Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի
Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք: Եթէ նկատի ունենանք Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ: Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ...


















