ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ըստ յունական «Ի Քաթիմերինի» օրաթերթին, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր ծրագիրը` Յունաստանի աշխարհիկացման հոլովոյթին վերաբերեալ:
Ցիփրաս, որ տարի մը առաջ յայտնած էր իր հաւանութիւնը աշխարհիկ համակարգի ստեղծման, այս հոկտեմբերին իր ղեկավարած արմատական ձախ «Սիրիզա» (կրճատում` Ձախերու արմատական դաշինքին) կուսակցութեան ձեռամբ խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ պետութեան եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ բաժանման օրինագիծը:
Յունաստանի սահմանադրութեան երկրորդ բաժինի երրորդ յօդուածը կը նշէ. «Յունաստանի մէջ տիրական կրօնն է Յիսուսի արեւելեան ուղղափառ եկեղեցին»:
Յոյն ուղղափառ եկեղեցին աւելի քան հազար տարի եղած է յունական իրերայաջորդ իշխանութեանց գլխուն: Անիկա եղած է իշխանութեան համակարգի տարրերուն կողքին` բիւզանդական աշխարհակալ համակարգէն սկսեալ անցնելով դէպի ֆաշական «Հելլենական պետութիւն»-ը եւ ռազմապաշտ-բռնատիրական զինուորական խորհուրդի ժամանակաշրջանն ու խստամբերական տարիները: Սկսելով բիւզանդական աշխարհակալութեան ժամանակաշրջանէն, երբ եկեղեցին եւ յատկապէս ուղղափառ քրիստոնէութիւնը օգտագործուեցան իշխող տարրերուն կողմէ` գերութեան ենթարկելու եւ հպատակեցնելու այլ ժողովուրդները (ներառեալ` հայերը), առաւել եւս գաղութատիրութիւն հաստատելու համար: Բիւզանդական կայսրութիւնը, որ հիմնուած էր աստուածապետական համակարգին վրայ, ինքզինք կը նկատէր Աստուծմէ շնորհուած իշխանութիւն: Իշխանութիւն մը, որ գերիշխեց յունական աշխարհին ամբողջ միջնադարեան ժամանակաշրջանի ընթացքին, եւ անկէ ծնունդ առաւ աւատապետութիւնը Յունաստանի մէջ: Բիւզանդական աշխարհակալ, աւատապետական եւ աստուածապետական եռեակէն է, որ կղերական դասակարգը անցաւ իշխանութեան գլուխ եւ շարունակեց մնալ առանձնաշնորհեալ մինչեւ հիմա: Կղերական առանձնաշնորհալիութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ օսմանեան ժամանակաշրջանին, երբ միլլեթի դրութեան պատճառով յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորուեցան Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ, եւ անիկա դարձաւ յոյներու միակ ներկայացուցիչը: Միակ ներկայացուցիչի դերը խաղցան եկեղեցին ու կղերականութիւնը` մերժելով Ֆրանսական յեղափոխութենէն կամ որեւէ այլ յեղափոխական շարժումէ ազդուած ամէն տեսակի գաղափար: Այսպիսով, ձեռք-ձեռքի տուած օսմանեան իշխանութիւններուն հետ, յունական եկեղեցին (ինչպէս նաեւ` այլ ազգութեանց կրօնական հաստատութիւններ) դարձաւ ստրկացման խորհրդանիշ:
Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, երբ Յունաստանը գրաւուեցաւ նացիական Գերմանիոյ կողմէ, նացիներուն համակիրները հիմնեցին «Հելլենական պետութիւն»-ը (1941-1944), ուր ուղղափառ եկեղեցին յայտարարուեցաւ պետական կրօն եւ շարունակեց մնալ ֆաշականութեան կողքին: Անշուշտ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ֆաշականութեան պարտութիւնն ու յոյն ժողովուրդին մէջ հակաֆաշականութեան աճը արգելք չդարձան, որ դարձեալ 1967-1974 տարիներուն ընթացքին ուղղափառ եկեղեցին ռազմական խորհուրդին կողմէ հաստատուած ռազմական բռնատիրութեան կողքին կենայ: Բռնատիրութիւն մը,որ արգիլեց խօսքի ու հաւաքի ազատութիւնները եւ ահաբեկումի ու բանտարկութեան ենթարկեց լայնախոհները:
Յոյն ժողովուրդին նկատմամբ եկեղեցւոյ վերջին բացասական կեցուածքը եղաւ 2015-ին, երբ Յունաստանի արքեպիսկոպոսը իր զօրակցութիւնը յայտնեց «Այո» ընտրարշաւին` ընդունելով Միջազգային դրամական ֆոնտի խստամբերական քաղաքականութիւնները, որոնք պատճառ դարձան Յունաստանի տնտեսական տագնապին ու ժողովուրդը մատնեցին անգործութեան եւ աղքատութեան:
Ըստ Ցիփրասին, եկեղեցին նոր օրինագիծով պիտի յարգուի եւ նկատուի իբրեւ պատմական ժառանգութիւն, սակայն ան պիտի անջատուի պետական մակարդակէն, մանաւանդ` պետական կառավարման եւ դատական մարմիններէն:
Հազարամեայ աւատապետական եւ աշխարհակալ համակարգէն ժառանգուած հաստատութեան մը անջատումը պետութենէն ընկերային յեղափոխութիւն կրնայ նկատուիլ: Ինչո՞ւ ընկերային յեղափոխութիւն, որովհետեւ եկեղեցին դարեր շարունակ դարձած էր առանձնաշնորհեալ իրաւունքներու տէր եւ մաս կազմած էր ամէն տեսակի բռնաճնշիչ համակարգերուն` աստուածապետականէն սկսեալ մինչեւ աւատապետականը, ֆաշականը, ռազմապաշտ-բռնատիրականն ու նոր-ազատականը:
Եթէ հոկտեմբերին յաջողի աշխարհիկացման օրինագիծի որդեգրումը, անիկա մեծ յաղթանակ պիտի նկատուի եւ յունական փիլիսոփայութեան, ժողովրդավարութեան 19-րդ դարու յեղափոխութեան հոլովոյթի շարունակութիւն:
Յատկանշական պիտի նկատուի Յունաստանի աշխարհիկացումը, որովհետեւ անիկա տեղի պիտի ունենայ առանց արիւնահեղութեան, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ օրինական միջոցներով:Անոր յաջողութիւնը կը նկատուի «պետութեան եւ հասարակութեան արդիականացման համար տարրական կարեւոր քայլ», ինչպէս որ ըսած էր Ցիփրաս: