եւ վաճառել ֆիլմարտադրողներու` զարգացնելով խորքը եւ իրադարձութիւններու պատումը:
Հակառակ այս ցաւագին երեւոյթներուն, կեանքը իր հունով կը շարունակուի: Հինցած եւ թրթռացող, լեցուող եւ պարպուող մաթրուշքաները (մինիպաս) Երեւանի փողոցներուն մէջ կը հիւսեն իրենց ցանցը, երէցներ, երիտասարդներ, իրենց բջիջային հեռախօսները ափի մէջ, կ’իջնեն, կը բարձրանան, անդադար կը խօսին, ամէնքն ալ կարեւոր անձնաւորութիւններ ըլլալու են, փողոցէն կամ մաթրուշքայի հրմշտուքին մէջ իսկ լսելու եւ խօսելու համար: Տեղ մը կարդացի, որ Հայաստանի մէջ բջիջային հեռախօսները թիւով աւելի են բնակչութենէն: Ինչպէ՞ս բացատրել. կենսամակարդակի բարելաւո՞ւմ, սպառողական ընկերութեան անսանձ ներխուժո՞ւմ, ցուցամոլիկութի՞ւն, բիզնեսային աճապարա՞նք, թէ՞ սիրել-սիրուելու անհամբերութիւն…
Բոլոր մեծ քաղաքներուն պէս, Երեւանի վաճառատուներն ալ կը յորդին, անոնք իրենց ներածած ապրանքներուն հետ իրենց անուններն ալ ներածած են, ՄՈԼեր եւ ՍՈՒՊԵՐՄԱԿԵՏներ: Խանութները մկրտուած են եւրոպական եւ ամերիկաներու քաղաքներու անուններով, աշխարհագրութեան դասագիրք են, Իտալիայէն կ’անցնիք Ֆրանսա, կը հասնիք Նիւ Եորք: Մխիթարուելու համար ալ երբեմն` Շիրակ եւ Սիւնիք: Իսկ արաբական շաուրման զանազան վերադիրներով Հայաստանի կարեւոր եւ անկարեւոր, յայտնի եւ անանուն փողոցներու սիթիզըն է: Առիթով մը, մշակոյթի նախարարին կամ լեզուաբան բարեկամի մը պէտք է հարցնեմ, թէ հայերէնի նոր բառարանին մէջ ալ պիտի մտնէ՞ շաուրման, որպէս փաստը մեր համաշխարհային ազգ ըլլալուն: Ի՞նչ կը մտածեն համի վարպետները, շաուրման աւելի համե՞ղ է Ղարսի խորովածէն:
Պիզնեսը հեղեղային է, անցեալ, լեզու, ինքնութիւն պարապ վախտի խաղալիք են: Ճեմող կամ աշխատանքի գացողներուն հոսանքին հետ կը տարուիք, բայց երբեմն կը կարդաք ավիատուր, բրենտ, ֆլէշ, անխուսափելի եւ բազմանուն բանկերը, գեղեցկութեան սրահի անուան կցուած էպիլացիան: Պտուղի եւ բանջարեղէնի յորդող խանութներուն մէջ, նաեւ հեռատեսիլէն, կը լսէք արդէն տուն-տեղ եղած պարսկերէն-թրքերէն-արաբերէն մաղատանոսը, նաանան… Հեռատեսիլէն կը լսէք, որ պէտք է տապակէք միսը, բայց ոչ տապակի մէջ, այլ` թավայի:
Օր մըն ալ հայերէնի պաշտպանութեան, վերազնուացման համար թաւշեայ յեղափոխութիւն մը կ’ընե՞նք, Հայաստան եւ սփիւռքներ…
Բայց կեանքը կը շարունակուի: Պէտք է հաւատալ, որ հայու հոգիի ովկիանոսը ինքզինք կը մաքրէ:
Գրողներու միութիւնը արցախցի բանաստեղծ կը պատուէ, թատրոնները կը բանին, օփերայի սրահը միշտ գրաւուած է: Ներկայացումները ուշ ժամերու չեն սկսիր եւ կէս գիշերին չեն աւարտիր: Թարգմանուած խաղեր ալ կը բեմադրուին տաղանդաւոր դերասաններով, որոնք արդիական ըլլալու համար սեռ-sex կը յուշեն մերկութիւններով:
