Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ման՞չ, Թէ Աղջիկ

July 3, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Մա՞նչ է, թէ՞ աղջիկ»:

Հետաքրքական հարցում մը, որուն պատասխանը հարցումին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի:

«Տղայ»-ն, համազօր է լաւ լուրի, իսկ «աղջիկ»-ը … գէշ կամ տխուր լուրի:

Նման հարցում մը արդէն իսկ կը «փաստէ», որ կիները ստորադասուած են, եւ նախապատուութիւնը տրուած է տղամարդոց:

Մօտաւորապէս 50 տարի առաջ իսլամ բարեկամի մը տունը ճաշի հրաւիրուած էի:

Տան մէջ կիներու բացակայութիւնը զգալի էր: Տարբեր սենեակէ մը կը լսուէր անոնց խօսակցութեան ցած ձայնը, սակայն ոչ ոք կը համարձակէր մտնել մեր մօտ:

Ընթրիքի ժամուն բարեկամիս կինը մտաւ ներս: Չբարեւեց: Իրարու ծանօթանալու առիթը չտրուեցաւ: Ամանները հապճեպով տեղաւորեց ճաշասեղանին վրայ ու հեռացաւ: Բնականաբար չմասնակցեցաւ ընթրիքին: Ամէն անգամ, որ բարեկամս բանի մը կարիքը ունենար, կը դիմէր կնկան, որ ամուսինին ուզածը բերելէ ետքը,անմիջապէս  կը հեռանար սենեակէն:

Գէշ կացութեան մէջ էի, սակայն տանտէրը չվիրաւորելու միտումով ստիպուած էի մնալ: Առաջին եւ վերջին անգամն էր, որ հիւրասիրուեցայ իսլամի մը տան մէջ:

Յիշեցի աւելի քան դար մը առաջ մեր պապենական սովորութիւնները, երբ նորապսակ հարս մը որոշ շրջան մը «չխօսկան» էր: Աներոջ հրամանով էր, որ կը ստանար խօսելու իրաւունքը: Կը խօսէր, սակայն անձնական կարծիք յայտնելու իրաւասութիւն չունէր:

***

Ամենաքաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ իսկ, երկար տարիներ, կիներ ու տղամարդիկ համահաւասար իրաւունքներ չէին վայելեր: Ստորադասուած էին կիները: Պատասխանատու պաշտօնները կը վստահէին միայն տղամարդոց, սակայն տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կը վայելեն ամէն իրաւունք: Ներկայիս մեծ ընկերութիւններու տնօրէնի պաշտօնը վստահուածներուն 52 տոկոսը կիներ են:

Կին բանակայինները, «մարիններու» եւ օդուժի մէջ ծառայողները, ինչպէս նաեւ կին ոստիկանները բաւական մեծ թիւ կը հաշուեն ներկայիս:

Մազ մնաց, որ Ամերիկայի նախագահը կին մը ըլլար:

Սեռերու հաւասարութեան շարժումը սկսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 19-րդ դարու կէսերուն, Նիւ Եորքի մէջ, սակայն ներկայիս, 21-րդ դարու առաջին քառորդին, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ տակաւին կիները չունին տղամարդոց բոլոր իրաւունքները:

Երբ բաղդատական մը ընենք Լիբանանի եւ իր դրացի երկիրներուն միջեւ, կը տեսնենք, որ մայրիներու երկրին մէջ կիները շատ աւելի ազատութիւն կը վայելեն, քան` արաբական աշխարհի դրացի երկիրներու կիները:

Լիբանանի խորհրդարանը այսօր կը հաշուէ 6 կին:

Բազմաթիւ դրամատուներու տնօրէնի պաշտօնը վստահուած է կիներու:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ներկայիս ունի քանի մը կին ոստիկան, մինչ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիները նոյնիսկ առանձին ճամբորդելու իրաւունքէ զրկուած են: Պայման է, որ տղամարդ մը ընկերանայ իրենց:

Արաբական աշխարհի ամենահարուստ երկրին մէջ կիներու ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւնը նոր է, որ ի գործ պիտի դրուի: 24 յունիս, 2018-ին:

Կիներու հաւասարութեան մասին խօսիլը ընդարձակ նիւթ է: Ներկայիս գոհանանք անդրադառնալով հա՛յ ընտանիքներէն ներս հայ մայրերու եւ հայ քոյրերու մասին:

Չեմ ուզեր ընդհանրացնել, սակայն շատ պատահած է, որ ընտանիքի մը զաւակներուն միջեւ նախապատուութիւնը տրուած է տղուն, եւ այդ մէկը կը սկսի նախքան երեխայի մը ծնունդը:

Ծնողներուն չափ, երբեմն` ծնողներէն ալ աւելի, անմիջական հարազատներու նախընտրութիւնը եղած է տղայ զաւակ մը (բացառութիւնները մի՛շտ յարգելի են):

«Աստուած տայ, տղայ ըլլայ»:

Տարիներ առաջ արհեստագիտութիւնը ներկայ օրերու նման զարգացած չէր, որպէսզի նախքան երեխային ծնունդը տեղեակ ըլլային մա՞նչ պիտի ծնի, թէ՞ աղջիկ: Շատեր իրենց տեսած երազներուն վրայ հիմնուելով կը «գուշակէին», ուրիշներ համբերութեամբ կը սպասէին 9 ամիս, իսկ երբ աշխարհ եկող երեխան տղայ ըլլար, բարձրաձայն իրարու կ՛աւետէին`

«Տղա՛յ է, տղա՜յ», այնպիսի երջանկութեամբ, կարծես նորածինը պիտի ըլլար աշխարհի փրկարարներէն մին:

«Տղայ է»: Այդ երկու փոքր բառերէ կազմուած նախադասութեան մէջ որքա՜ն հրճուանք եւ հպարտութիւն կ՛արտացոլայ, իսկ երբ նորածինը աղջիկ ըլլայ, ցած ձայնով, անշուք կը յայտնեն այդ լուրը:

«Աղջիկ է: Յուսանք յաջորդը տղայ ըլլայ»:

Պատահած է, որ ծնողներ քանի մը աղջիկ զաւակ ունենալէ ետք, յամառօրէն շարունակած են երեխաներ ունենալ`, յուսալով, որ յաջորդը տղայ ըլլայ, սակայն միշտ «բախտաւոր» չեն եղած: Յաճախ յուսախաբ եղած են, սակայն չեն յուսահատած:

Այդ խտրականութիւնը կը շարունակուի երեխաներու ծնունդէն ետք: Շատ պատահած է, որ ծնողներ ժառանգը ամբողջութեամբ գրած ըլլան միայն տղայ զաւկին, անտեսելով իր աղջիկ զաւակները, նոյնիսկ եթէ մէկէ աւելի քոյրերու մէկ հատիկ եղբայրը ըլլայ:

Ինչո՞ւ այդ խտրութիւնը: Աղջիկ զաւակը տան սիւնն է, ծնողքին թեւ ու թիկունք կանգնողը: Քոյրերուն ու եղբայրներուն երկրորդ մայր մընէ տան երէց քոյրը:

***

Բազմաթիւ հատորներ, բանաստեղծութիւններ, յօդուածներու երգեր նուիրուած են հայ մօր, սակայն դժբախտաբար քիչ յիշուած են քոյրերը, որոնք շատ մը հայ ընտանիքներու մէջ եղած են երկրորդ մայր:

Վերջերս, երբ պատահմամբ մոռցուած հին երգ մը կ՛ունկընդրէի, յուզումով յիշեցի երէց քոյրս` Ալիսը, որ տասնամեակ մը առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացաւ արկածի մը պատճառով:

«Քո՛յր իմ նազելի, նայիր քո դիմաց
Վիրաւոր, աւեր սիրտս եմ բացել,
Ա՜խ, նուիրական ինձ քո գիրկը բաց
Եւ գուրգուրիր ինձ, ես շատ եմ լացել… (Աւետիք Իսահակեան):

Անվարան կրնամ ըսել, որ երէց քոյրս եղած էր մեր ընտանիքին ողնասիւնը:

Երկար տարիներ, մօրս անհանգստութեան պատճառով, մայրական դժուար պարտականութիւնը ստանձնած էր քոյրս: Բոլորիս կարիքները հոգացողը եղած էր ի՛նք:

Հազիւ 13 տարեկան, մատղաշ հասակին, կիսատ ձգած էր ուսումը, նոյնիսկ նախակրթարան մը աւարտելու առիթը չէր ունեցած: Խնամած է մեր հիւանդ մայրը, միեւնոյն ժամանակ հասած է բոլորիս կարիքներուն, սակայն կրնամ վստահեցնել, որ շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան` քաջածանօթ էր արեւելահայ եւ արեմտահայ մեր բոլոր հեղինակներու գործերուն:

Մանկութեանս տարիներուն Էշրեֆիէի մեր խեղճուկ տնակը կը լուսաւորուէր քարիւղի լապտերով: Քանի մը տարի ետքն է, որ ելեկտրականութեամբ օժտուեցաւ մեր աղքատիկ, սակայն հայութիւն բուրող խրճիթը:

Կը յիշեմ, քոյրս ամէն իրիկուն, տան գործերը դասաւորելէ եւ իր մայրական պարտականութիւնները ամբողջացնելէ ետք, քարիւղի լապտերով հազիւ լուսաւորուած սենեակին անկիւնը քաշուած, կը կարդար մինչեւ ուշ ժամերը, իսկ առաւօտուն ամենականուխ արթնցողը կ՛ըլլար ինք: Բոլորիս նախաճաշը պատրաստելէ եւ մեզ դպրոց ճամբելէ ետք, կ՛անցնէր տան գործերուն: Կը հոգար մօրս կարիքնեը:

