ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
25 յունիս 2018-ին թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթի անգլերէն տարբերակի կայքը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ նոյն օրաթերթի յօդուածագիր Այտըն Էնկին կ՛ըսէր, թէ` «ժողովրդավարութիւնը պարտուեցաւ եւ քաղաքական իսլամականութիւնը յաղթեց»` անդրադառնալով 24 յունիսին տեղի ունեցած թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն:
Յիշենք, որ Էրտողան նախագահական ընտրութիւններուն յաղթեց քուէներուն 52,6 առ հարիւրը ստանալով, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) շահեցաւ քուէներուն 42,6 առ հարիւրը: Դաշնակցելով ծայրայեղ աջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ (վերջինս շահեցաւ քուէներուն 11,1 առ հարիւրը), անոր հետ կազմեց «Ժողովուրդին դաշինք»-ը: Անոնք միասնաբար կազմեցին խորհրդարանի 53,7 առ հարիւրը` 600 հոգինոց խորհրդարանին մէջ ապահովելով 344 աթոռ:
Էնկին վերոնշեալ տեսանիւթին մէջ դիտել կու տայ. «Անհաշտելիօրէն հակասութիւն կայ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքական իսլամականութեան միջեւ. մենք կը խօսինք երկու մտապատկերներու մասին, որոնք չեն կրնար միասին գոյութիւն ունենալ: Ձեռք ձգելով նախագահութիւնն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, քաղաքական իսլամականութիւնը Թուրքիոյ մէջ յաղթանակ յայտարարեց: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան որոշ փորձեր, որոնք դանդաղօրէն կ՛ընթանային, այլեւս աւելի արագ պիտի ընթանան եւ խորանան, որովհետեւ հորիզոնը բաց է: Յառաջիկային անոնք պիտի թափանցեն կրթական համակարգին մէջ եւ կերտեն կրօնամէտ ու ոխակալ սերունդներ: Անոնք պիտի փակեն ճամբան արեւմտաեւրոպական ժողովրդավարական օրինակներուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումին: Անոնք ոչ մէկ առարկութիւն ունին Մաասթրիխթի չափանիշներուն եւ Եւրոպական Միութեան տնտեսական սահմանադրութեան նկատմամբ: Սակայն Քոփենհակընի չափանիշները, որոնք հիմնուած են ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն վրայ, անոնց համար մղձաւանջ են եւ անոնց վերջ կը դնեն: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութիւնը այս հարցին շուրջ: Անիկա չ՛ուզեր Թուրքիոյ նման շուկայ մը կորսնցնել: Սակայն տեղի ունեցածը չափազանց դժուար է Թուրքիոյ մէջ ապրող մարդոց եւ մանաւանդ անոնց համար, որոնք կողմնակից են ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան: Չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ, բայց կը կարծեմ, թէ ասիկա շատ մութ ու վտանգաւոր ժամանակի սկիզբ է: Ընտրութիւններէն ետք մարդիկ կ՛ըսեն` «լաւ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ համար»: Ո՛չ, ասիկա լաւ չէ Թուրքիոյ համար»:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրարշաւներուն ընթացքին ցուցադրուեցան սուլթան Ապտիւլ Համիտի նկարները, նաեւ Էրտողան յաջորդաբար կրկնեց «Օսմանական ապտակ» բառը` ուղղուած թէ՛ իր ներքին եւ թէ՛ իր արտաքին հակառակորդներուն: Այս երկու երեւոյթները օսմանական համակարգի վերականգնման փորձեր կը նկատուին:
Այսպիսով, ինչպէս արեւի ճառագայթի պէս յայտնի է բոլորին, քեմալական աշխարհիկ ժառանգութիւնն ու քաղաքակրթական բարեկարգումները վտանգի տակ են Թուրքիոյ մէջ: Էրտողանի իրաւասութիւնները աւելցան, որպէսզի ան իրագործէ Թուրքիոյ իսլամականացման ծրագիրը: Աթաթուրքի կողմէ աշխարհիկացման ենթարկուած հաստատութիւնները այսօր բոլորովին իսլամականացման վտանգի տակ կը գտնուին, ինչպէս` բանակը եւ կրթական հաստատութիւնները, որոնք ժամանակին եղած են «աշխարհիկութեան ողնայար»-ը:
Անշուշտ, Թուրքիոյ լայնածաւալ իսլամականացումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի ու Հարաւային Ափրիկէի կրօնամէտ կուսակցութիւններուն վրայ (մանաւանդ «Իսլամ եղբայրներ»-ը), որոնց միշտ ալ թիկունք կանգնած է Էրտողանը:
Էրտողանի եւ անոր կրօնամէտ կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնները Թուրքիոյ մէջ պիտի ստեղծեն նաեւ այն կլիման, որ առիթ պիտի տայ կրօնամոլութեան աճին: Երեւոյթ մը, որ իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ ապրող ալեւիներուն վրայ, որոնք կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան 25 առ հարիւրը եւ իրենց խղճի ազատութիւնը մինչեւ օրս չէ ճանչցուած պետութեան կողմէ` անօրինական նկատելով անոնց աղօթավայրերը եւ ստիպելով ալեւի աշակերտներուն դասաւանդել կրօնը` սիւննիական չափանիշներով:
Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դերակատարութեան, անիկա պիտի ամրացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ազգայնականութեան կիրարկումը թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին մակարդակներու վրայ: Ներքին մակարդակի վրայ, աւելի պիտի ճզմէ քրտական շարժումը եւ շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արտաքին մակարդակի վրայ, Թուրքիան զօրավիգ պիտի կանգնի թուրքմեններուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ`լայնցնելով ռազմական միջամտութիւններու սահմանները (վերջերս Էրտողան արդէն յայտարարած էր ասոր մասին), պիտի խոչընդոտէ Կիպրոսի միացման բանակցութիւնները եւ Հայաստանի առջեւ նախապայման դնէ Արցախի յանձնումը Ազրպէյճանին` սահմանները բանալու համար:
Այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ Թուրքիան նաեւ կայուն վիճակի մէջ պիտի մնայ: Ան կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ քաղաքական զանազան հարցեր, որոնք կրնան մեծ դերակատարութիւն ունենալ, որեւէ դէպք կրնայ ստիպել վերստին արտակարգ ընտրութիւններ կատարել: