Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ո՞ւր Կրնան Հասնիլ Թուրքիոյ Նախագահին Նկրտումները

Յուլիս 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններուն Էրտողանի ձեռք բերած առաւելութիւնը կրնա՞յ զինք մղել, որ վերանորոգ նկրտումով մը սուրիական եւ իրաքեան տարածքներու նկատմամբ  իր վարչակարգին վերահսկողութիւնը բռնագրաւումի վերածէ` ահաբեկիչներ հալածելու պատրուակով:

Վերլուծաբաններու կարծիքով, այս հաւանականութիւնը դժուար թէ իրականութիւն դառնայ` նկատի ունենալով, որ այս յաղթանակը կը վերագրուի նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն լուծման ուղղութեամբ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ բարելաւուած յարաբերութիւններուն, իսկ այդ երկիրներուն նկատմամբ Էրտողան,  բնականաբար, պարտաւորութիւններ ալ պիտի ունենայ, յատկապէս յարգելով Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ մինչ ընտրութիւններ գոյացած համաձայնութիւնները, ո՛չ թէ շրջանցելով զանոնք ու Սուրիոյ եւ Իրաքի նկատմամբ կայսերապաշտական ախորժակներ սրելով:

Ներքին դրուածքով, Էրտողան յաջողեցաւ երկրի խորհրդարանական կառավարման համակարգը փոխարինել նախագահականով, ուր մեծ լիազօրութիւններ պիտի վայելէ: Անոր երկրորդ ձեռքբերումը կանխահաս ընտրութիւններու իրագործումն էր` իշխանութեան ղեկին մնալու եւ չորս տարի եւս բացարձակ լիազօրութիւններ վայելելու` վերընտրուելու իր իրաւունքին կողքին: Միւս կողմէ, սակայն, Էրտողանի նախագահած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը  այս ընտրութիւններուն յետընթաց արձանագրեց` արժանանալով քուէներու 42 տոկոսին, մինչ 2015-ի ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը արժանացած էր քուէներու 49 տոկոսին, այսուհետեւ այս կուսակցութիւնը բացարձակ մեծամասնութիւն պիտի չկազմէ երկրի օրէնսդիր մարմինին մէջ:

Ո՞ւր պիտի հասնին ուրեմն Էրտողանի նկրտումները…

Տնտեսական առումով, Էրտողան պիտի ջանայ երկրի տնտեսութեան նահանջը կասեցնել, նախ բարելաւելով Իրանի հետ մօտաւորապէս տասը միլիառ տոլարի հասնող, իսկ Ռուսիյ հետ 35 միլիառ տոլարի հասնող առեւտրական փոխանակումները: Այս փոխանակումները Թուրքիոյ նախագահը կը նախատեսէ հասցնել 200 միլիառ տոլարի, իսկ կազի եւ ջերմուժի փոխանակումները այս երկու երկիրներուն հետ, Էրտողանի կարծիքով, պիտի նպաստեն, որ Թուրքիա մինչեւ 2023 միանայ աշխարհի առաջին այն տասը երկիրներու, որոնց ազգային արտադրանքը երկու հազար միլիառ տոլարի կրնայ հասնիլ:

Էրտողանի յաւակնութիւնները հաւանաբար իրատեսական չթուին, սակայն, դէպի Արեւելք անոր շրջադարձը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ տնտեսական, քաղաքական եւ տարածաշրջանային հարցերու լուծման ուղղուած սերտ գործակցութիւնը, քաղաքական գետնի վրայ աշխուժ կրնան դարձնել համաթրքական գաղափարախօսութեան ջատագով երկրին ծաւալապաշտ նախագահը: Այսուհանդերձ, Իրանի եւ Ռուսիոյ գործակցութիւնը առաւելաբար հիմնուած կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան վրայ:

Ուստի քաղաքական համաձայնութիւններէ որեւէ մէկ շեղում կրնայ տապալել Էրտողանի տնտեսական նկրտումները եւ կրկին լարել երկրին յարաբերութիւնները Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորական նամակը բարացուցական էր այս իմաստով: Փութին, Էրտողանը շնորհաւորելով մէկտեղ, կը ցանկար. «Շարունակել երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները` երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու լուծման հեռանկարով»:

Նոյնը կը շեշտէր Իրանի նախագահը` մաղթելով. «Աշխուժացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները` տարածաշրջանի կայունութեան ամրագրման եւ տագնապներու լուծման հեռանկարով»:

Ուստի, Թուրքիոյ նախագահը որքան ալ յաւակնի ամրագրել իր վարչակարգին վերահսկողութիւնը սուրիական հողերուն նկատմամբ, ի մտի պէտք է ունենայ այն կարմիր գիծերը, զորս չյարգելու պարագային, շուռ կրնան գալ իր ծրագիրները, յատկապէս սուրիական բանակին հարաւային Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու խաղաքարտերը ձախողութեան մատնելու օրինակը աչքի առջեւ ունենալով:

«Գ.»

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամենազօրն Ու Ամենակալը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?