Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարերը Գլորեցան Եւ Իրենց Տեղերը Գտան

July 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ պատմութեան մէջ 9 յուլիս 2018 թուականը յատկանշական տեղ մը ունի: Վերջ գտած է խաբկանքներու շրջանը, եւ իրողութիւնը յստակացած` ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով:

Այդ օր նախագահ Էրտողան երդում կատարեց եւ ստանձնեց երկրի մենատիրութեան իրաւասնութիւնը: Նոյն օրը ան յայտարարեց նախարարաց խորհուրդը, որ պիտի ծառայէր ո՛չ թէ հին հասկացողութիւնով կառավարութեան մը հանգամանքով, այլ պիտի կատարէր նախագահ Էրտողանի պատուէրները: Ճիշդ ալ այս պատճառով նորընտիր նախարարները ընդհանրապէս զուրկ են քաղաքական հեղինակութենէ եւ չունին իրենց ուրոյն հեռանկարները: Անոնք պաշտօնի եկած են իրենց գործի փորձառութիւնը նախագահին մատուցելու համար:

Անցեալին ոստիկանապետ մը խոստովանելով` կ՛ըսէր. «Յանցագործ աշխարհի մէջ ամէն ոք իր զբաղումին համապատասխան ոստիկան բարեկամներ կ՛ունենայ: Ան, որ պիտի զբաղի թմրանիւթերու առուծախով, պարտաւոր է բարեկամներ ունենալ նարքօ-ոստիկաններու շրջանակէն: Ան, որ պիտի զբաղի կնավաճառութեամբ, պարտի բարեկամանալ բարոյական յանցանքներու բաժինի ոստիկաններուն հետ: Ան, որ իր ասպարէզին բերմամբ յաճախ պիտի դիմէ մարդասպանութեան, պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ անվտանգութեան ծառայութեան անձնակազմին հետ»:

Ակամայ կը յիշեմ նախկին ոստիկանապետի այս խոստովանութիւնը, երբ կը պարզուի նոր նախարարներու անունները եւ աշխատանքի մարզերը: Արդարեւ, զբօսաշրջութեան նախարարը դեռ մինչեւ երէկ կը գլխաւորէր երկրի կարեւորագոյն զբօսաշրջութեան ընկերութիւններէն մէկը: Առողջապահութեան նախարարը սեփականատէրն է սեփական հիւանդանոցի մը: Նոյնպէս` կրթութեան նախարարը սեփականատէրն էր դպրոցի մը: Այս պատկերը նաեւ կը պարզէ, թէ նոր կառավարութիւնը ի՛նչ տեսակ ներդրումներ պիտի ունենայ բոլոր այս մարզերէն ներս: Մանաւանդ յիշենք, որ անցեալին երկրի հանրային կարծիքը մեծ, շա՛տ մեծ պայքար տարած է առողջապահութեան կամ կրթութեան ոլորտներու յատուկ անձերու շահի աղբիւրը ըլլալուն դէմ:

Իսկապէս ալ Թուրքիոյ որդեգրած նոր վարչաձեւին մէջ, շնորհիւ նախագահի յանդգնութեան, քարերը գլորած եւ գտած են իրենց տեղերը: Անցեալին ալ ամբողջ համակարգը կառուցուած է ճիշդ ալ այս մեծ գումարներով ներդրում ընող եւ ապա հասարակութեան միջոցները շահագործող դրամատէրերու ի նպաստ: Բայց ոչ ոք համարձակած էր այդ խաղը այսքան բաց խաղալու: Ձեւականը ուրիշ բան էր, երեւոյթը` ուրիշ: Հիմա վերացած է այս երկուքին միջեւ ձեւական պատնէշը, եւ ամէն ինչ գտած` իր յստակ իմաստը: Անցեալին այս բոլորին նկատմամբ անտարբեր մնացողներու այսօրուան ճիչն ու աղաղակը շատ ալ իրաւացի չէ: Պարտինք տեսնել եւ խոստովանիլ իրողութիւնը: Թուրքիա որպէս երկիր իր նախընտրութիւններուն թելադրած արդիւնքին հետ առերեսուելու պարտաւոր է: Միամտութիւն է «մենք այսպէս չէինք յուսացած» ըսելը: Արդէն չէի՞նք գիտեր, թէ ով` որու խնամին է, կա՛մ որո՛ւ գործակատարը: Անշուշտ գիտէինք, բայց կը սիրէինք չգիտցած երեւիլ: Բայց ո՛չ, այդ իրաւունքը այլեւս չեն տար: Ամէն ոք պարտի իր գործած մեղքին պատիժը հատուցել: Թագաւորութիւն կոչուածը միայն հերոսապատում կարծողները հիմա թող առերեսուին իրենց իսկ ձեռքերով հիմնուած թագաւորութեան հետ, իսկ մենք, գալով մեզի, պիտի բաժնենք մեր իսկ ժողովուրդի նախասիրութեան հետեւանքը: Եւ անշուշտ` ոչ առաջին անգամ:

[email protected]

 

Նախորդը

5 Տարբեր Շրջաններ, Մէկ Լեռ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կը Պահանջէ Իշխանութեան Դէմ Կենալը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.