Բեմի խաղէն առաջ, սրահին մէջ, հանդիսատեսը կ’ընէ այլ հաստատում մը. կը փորձէ տասը մատներու վրայ հաշուել այրերու ներկայութիւնը` կիներու ճնշող մեծամասնութեան մէջ: Յաճախ կ’ըսեն, որ Երեւանի մէջ երիտասարդ այրեր չկան, արտագնայ աշխատանքի են: Բայց այս բացատրութիւնը համոզիչ չէ, քանի որ կիներ ալ գացած են արտագնայ աշխատանքի, եւ սրճարաններու մէջ են այրերը, անոնք ծխելով կը չափեն Երեւանի փողոցները, Կոմիտասէն Հանրապետութեան հրապարակ, Երեւանի այգիները:
Վարորդները, փողոցի անկիւնի նպարավաճառը, շէնքի վերակացուն, հաւաքարարուհին, դրացուհին, կը մեկնաբանեն երկրի ներքին կացութիւնը, քաղաքական եւ տնտեսական, խստութեամբ կ’արտայայտուին կողոպտողներուն եւ օլիկարխներուն մասին, արձակուրդի համար այցելութեան եկած արտագաղթածներ մեծ յոյսեր կը կապեն յեղափոխութեան, նոյնիսկ կը մտածեն վերադառնալ Լոս դրախտէն: Կ’ըսեն… եթէ ամուսին կամ հարս չտանին աւետեաց երկիր:
Դուռ-դրացիի եւ ընտանեկան զրոյցներու ընթացքին կ’արտայայտուին վրէժխնդրական միտքեր, որ կոռուպցիայի հեղինակները բանտին մէջ պէտք է մաշին կամ անոնց մատները պէտք է կտրել: Ժողովրդային լաւատեսական երազանք ալ կայ երկրին մէջ: Փողոցներուն տեսքն անգամ փոխուած է, թիկնապահներով շրջող ինքնաշարժներ չկան: Ինչպէս միշտ, այսօր քիչ մը աւելի աշխուժ են ծաղկավաճառները, փունջերով վարդ շալկած քալողները բազմաթիւ են: Կ’երթան շնորհաւորելու…
Այս ալիքին վրայ կարելի կ’ըլլա՞յ լուծման սպասող հարցերը սեղանի վրայ դնել, որոշումներ կայացնել, վերականգնումներ իրականացնելու համար: Ազգը իրարմէ բաժնած եւ հեռացուցած կամայականութիւնները վերացնել: Այսինքն ջատագովուած եւ ճառ զարդարող մէկութիւն եւ միութիւն վերահաստատել: Անոնք յոգնակի են եւ կարելի:
Անուններու ian-էն եւ yan-էն սկսելով:
Հայկական անուններու ուղղագրութիւնը երբ օտար անցագիրներէ կը փոխադրուի արեւելահայերէնի եւ Hagop-ը կ’ըլլայ ՀԱԳՈՊ, դարաւոր ՅԱԿՈԲ-ի փոխարէն, ըսելիք եւ ընելիք չունի՞ն մամուլը, քաղաքական գործիչները, Ազգային ժողովը, յեղափոխութիւններու իտէալիստները…:
Եւ պաշտօնաթուղթերու նօտարական սրբագրութեան համար պէտք է դատարան երթալ
Այս հարցե՞րը… Այդ հարցե՞րը:
Եւ ազգ ու երկիր կառավարելու համար հրաժարելով դուխէն եւ թիմէն:
Ի՞նչ բանի կը ծառայեն ղեկավարները, եթէ խրձիկները պիտի չքակեն մաքուր կար ընելու համար…
Երկիր է, ապրող ժողովուրդ: Երբեմն ճամբացոյց փայլատակող պահեր ալ կան:
Արցախցի հայ աղջիկը գրաբարի մասնագէտ դարձած է եւ մեծերու առջեւ դասախօսած է գրաբարով…
Քաղաքէ քաղաք բեմի վրայ գալարուող երգիչ պտտցնելու փոխարէն, գրաբարով խօսող աղջիկը ինչո՞ւ չպտտցնել, լսելու համար մեր արմատներու ձայնը…
23 յունիս 2018, Երեւան



