Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Շուրջ. Զգո՛յշ, Չիյնանք Թակարդին Մէջ

July 21, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հանդարտ, բայց ըստ էութեան ծրագրուած նախապատրաստութիւններէ ետք, վերջին օրերուն հրապարակ նետուեցաւ հաշիշի մշակումը օրինականացնելու գաղափարը եւ շատ արագ կերպով արտայայտութիւն գտաւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու մօտ, թէ՛ լրատուական միջոցներու եւ թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ:

Տասնամեակներ ամբողջ այս բոյսին եւ անոր արտադրութիւններուն վնասակար բնոյթը մոռացութեան տալով` այսօր յանկարծ անոր մշակումն ու բժշկական նպատակներով գործածութեան արդիւնաւէտութիւնը հրապարակ նետելով տարբեր շրջանակներ հազարումէկ աղբիւրներէ ջուր բերելով կը փորձեն զայն արժանացնել ժողովրդային ընդունելութեան:

Բժշկական օգուտի կողքին բնականաբար առաջ կը քշուի նաեւ անոր նիւթական առաւելութեան բաժինը, որ թէ՛ կը բարելաւէ հաշիշ մշակողներու տնտեսական վիճակը եւ թէ՛ յաւելեալ մուտքեր կ՛ապահովէ պետութեան:

Անշուշտ միաժամանակ լիբանանցի ժողովուրդին բազկերակին ծանօթ ըլլալով առաջ կը քշուի նաեւ այն, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական պետութիւններ վաղուց արդէն հաշիշի գործածութիւնը բժշկական մարզին մէջ օրինականացուցած են ու մինչեւ իսկ զայն կը նկատեն օգտակար:

Ու կը մոռցուին հետեւեալները.

Պետութեան անկարողութիւնը հաշիշի ու անոր արտադրութիւն-եղբայրներու մշակումի ու մաքսանենգման արգիլման:

Տասնամեակներ ամբողջ տարբեր վարչակարգերու տակ արգիլուեցաւ հաշիշի մշակումը, փճացուեցան բերքերը, Լիբանան նկատուեցաւ թմրեցուցիչի արտադրման կեդրոն, ծրագիրներ մշակուեցան այլընտրանքային երկրագործական մշակումներու, այդ ծրագիրները չգործադրուեցան:

Եւ որովհետեւ պետութիւնը անկարող է արգիլելու, ուրեմն յարմարագոյն ձեւը կ՛ըլլայ օրինականացնել անօրինականը:

Եւ որովհետեւ գիւղացին ու մշակը նիւթական դժուարութիւններու մէջ են, եւ պետութիւնը տնտեսական տագնապ կ՛ապրի, ուրեմն գտնենք հակաօրինական ու մարդաքանդումի ձեւեր` ապահովելու համար պիւտճէական բացը:

Ու մանաւանդ որովհետեւ արեւմուտքը օրինականացուցած է հաշիշի օգտագործումը, մենք պարտինք կապկել այս արդիականացումը եւս` մոռնալով, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ ընկերութեանց մէջ ընտանիքի, զաւակներու եւ առհասարակ մարդու բարոյական եւ արժէքային սկզբունքներու քանդումին հետեւանքով:

Ուրեմն, օրինականացնենք այսուհետեւ ամէն ինչ, որ չենք կրնար արգիլել:

Օրինականացնենք ամէն ինչ, որ նիւթական կ՛ապահովէ:

Կապկենք արեւմուտքը իր ձեւով ու խորքով` առանց տարբերութիւն դնելու լաւին ու վատին, դրականին ու բացասականին միջեւ:

Եւ դեռ, կրնանք ճառել մարդկային իրաւունքներու մասին: Վերջին հաշուով կրնայ ըսուիլ, որ հաշիշի ու թմրեցուցիչի գործածութիւնը մարդու իրաւունքի եւ ազատութեան խնդիր է:

Ու վերջապէս, մոռնանք մեր արժէքները:

Մոռնանք, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ մեր զաւակներուն:

Հարց չտանք, թէ ինչպէ՞ս յանկարծ եւ որո՞ւ որոշումով վնասակար նկատուած հաշիշը օգտակար դարձաւ:

Հարց չտանք, թէ մաքսանենգութիւնը, հաշիշի մշակումը արգիլելու անկարող պետութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օրինականացումի ճամբով  երաշխաւորել հաշիշը զուտ բժշկական նպատակներով օգտագործելու եղանակը:

Հարց չտանք, թէ ո՞ր մաֆիաները պիտի օգտուին այս որոշումէն եւ ո՞ր պետութիւնները պիտի շահագործեն զայն` վաղը քանդուած, ապաքաղաքականացած, ապազգայնացած ու հիւանդկախ երիտասարդներու բանակ մը ստեղծելով:

Մատիտի հարուածներով կարելի չէ ժողովուրդին ու հայրենիքին ճակատագիրին հետ խաղալ:

Ո՛չ ալ կարելի է սերունդներ քանդել ժողովրդահաճոյ, նիւթական շահերու հետամուտ կեցուածքներով եւ նախաձեռնութիւններով:

Մարդը տակաւին արժէք է Լիբանանի մէջ:

Փտածութեան դիմագրաւումը հաշիշի մշակման օրինականացումով չէ, որ կը կատարուի:

Չքանդե՛նք արժէք նկատուող մարդը Լիբանանի մէջ:Չքանդե՛նք գալիք սերունդներուն ապագան:

Զգո՛յշ, չիյնանք թակարդին մէջ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար, Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Յաջորդը

Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.