Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամենազօրն Ու Ամենակալը

July 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թուրքիան կ՛ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս նախագահական համակարգով բարձր կը մնայ մեր երկիրը` քայլ պահելով ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ», յայտնեց Թուրքիոյ նորընտիր, կամ աւելի ճիշդը` վերընտրուած նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը, յունիս 24-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները հազիւ աւարտած:

Թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս խօսքը եւ սուլթանամէտ եւ անհատի վրայ կեդրոնացած գործելաձեւը բաղդատել ժողովրդավարութեան հետ…: Այդ մէկը հաւանաբար շատ աւելի մօտէն գործի պիտի լծէ արդէն իսկ բազմազբաղ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները:

Յստակ էր, որ Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները մեծ անակնկալներ պիտի չստեղծէին: Բոլոր դէտերուն համար սպասելի էր, որ սուլթանամէտ Էրտողանը պիտի տիրանար յաղթանակին, նոյնիսկ առանց երկրորդ հանգրուանի ընտրութեան առիթ տալու: Անցեալ ապրիլ 16-ին արդէն իսկ թուրք ժողովուրդը մեծամասնութեամբ «այո՛» քուէարկած էր ի նպաստ նախագահական համակարգին, պարտութեան մատնելով «ո՛չ»-ը, այսինքն` խորհրդարանական համակարգը, որ անցաւ Թուրքիոյ անցեալի պատմութեան:

Ոչինչ փոխուած է, համեմատած` անցեալ ապրիլի «այո՛» թէ «ո՛չ», այսինքն` նախագահակա՞ն, թէ՞ խորհրդարանական համակարգի  ընտրապայքարին: Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, իր կողքին ունենալով ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, կը շարունակէ վայելել բաւական մեծ ժողովրդականութիւն` ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ յանդիման:

Սակայն, տեղին է նշել, թէ այս ընդդիմադիր կուսակցութիւնները սպասուածէն աւելի քուէներ կրցան ապահովել, եւ եթէ գործակցութիւն (ցայսօր անհաւանական)  մը կատարուէր, կրնար տարբեր արդիւնքներու յանգիլ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Մուհարէմ Ինճէն երեսուն առ հարիւրէն աւելի քուէ ապահովեց, իսկ գրեթէ երկու տարիէ ի վեր արգելափակուած Սալահետին Տեմիրթաշը, բանտէն պայքար մղելով, ապահովեց ութ առ հարիւրէն աւելի համեմատութիւն մը, իսկ դեռ աւելին` իր կուսակցութիւնը կրցաւ տասը առ հարիւրը գերազանցել` խորհրդարան մուտք գործելով:

Հուսկ, այս ընտրարշաւին համար Էրտողանի քարոզչական մեքենան աւելի քան 180 ժամ տրամադրեց, մինչդեռ Մուհարէմ Ինճէ` 15 ժամ, իսկ Սալահետին Տեմիրթաշ` միայն երեսուն վայրկեան…:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ո՞ւր Կրնան Հասնիլ Թուրքիոյ Նախագահին Նկրտումները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Պայքարը Պիտի Շարունակուի` Աշխարհիկ Կարգերու Պաշտպան Շրջանակներուն Կողմէ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.