Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Պայքարը Պիտի Շարունակուի` Աշխարհիկ Կարգերու Պաշտպան Շրջանակներուն Կողմէ

Յուլիս 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները, որոնք առաջին անգամն ըլլալով միեւնոյն օրը կազմակերպուեցան, իրաւասութիւնը տուին գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի, որպէսզի շարունակէ վարել նախագահի պաշտօնը` հինգ տարի եւս, մինչեւ 2023:

Էրտողան տիրացաւ քուէներուն շուրջ յիսուն երկու առ հարիւրին եւ նախագահ վերընտրուեցաւ ի դերեւ հանելով գլխաւոր մրցակից Մուհարէմ Ինճէի յոյսերը` ընտրութեան երկրորդ փուլ մը յուլիս 8-ին կազմակերպելու վերաբերեալ: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդին կուսակցութեան թեկնածու Ինճէ ընտրութենէն 24 ժամ ետք իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդունեց պարտութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Էրտողան ո՛չ թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար, այլ ամբողջ Թուրքիոյ եւ բոլոր թուրքերուն նախագահը կը դառնայ:

Էրտողանի այս յաղթանակը որոշ հարցականներ կը գծէ կարգ մը ներքին եւ արտաքին գործօններու եւ տուեալներու շուրջ, որոնց ամբողջութիւնը` իբրեւ մէկ փաթեթ, վստահաբար իր բաւական մեծ ազդեցութիւնը եւ հետեւանքը պիտի ունենայ Թուրքիա-արտաքին աշխարհ յարաբերութիւններուն եւ կապերուն հոլովոյթին ու ճակատագիրին վրայ:

Թուրքիա, իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ հետեւաբար միջինարեւելեան ռազմաքաղաքական բաւական բարդ դրութեան մը մէջ` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բնական դաշնակից, ունի բաւական կեդրոնական դերակատարութիւն շրջանի տագնապներու լուծման կամ դիմակալման հոլովոյթներուն մէջ, ուր բնականաբար Սուրիոյ տագնապը եւ Գաղթականներու հոսքը դէպի Արեւմտեան Եւրոպա կը կազմեն գլխաւոր թղթածրարները: Միացեալ Նահանգներ յատկապէս` ունին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ բաւական բարդ յարաբերութիւններ, որովհետեւ մէկ կողմէ բնաւ չեն կրնար մեկուսացնել Թուրքիան` Սուրիոյ տագնապին լուծման ճիգերէն, իսկ միւս կողմէ ալ, մեծ անհանգստութեամբ կը հետեւին Թուրքիա-Ռուսիա մերձեցման, որուն ճարտարապետը Էրտողանն է: Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան քաղաքականութեան բաղկացուցիչները թրքական խաղաքարտեր ունին, եւ երբ Էրտողան, այս իրողութիւնը լաւապէս հասկնալով, Ռուսիոյ հետ մերձեցման քայլերու կը դիմէ, ամերիկեան դժգոհութիւնը երեւան կու գայ իր ամբողջ ուժգնութեամբ:

Թուրքիա Արեւմտեան զինակցութեան մէջ իւրայատուկ երեւոյթի մը վերածուեցաւ, երբ առանց իսկ տատամսելու դիմեց Ռուսիոյ եւ պետական վարկ ալ դասաւորելով` ձեռք ձգեց «Էս- 400» տիպի գերարդիական միջցամաքամասային հրթիռներու համակարգը` խոր ընդվզում ստեղծելով Ուաշինկթընի մէջ: Էրտողանի այս քայլին նախորդած էր ռուսական ներդրմամբ Թուրքիոյ առաջին կորիզային կայանին կառուցման ծրագիրը, որ Ռուսիան կը վերածէ թրքական ուժանիւթի մարզին մէջ կարեւոր գործընկերոջ մը:

Այս ենթահողին վրայ նաեւ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել այն կազատարներուն, որոնք կասպեան եւ ազրպէյճանական բնական կազը Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա կը հասցնեն, եւ որոնք բնական կազի շուկային մէջ Ռուսիոյ մենատիրութեան վերջ տալու ճիգեր են, որոնք դարձեալ Էրտողանի ուժանիւթի քաղաքականութեան դրսեւորումներ են:

Ռուսիոյ նկատմամբ թրքական այս քաղաքականութիւնը կը բխի շրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն նկատմամբ Անգարայի պատկերացումներէն եւ ակնկալութիւններէն, որոնց շարքին է Արցախի հիմնահարցը ի նպաստ Ազրպէյճանի լուծելու Անգարայի հարաւային կովկասեան քաղաքականութիւնը:

Հիմա որ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան բաւական լայն լիազօրութիւններով պիտի սկսի նախագահի իր պաշտօնավարութեան երկրորդ հնգամեայ ժամանակաշրջանին, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ իրենց դէմ` յանձին Էրտողանի, պիտի ունենան ղեկավար մը, որ ներքին իմաստով բռնատէրի մը բոլոր ձգտումները եւ դրսեւորումները ցուցաբերած է, իսկ արտաքին իմաստով ալ տարբեր ուղղութիւններու վրայ կը ջանայ գործնապէս դրսեւորել եւ վերակենդանացնել նախկին օսմանեան կայսրութեան մը քաղաքական ազդեցութեան եւ հեղինակութեան ծիրին վերահաստատման ճիգերը: Թուրքիա այս իմաստով ալ բաւական լուրջ մարտահրաւէր մըն է Արեւմուտքին համար:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամենազօրն Ու Ամենակալը

Յաջորդը

«Ժողովրդավարութիւնը Պարտուեցաւ»

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?