Հակառակ իր բազմազբաղութեան` ժամանակ կը գտնէր մաս կազմելու հայկական միութիւններուն: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հաւատաւոր անդամներէն էր: Համազգայինի «Քնար» համոյթին երկարամեայ անդամ էր` որպէս երգչուհի, եւ 1965-ին ելոյթներ ունեցան Լիզպոնի եւ Պաղտատի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան Պաալպեքի փառատօնին:

Երբեմն մանկութեան տարիներէն աննշան կարծուած դէպքեր դրոշմուած կը մնան մեր ուղեղին մէջ:

Փոքր երեխայ էի, ընտանիքով գացած էինք «Ազատամարտ» ակումբ` սիրողական թատրոնի մը ներկայ գտնուելու: Քոյրս փոքրիկ դեր մը վերցուցած էր այդ թատերախաղին մէջ: Նիւթը  չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ տեսարան մը, որ տպաւորած է զիս: Իր խաղացած դերին մէջ սկսաւ ուտել խնձոր մը: Առաջին անգամն էր, որ իր պատառէն մեզի բաժին չէր հաներ: Միշտ զրկած էր ինքզինքը` իր բաժինը զիջելով մեզի:

Չդիմանալով այդ կարմիր խնձորին,  բարձրաձայն` «Ե՛ս ալ կ՛ուզեմ» պոռացի:

Ազնուասիրտ քոյրս բեմէն լսեր էր ձայնս եւ խնձորը ամբողջութեամբ չէր կերած: Պահեր էր, որ աւելի ուշ ինծի բաժնեկից դարձնէ:

Քրոջ մը սիրտը: Այնքա՜ն փափուկ, այնքա՜ն ազնիւ ու անշահախնդիր:

Ֆրանսացի երգիչ Հիւկ Օֆրէյ իր ամենանշանաւոր երգերէն մէկը` «Սելին», նուիրած է իր քրոջ, որուն հարց կու տայ. «Ի՞նչ էր պատճառը, որ չմտածեցիր քու ընտանիքդ ունենալու մասին: Մի՞թէ մեզ չլքելու համար էր, որ մերժեցիր քեզի ներկայացող փեսացուները»:

Ամէն անգամ, երբ ունկնդրեմ այդ հիանալի երգը, անպայմանօրէն նմանութիւն մը կը գտնեմ քրոջս եւ Սելինի միջեւ:

Ինծի անծանօթ երգիչ Հիւկ Օֆրէյին, անվարան կը պատասխանեմ. «Այո՛, այդ էր պատճառը: Վստահ եմ, քանի ես եւս ունեցած եմ նոյնանման անձնուէր քոյր մը, որ իր անձնական շահերը մոռցած` նուիրուած էր իր ծնողքին, իր քրոջ ու եղբայրներուն»:

Սելինին նման, մայր դառնալու բախտին չարժանացաւ քոյրս, սակայն դարձաւ մեր բոլորին երկրորդ մայրը: Մոռցաւ իր «ես»-ը: Նուիրուեցաւ մեր ընտանիքին, քոյր ըլլալու կողքին, դարձաւ նաեւ նուիրեալ մայր:

***

Երբ սոյն յօդուածս, սկսայ գրել, մտադիր էի խօսիլ ընդհանրապէս բոլոր քոյրերուն, ի մասնաւորի հայ քոյրերուն մասին, սակայն անզգալաբար նիւթէն շեղեցայ եւ յիշելով երէց քոյրս` անդրադարձայ իր մասին: Որոշած էի չգրել ընտանեկան պարագայի մը մասին, սակայն այդ մէկը եղաւ անկախ իմ կամքէս:

Քո՛յր իմ նազելի, քու բարութեամբդ եւ անհատնում նուիրումովդ խորհրդանիշն ես ընտանիքի մը աղջիկ զաւկին եւ հայ նուիրեալ քրոջ:

Այս տարի քրոջս մեզմէ յաւերժ հեռանալուն 10 րդ տարելիցն է:

Բիւր սէր եւ յարգանք` իր անմար յիշատակին, նաեւ յարգանք` ԲՈԼՈՐ հայ քոյրերուն:

Ա՜խ, նուիրական ինձ քո գիրկը բաց
Եւ գուրգուրիր ինձ, ես շատ եմ լացել…

Լոս Անճելըս, 2018

 

https://www.youtube.com/watch?v=4GueQZ0w4Lc

 

Նախորդը

Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Ա.)

Յաջորդը

Քիչ Մը Ծիծաղ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.